«Նպատակին Մեր Ի Կէտ»
ԳԷՈՐԳ ԱԲՂՅ. ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ Դպրեվանքեան կեանքին ու պատմութեան ոսկեայ իննսունամեայ շղթան կազմուած է հոգեմտաւոր, հոգե-ընկերային եւ քրիստոնէական բարոյական արժէքներէ, հաւատաւոր աշխատանքէ եւ Աստուած-դպրեվանք սերտ յարաբերութեան սուրբ ու նուիրական գիտակցութեան ամբողջական ընթացքէ մը: Գիտակցական մօտեցում մը, որ աճեցաւ ու բեղմնաւորուեցաւ մեր անհատական ու հաւաքական փափաքներուն, տագնապներուն, ճիգերուն, բայց մանաւանդ մեր կենսանպատակին մէջ: Վերոնշեալ բոլոր երեւոյթներուն եւ արժէքներուն հետ մեր յարաբերութիւնը սկզբունքէն դէպի...




















