Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լաւրովի Եւ Մամետեարովի Պատկերացումները Համահունչ Կը Թուին

Դեկտեմբեր 10, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ա. Ա.

Սլովաքիոյ մայրաքաղաք Պրաթիսլաւայի մէջ կայացած` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Զոհրապ Մնացականեանի եւ Էլմար Մամետեարովի տեսակցութեան զուգահեռ, Մամետեարովի տարածած փաստաթուղթը` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծման վերաբերեալ Պաքուի իշխանութիւններուն պատկերացումներուն եւ ակնկալութիւններուն մասին, կը թուի համաձայնուած ըլլալ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ, որուն երկուշաբթի Պաքուի մէջ կատարած յայտարարութիւններուն ոգին ներկայ է Մամետեարովի փաստաթուղթին մէջ:

Լաւրով նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ իր տեսակցութենէն ետք յայտարարեց, որ ի վերջոյ Լեռնային Ղարաբաղի հայ եւ ազրպէյճանցի բնակիչները պիտի որոշեն, թէ ի՛նչ համակարգի եւ պայմաններու մէջ համատեղ պիտի ապրին,  աւելցնելով, որ Լեռնային Ղարաբաղի որեւէ լուծում պէտք է ընդունելի ըլլայ Ազրպէյճանի, Հայաստանի եւ Ղարաբաղի մէջ ապրող մարդոց կողմէ: Ան նաեւ ըսաւ, որ կարեւոր է Ղարաբաղի հայերուն եւ Ղարաբաղի ազրպէյճանական համայնքին անդամներուն միջեւ շփումները, որովհետեւ Ղարաբաղի ամբողջ բնակչութիւնն է, որ պիտի որոշէ, թէ այսուհետեւ ինչպէ՛ս կ՛ուզէ ապրիլ միասնաբար:

Լաւրով Պաքուի մէջ դարձեալ խօսեցաւ տագնապին լուծման փուլային տարբերակին մասին` մասնաւորաբար նշելով, որ նախ ուժերը պէտք է քաշուին սահմանային գիծէն, ապա գաղթականները պէտք է վերադառնան իրենց բնակարանները, նախ հինգ շրջաններուն, ապա` Ղարաբաղի մէջ:

Ուշադրութենէ չի վրիպիր Ռուսիոյ դիւանագիտութեան պետին կեցուածքներուն մէջ հայ գաղթականներու, օրինակ` Արծուաշէնի եւ Գետաշէնի բնակիչներուն, տունդարձի իրաւունքին ամբողջական անտեսումը եւ միայն շեշտադրումը` «Ազրպէյճանական հինգ շրջաններ, ապա` Ղարաբաղ ազրպէյճանցի գաղթականներուն դարձ»-ին գաղափարին, որ ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծման փուլային լուծման լաւրովեան պատկերացումներուն սեղմ տարբերակը: Յատկանշական է նաեւ, որ ոչինչ կ՛ըսուի արցախահայութեան ինքնորոշման արդար իրաւունքին մասին` ձգելով այն տպաւորութիւնը, որ ինքնորոշման իրաւունքի շեշտադրումը միայն Հայաստանի եւ Արցախի վերաբերող յանկերգ մըն է, որ շատ լսարան չունի միջազգային հանրութեան շարքերուն մէջ:

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը ապա Պրաթիսլաւայի հանդիպման ուղղուեցաւ` իրեն հետ ունենալով Պաքուի բանաձեւումը, ուր ոչ մէկ նորութիւն կայ եւ միակ նշելին Լաւրովի` Պաքուի մէջ կատարած վերջին յայտարարութեան ոգիին հետ համահնչութիւնն է: Այլ խօսքով, թէ՛ Լաւրով եւ թէ՛ Մամետեարով ընդգծեցին փուլային լուծման մը իրենց պատկերացումը, ուր ազրպէյճանական տարբերակին մէջ կը շեշտուի նաեւ, որ պայմաններուն ամբողջացումներէն ետք է, որ Պաքու համամիտ պիտի ըլլայ քննարկելու Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակին խնդիրը, բայց միայն` Ազրպէյճանի կազմին մէջ:

Փաստաթուղթը եւ Լաւրովի յայտարարութիւնը ոչ մէկ բան ունին ըսելիք հայկական կողմին իրաւասութեան, արդարացի իրաւունքին, հայ գաղթականներու տունդարձին, Արծուաշէնի եւ Գետաշէնի ազատագրման, եւ մանաւանդ` Արցախի կայացած հանրապետութեան սահմաններուն մէջ ապրող արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքին մասին, որ ինչպէս հողային ամբողջականութեան սկզբունքը, ամրագրուած է միջազգային օրէնքով:

Երբ այս երկու սկզբունքներուն արմատներուն քննութիւնը կատարուի, երեւան կու գայ իւրաքանչիւրին ճշմարտութեան եւ իրաւացիութեան ամբողջ խորքն ու էութիւնը: Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութեան ծիրին մէջ Լեռնային Ղարաբաղը իբրեւ ինքնավար մարզ կցուած ըլլալու իրողութիւնը ինքնին որոշակի կասկածներ կը յարուցէ Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութեան պահպանման տեսակէտէն, որովհետեւ հարց կը ծագի, թէ Արցախի տարածքը, իր ջախջախիչ մեծամասնութեամբ հայ բնակչութեամբ, ինչպիսի՞ պայմաններու պատճառով կցուած է Ազրպէյճանի: Եւ երբ ի մտի կ՛ունենանք Իլհամ Ալիեւի ողբն ու վայնասիւնը, թէ իր հօր` Հայտար Ալիեւի Մոսկուա փոխադրութիւնը կասեցուց Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ազրպէյճանցիներու բնակեցման հոլովոյթը, ապա պատկերը աւելի յստակ կը դառնայ, թէ ութսունական տարիներուն Պաքուի իշխանութիւնները կը շարունակէին եւ կը գործադրէին Լեռնային Ղարաբաղը հայաթափելու պետական ծրագիր մը, որուն դէմ վաթսունական թուականներուն հայաստանցի մտաւորականներ բազմիցս բողոք ներկայացուցած էին Մոսկուայի:

Խնդրին հետաքրքրական բաժինը այն է, թէ նոյնինքն Ալիեւ համոզուած է, որ Լեռնային Ղարաբաղը իրաւականօրէն, պատմականօրէն, քաղաքակրթօրէն եւ ժողովրդագրականօրէն հայկական դիմագիծ եւ պատկանելիութիւն ունի եւ իր հօր ճիգերը` ազրպէյճանցիներ բնակեցնելու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ` շրջանը հայաթափել եւ վերջնականացնել ազրպէյճանականացման հոլովոյթը, որ տարիներու վրայ երկարած` ծրագրուած քաղաքականութեան մը արդիւնքը պիտի ըլլար: Բայց երբ հաշիւները սխալ դուրս եկան, եւ արցախցիք ազատագրեցին իրենց հայրենիքը, ազրպէյճանական մուղամը վայնասիւն փրցուց: Այդ մուղամը Արցախի մէջ լսելու փափաք մը ունի Ազրպէյճանի առաջին տիկին Մեհրիպան Ալիեւան, որուն փափաքը այդպէս ալ… անկատար պիտի մնայ:

 

 

Նախորդը

Կեանքը Չի Սկսիր Խակ Մեսիաներով, Տիրապետել Հարազատ Լեզուին Եւ Յաճախել Մեծերու Դպրոցը

Յաջորդը

«Մեր Դժուարութիւններուն Մասին Հաւաքաբար Պիտի Խօսինք. Այս Օրերուն Իսկապէս Մէջտեղ Կու Գայ Ազգային Յանձնառու Մարդուն Վիճակը» Հաստատեց Հյդ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչ, Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի

RelatedPosts

Ստորագրութիւններ Յանուն (Ոչ)ինչի՞
Անդրադարձ

Ստորագրութիւններ Յանուն (Ոչ)ինչի՞

Օգոստոս 21, 2025
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Պատգամին Հետքերով

Օգոստոս 20, 2025
Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Հարեւանիս Շան Հաջոցը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Սիրտս Արդեօք Յանցաւո՞ր Է

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?