Իրողութիւն
ՔՐԻՍՏ ԻՍԿԷՆՏԷՐԵԱՆ Կ՛ապրինք ճգնաժամային տաժանելի օրեր: Համակ մարդկութիւնը կ՛ապրի դժուար օրեր: Եթէ 20-րդ դարը տեսաւ Համաշխարհային Ա. եւ Բ. պատերազմներ, ապա 21-րդ դարը այսօր կը տեսնէ պատերազմէ անդին, մետաղեայ զինուժէ անդին, պայթող ռումբերէ ու արձակուող փամփուշտներէ անդին, նահատակուող զինուորներէ անդին, յաղթանակ երազող հակամարտող ուժերէ անդին համաշխարհային եղելութիւն մը: Եղելութիւն մը, որ յետադարձ հայեացք մը նետել կու տայ 1918-ի 15 ամիսներու...




















