Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Եւ Դեռ Ժխտե՞լ…
«Պատմութեան հին էջերէն թշնամութիւն ստեղծելն ու նոր հարցեր յառաջացնելը ներկայ աշխարհին մէջ անընդունելի է եւ հեռու` ապագայի միասնական կառուցման տեսլականէն» ՌԵՃԵՓ ԹԱՅԻՊ ԷՐՏՈՂԱՆ ... Եւ դեռ այս բանաձեւը վաւերացուեցաւ` հակառակ Էրտողանի եւ իր հլու կամակատարներու Հայոց ցեղասպանութիւնը մերժող եւ դրժող 1915.gov.tr կայքի հաստատման, որուն դիմաւորող էջին վրայ տեղադրուած են այս խօսքերը, բնականաբար` սուլթանամէտ նախագահին նկարով: Յերիւրածոյ եւ խեղաթիւրող տեղեկութիւններով, փաստաթուղթերով,...


















