ՍՕՍԻ ՓՕԼԱՏԵԱՆ
Լիբանանի կիներու
ազգային խորհուրդի անդամ
Կնոջ նկատմամբ գործուած բռնութեան դէմ ամէն տարի կը կատարուի 16օրեայ արշաւ մը, որ կը սկսի 25 նոյեմբերին եւ կ՛աւարտի 10 դեկտեմբերին:
10 դեկտեմբերը կը զուգադիպի ՄԱԿի ճշդած «Մարդկային իրաւունքներու օր»ուան: Այս արշաւը սկսած է 1991ին եւ կը կատարուի ՄԱԿի անդամ տարբեր երկիրներու մէջ, կառավարական եւ ոչ կառավարական տարբեր շրջանակներու կողմէ:
Կիներու դէմ բռնութեան վերջ տալու նպատակով կայացած այս արշաւը ամէն տարի կը կատարուի որոշ թեմայի մը ներքեւ:
Այս արշաւը սկսած է, երբ Տոմինիքեան Հանրապետութեան մէջ բռնատէր Ռաֆայէլ Թրուճիլլօ բռնաբարեց, չարչարեց եւ սպաննեց Միրապել ընտանիքէն երեք քոյրեր, որոնք ըմբոստացած էին տիրող քաղաքական անհաճոյ պայմաններուն դէմ:
Այս դէպքը սարսափ եւ զարհուրանք պատճառած էր մարդկութեան:
Այս մասին 1994ին տպագրուած էր գիրք մը, իսկ 2001ին պատրաստուած էր ժապաւէն մը` «Թայմ աֆ տը պաթըրֆլայզ» խորագիրով: Ժապաւէնին մէջ հերոսներու դերեր ստանձնած էին լիբանանեան ծագում ունեցող հանրածանօթ դերասանուհի Սալմա Հայեք եւ դերասան Մարք Անթընի:
Այս տարուան արշաւին համար որդեգրուած էր հետեւեալ թեման. «Բռնութիւնը անընդունելի է, պաշտպանութիւնը իրաւունք է»: Լիբանան իր կարգին նշեց այս արշաւը` զայն պատշաճեցնելով երկրի պայմաններուն:
Նկատի ունենալով ներկայիս Լիբանանի ապրած ճգնաժամը, տագնապն ու անոր դիմագրաւած մարտահրաւէրները, այս արշաւը կատարուեցաւ ժողովրդային շարժումին հաւաքներուն ընդմէջէն:
Հաւանաբար շատեր հարց տան, թէ այս երկուքը ինչպէ՞ս զուգահեռ կ՛ընթանան: Սակայն եթէ պահ մը մտածենք, կը տեսնենք, որ ցուցարարներուն պահանջները, որոնք խորքին մէջ ժողովուրդին իրաւունքներն են, կը սկսին իրենց ցաւէն, տառապանքէն եւ անիրաւուած ըլլալէն, որ, այլ խօսքով, կը նշանակէ անուղղակի բռնութիւն:
Արդեօք անօթութիւնը եւ աղքատութիւնը, կնոջ համար թէ այր մարդու, մօր կամ քրոջ, բռնութիւն չե՞ն, երբ ան կը պայքարի իր ընտանիքին եւ զաւակներու օրապահիկը ապահովելու` այր մարդու կողքին կամ առանձին:
Արդեօք օրէնքներու որդեգրման ուշացումը կամ անհեթեթ մտայնութիւնը կնոջ դէմ բռնութեան ձեւ չե՞ն, երբ ան կը պայքարի վաղ ամուսնութեան դէմ, լիբանանեան քաղաքացիութիւնը իր զաւկին շնորհելու իրաւունքին համար, ինչպէս նաեւ` դատաստանական կարգ մը անիրաւ եւ անարդար օրէնքներու բարեփոխումին համար:
Արդեօք կնոջ տառապանքը` տնտեսական այս նեղ կացութեան մէջ, ինքնին բռնութիւն չէ՞, երբ ան իր զաւկին կրթաթոշակ չի կրնար ապահովել:
Արդեօք աշխատող այր եւ կնոջ միջեւ հաւասար ամսական աշխատավարձի չգոյութիւնը բռնութիւն չէ՞:
Արդեօք կենսոլորտային հարցերը, ջուրի պակասը, աղբերու կուտակումը ելեկտրական հոսանքի չգոյութիւնը, քաղաքացիական առօրեայի նուազագոյն պայմաններու ապահովումը, կնոջ դժուարութեան մաս չե՞ն կազմեր եւ բռնութիւն չե՞ն նկատուիր:
Եւ, վերջապէս, արդեօք պատերազմներու եւ կռիւներու պատճառով կնոջ անպատսպար եւ տկար կեցուածքն ու թշնամիներէն կրած հալածանքը ինքնին բռնութիւն չէ՞:
Այս բոլոր պահանջներուն, աւելի ճիշդը` իրաւունքներուն համար կինը այր մարդու կողքին կը մասնակցի ժողովրդային շարժումի բոլոր ցոյցերուն եւ հաւաքներուն` փորձելով բարեկարգումներ պահանջել եւ Լիբանանը վերածել աւելի լաւ միջավայրի մը:
Կարգ մը այլ երկիրներու մէջ ընկերային այս բարեկարգումին պատճառով կնոջ դերակատարութիւնը խաղաղութեամբ տեղի ունեցաւ, եւ ուստի կինը տնտեսական, քաղաքական եւ մշակութային մարզերուն մէջ մեծ յաջողութիւն արձանագրեց` այդ երկիրները վերածելով կենսունակ եւ աշխուժ երկիրներու:
Ներկայիս շարունակուող այս հաւաքներուն եւ ցոյցերուն ընթացքին լիբանանցի կնոջ դերակատարութիւնն ու գործօն մասնակցութիւնը ամէնէն հզօր եւ հեղինակաւոր պատկերը կը դրսեւորէ:
Ան բոլոր ճակատներուն վրայ հաշտարար է, խաղաղասէր, համերաշխ կեցուածք ունի, եւ անոր համար ալ բոլորը անոր առջեւ կը խոնարհին:
Լիբանանցի կիները ցուցարարներուն եւ ապահովութեան ուժերուն միջեւ վահան դարձան եւ իրենց իգական ու մայրական հոգիով ու մօտեցումով շատ անգամ կանխարգիլեցին բախումներն ու կռիւները: Կիները իրենց խելացի եւ համոզիչ բացատրութիւններով կրցան փոխանցել իրենց մտահոգութիւնները` երիտասարդ սերունդի յաջողութեան եւ բարօրութեան համար:
Յիշեցնենք նաեւ, որ ժողովրդային շարժումին կողմէ հիւսիսէն հարաւ Լիբանանի շուրջ մարդկային օղակ մը կազմելու գաղափարը եւս լիբանանցի կիներու մտայղացումն էր:
Այս իրականութիւնները կը բնորոշեն նաեւ ՄԱԿի թիւ 1325 բանաձեւը, որ կ՛անդրադառնայ պատերազմի եւ ճգնաժամի մէջ գտնուող երկիրներուն մէջ կնոջ ապահովութեան ու խաղաղութեան:
Այդ բանաձեւը դարձեալ եւ խստօրէն կը պահանջէ կնոջ ներկայութիւնն ու ներդրումը` համերաշխութեան, բարգաւաճման եւ ապահովութեան պահպանումի աշխատանքին մէջ:
Այս բանաձեւին հիման վրայ կինը պէտք է մեծ թիւով ներկայացուի բարձր պաշտօններու վրայ եւ գտնուի որոշումներ կայացնող սեղաններուն վրայ` քաղաքական եւ հասարակական գործու նէութիւնը դարձնելու աւելի արդիւնաւէտ:
Երբ լիբանանցի կինը այր մարդու կողքին կը գործէ, անոնք միասնաբար կը կերտեն նոր եւ բարգաւաճ Լիբանանը:
Լիբանանցի կնոջ իրագործումներէն ետք, ընկերութեան կողմէ անոր նկատմամբ հասկացողութիւնը պէտք է փոխուի եւ մարդ արարածներուն միջեւ հաւասարութիւնը դառնայ ընկերային արդարութեան յանգելու անհրաժեշտութիւն:
Քաղաքական փոփոխութիւններն ու կնոջ ներգրաւումը ժողովրդային պահանջները աւելի եւս կը մօտեցնեն կառավարական առաջնահերթութիւններուն, ու այսպիսով կնոջ հզօր ներուժը կը ծառայէ երկրի զարգացման ու կեանքի որակի բարելաւման:
Յարգանք` Լիբանանի կիներուն: