Անդրադարձ

Գարնանային

Օրհներգութի՜ւն Թող Ըլլայ…

ԹԱՄԱՐ ՏՕՆԱՊԵՏԵԱՆ ԳՈՒԶՈՒԵԱՆ - Չէ՜ մայրիկ,- ըսաւ ամուսինս՝ Յակոբը, դառնալով մօրս,- Թամարը մաքրութիւն ընել չի կրնար։ Հազիւ սկսի, ձեռքը գիրք մը կ՚անցնի, գրութիւն մը կ՚անցնի, մէկ կողմ կը դնէ ընելիքը, կը սկսի կարդալ. ժամեր կ՚անցնին, իմ բաժինս կը վերջացնեմ, ինք տակաւին նո՜ր պիտի սկսի։ - Գիտեմ, պզտիկուց այսպէս էր,- ըսաւ մայրս.- դասերը մէկ կողմ կը ձգէր, ուրիշ գիրքեր կը կարդար…։...

Քաղցրիկ Պուրճ-Համմուտ (2). Առաջին Դպրոցս

Քաղցրիկ Պուրճ-Համմուտ (2). Առաջին Դպրոցս

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ Պուրճ-Համմուտցի մանուկին համար դպրոցական ընտրութեան շատ տեղիք չկար, քանի ան  ձեւով մը կանխորոշուած աւանդոյթ էր. ամէն փոքրիկ ենթադրուած էր յաճախելու  իր թաղային վարժարանը, ուր կը գտնուէր նաեւ եկեղեցին. ասոնք միասնաբար կը կազմէին մէկ կալուած: Այսուհանդերձ այս կարգը կը խախտէր ի նպաստ  կաթողիկէ եւ որոշ չափով աւետարանական դպրոցներուն, ուր կը յաճախէին նաեւ առաքելական ընտանիքներու զաւակաները, մինչ հակառակ շարժումը գրեթէ...

Անդրադարձ.  Քիչ Մը Գիտութիւն՝ «Անհրաժեշտ Բայց Ոչ Բաւարար»-ի եւ «Ներազդող»-ի Մասին, Որ Հաւանաբար Կը Լուսաբանէ Հայաստանի Ներկայ Իրավիճակը

Անդրադարձ. «Ազդակ»-ի 5-րդ Առցանց Լսարանին Առիթով. «Պատմագրութիւն (Հայոց Եւ Այլոց). Գիտութի՞ւն, Ինքնութի՞ւն, Մեթոտաբանութիւն» – Բ.

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Հայոց Պատմութիւնը Պէտք Է Վերանայուի՝ Սրբագրելով Օտարին Կողմէ Կատարուած Բոլոր Խեղաթիւրումները Սանճեան անդրադարձաւ թրքական եւ ազերիներու կողմէ պատմութեան խեղաթիւրումներուն, որոնց պէտք է աւելցնել նաեւ, վերոնշեալ խորհրդայինը եւ նոյնքան կարեւոր՝ հրէական կամ սեմական ծագումով «պատմաբանները», որոնք յատկապէս նախաքրիստոնէական նաեւ, ընդհանուր պատմութիւնը առանց ապացոյցի կը յարմարեցնեն հին կտակարանի դրուագներուն, որուն գլխաւոր պատճառներէն մէկն է, 1948-ին Պաղեստինի մէջ ստեղծուած Իսրայէլ պետութեան...

Ակնարկ.  Կը Մերժուի Գրաքննութիւնը, Կ՛արտօնուի  Միջամուխ  Ըլլալը

Ակնարկ. Կը Մերժուի Գրաքննութիւնը, Կ՛արտօնուի Միջամուխ Ըլլալը

Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանին տուած հարցազրոյցի ընթացքին ներլիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւններուն գնահատական տալը նախադէպեր ունէր: Հիմա իրաւական դաշտ բերելու փորձ կը կատարուի միջազգային համաձայնագիրներով եւ Վիեննայի պայմանագրութեամբ ամրապնդուած դիւանագիտական ընդունուած կարգերու խախտումի հերթական երեւոյթ մը: Զգացական հակազդեցութիւն կամ պատահականութիւն չէ լիբանանցի քաղաքացիին կողմէ դատ յարուցելը եւ դատաւորին կողմէ այդ բողոքին ընթացակարգ որոշելը: Իրաւաչափ է նման բողոքի դատական իրաւակարգի որոշում կայացնելը:...

25-Ամեակէն Անդին.  Ի՞նչ Կրնանք Ընել

Ամէն Մէկս` Մարտիկ Հայ Դատի

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ Երբ կ’ըսես «հա՛յ եմ»` հայ ըլլալդ կը յայտնես, Հայ դատի մարտիկ ըլլա՛լդ կը բարձրաձայնես: Հայ դատը բոլորիս դատն է, բոլո՛ր հայերուս դատն է: Հայ ըլլալ կը նշանակէ դատ մը ունենալ, կը նշանակէ այդ դատին տէր կանգնիլ, ատոր գիտակցինք կամ ոչ: Հայ ըլլալը վերացական հասկացութիւն մը չէ, ո՛չ ալ պարզապէս ծագումի հարց մը: Ո՛չ ալ քաղաքացիութեան: Հայ ըլլալը յանձնառութիւն մըն...

Քաղցրիկ Պուրճ-Համմուտ

Քաղցրիկ Պուրճ-Համմուտ

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ 1.Դելլալ Պետրոս Մայիս 6-ի՝ Նահատակաց տօնին առթիւ մեր թերթերէն մէկը  գրած էր. «104 տարի առաջ Պէյրութի եւ Դամասկոսի մէջ կախաղան հանուեցան...արաբական  զարթօնքի մունետիկները»: Քմծիծաղով մը հարց տուի ես ինծի, թէ ո՞վ ինչ հասկցաւ,  քանի մունետիկին ի՛նչ ըլլալը գիտցող մնացա՞ծ է, մանաւանդ մունետիկ տեսնող եղա՞ծ է այս սերունդին մէջ, եւ եթէ այո՛, հապա ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս, քանի անոնք՝ մարդկային...

Շնորհակալութի՛ւն, Իմ Եւ Բոլորիս Ճեմարանին

Շնորհակալութի՛ւն, Իմ Եւ Բոլորիս Ճեմարանին

ՀՐԱՆԴ ԳԱԼԵՄՔԵՐԵԱՆ Շա՜տ յիշատակներ՝ ապրումներու թաթխելով, արձանագրած եմ Ճեմարան հոտող թուղթերուն, աւարտական դասարանի վերջին օրերուն եւ տարազաւոր կեանքի վայրկեանները հասցնելով էջերու եզերքին։ Նմանօրինակներ արտադրելու կիրքը չունիմ ա՛լ։ Հարկաւ, տարիներ շարունակ մտերմացած եմ Ճեմարանի վիթխարի պատերուն հետ եւ աճած անոնց թիկնեղ պատմութիւններով, անտարակոյս Ճեմարանիս 90-ամեակը սրտիս կ'առթէ արտայայտուիլ եւ կրկին յայտնել զգացումներ՝ այս անգամ ճեմարանաւարտի հպարտ գրիչով։ Դպրոցիս պատերէն ներս վայելած...

Վախճանման  21-րդ Տարելիցին Առիթով.  Յիշենք Բացառիկ Հոգեւորական Եւ Մեծ  Մտաւորական Երանաշնորհ  Գարեգին Ա. Կաթողիկոսը   (27 Օգոստոս 1932 – 29 Յունիս 1999)

Վախճանման 21-րդ Տարելիցին Առիթով. Յիշենք Բացառիկ Հոգեւորական Եւ Մեծ Մտաւորական Երանաշնորհ Գարեգին Ա. Կաթողիկոսը (27 Օգոստոս 1932 – 29 Յունիս 1999)

ՏՈՔԹ. ՍԱՐԳԻՍ ԱՏԱՄ 29 յունիս 2020-ին պիտի լրանայ Ամենայն Հայոց 131-րդ կաթողիկոս սիրեցեալ հոգելոյս  Գարեգին Ա. Սարգիսեան վեհափառի վախճանման 21-րդ  տարելիցը: Հայ ժողովուրդը 29 յունիս 1999 թուականէն ի վեր, ամէն տարի յունիս 29-ին խոր յարգանքով կը յիշատակէ ու կը խոնարհի անոր  խնկելի ու քաղցր յիշատակին առջեւ: Երանաշնորհ կաթողիկոսը ժողովուրդը խանդավառող եւ զայն իր կրօնական ու  ազգային հաւատքին մէջ  ամրացնող, հայաշխարհի...

Պէյրութի Վ. Թէքէեան Վարժարանը Ճակատագրական Հանգրուանի Առաջ

Պէյրութի Վ. Թէքէեան Վարժարանը Ճակատագրական Հանգրուանի Առաջ

Ամերիկայի Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը 60,000 Տոլար Կը Յատկացնէ Վարժարանին              Լիբանանի երբեմնի բարգաւաճ համայնքը այս օրերուն կը դիմագրաւէ գոյութենական լուրջ տագնապ: Սփիւռքի համայնքներու փոխ-օգնութեան սկզբունքով՝ մեր համայնքները պարտին ձեռք մեկնել Լիբանանի հայ համայնքին.  մանաւանդ որ այդ համայնքը տասնամեակներու ընթացքին մտաւորական, կրթական գաղափարական սնունդ մատուցած է Արեւմուտքի տկարացող գաղութներուն, կենսաւորելով անոնց վերապրումի պայքարը այլասերման դէմ: Վերջին տասնամեակներուն զգայացունց տագնապներէ անցաւ լիբանանահայութիւնը,...

Անդրադարձ.  Քիչ Մը Գիտութիւն՝ «Անհրաժեշտ Բայց Ոչ Բաւարար»-ի եւ «Ներազդող»-ի Մասին, Որ Հաւանաբար Կը Լուսաբանէ Հայաստանի Ներկայ Իրավիճակը

Անդրադարձ. «Ազդակ»-ի 5-րդ Առցանց Լսարանին Առիթով. «Պատմագրութիւն (Հայոց Եւ Այլոց). Գիտութի՞ւն, Ինքնութի՞ւն, Մեթոտաբանութիւն» – Ա.

Հայոց Պատմութիւնը Պէտք Է Վերանայուի՝ Սրբագրելով Օտարին Կողմէ Կատարուած Բոլոր Խեղաթիւրումները ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ 17 յունիս 2020-ին դոկտ. Արա Սանճեանի վերոնշեալ պատմագրութեան մասին հետաքրքրական ու այժմէական դասախօսութիւնը ունկնդրեցինք (1), (2): Շատ կարեւոր լսարան, քանի որ հայկական պատմագրութիւնը տագնապի մէջ է, եւ մնայուն կերպով խեղաթիւրումի զոհ կը դառնայ, նոյնի՛սկ հայ պատմաբաններու կողմէ`գիտակցաբար, կամ՝ ոչ: Պիտի անդրադառնամ լսարանէն բխած եւ անկէ դուրս Հայոց...

Ճեմարանի 90-Ամեակը, Քաղաքի Հայ Սքուլականի Աչքերով

Ճեմարանի 90-Ամեակը, Քաղաքի Հայ Սքուլականի Աչքերով

ՏԱՐՕՆ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ Այն անձի'քը որոնք ծանօթ են Լիբանանի նախա-քաղաքացիական պատերազմի օրերուն, վառ կերպով պիտի յիշեն թէ որքանո'վ այդ ժամանակաշրջանի Զոքաք Պլաթի Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարանը, և անկէ աշխարհագրականօրէն ո'չ շատ հեռու գտնուող Քանթարիի Հայ Աւետարանական Գոլէճը (իմա' Քաղաքի Հայ Սքուլը), իւրաքանչիւրը իր 800-1000 աշակերտութեամբ, իր ուսման բարձր մակարդակով, և այլ առաւելութիւններով կը գրաւէին Լիբանանի Հայ վարժարաններուն պատուանդանը(*): Անշուշտ, նո'յնպէս...

Հաշիւը Գիտցողը

Կիլիկիոյ Հայրապետին Նուիրուած 117 Տարեկան Մաղթերգի Հեղինակին Ծոռը, Արդարօրէն Հպարտ Է… Ձօն` Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ընտրութեան Եւ Օծման 25-ամեայ Յոբելեանին

ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ Առաջնորդ Ատրպատականի Հայոց Թեմի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, վեհափառ հայրապետին հովանաւորութեամբ տեղի ունեցող բոլոր հանդիսութիւններուն աւարտին, ինչպէս նաեւ վերջաւորութեան թեմերուն մէջ կայացող այն հանդիսութիւններուն, որոնց կը նախագահէ Կիլիկիոյ կաթողիկոսը, միաբերան կ՛երգուի «Ի վեհ բարձանց» մաղթերգը: Պարզունակ երգ մը, որ իր զինուորական քայլերգի նմանող հարուածային կշռոյթով, հպարտութեամբ կը փքացնէ երգողներուն եւ լսողներուն կուրծքն ու միանգամայն...

«Այդ Պանդուխտ Մասը Հայաստանի»

«Այդ Պանդուխտ Մասը Հայաստանի»

ՀՐԱՅՐ ԳԷՈՐԳԵԱՆ Անգութ էր հոլովոյթը։ Թէեւ ամէն ինչ շատ հաճելի սկսած էր հին շէնքի տանիքը ամրացուած խաղավայրին վրայ ու անոր յարակից դասարաններուն մէջ, ուր տիրական էր ջրաներկին հոտը, որուն շաբաթը անգամ մը կը շաղախուէր պարոն Սերոբին «բաժնած» լահմեճիւնի բոյրը։ Մեծ խանդավառութեամբ կը պատրաստուէինք ամավերջի հանդէսներուն, որոնց գերագոյնը պիտի ըլլար դեղին դասարանի հանդէսը, 1975-ի գարնան, որուն ընթացքին պիտի ստանայինք մեր վկայականները։...

Ի Շ Խ Ա Ն

Ի Շ Խ Ա Ն

ՏԻՐՈՒԿ ՄՆԱԿԵԱՆ-ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Ինը տարեկան էի: Մօրաքրոջս ձեռքէն բռնած, մտանք դարպասէ մը: Մուտքին՝ պահակի նման ծերունի մը նստեր էր եւ հանդարտ, անժպիտ, կը բարեւէր բոլորին: -Ահա՛ նոր դպրոցդ ,- ըսաւ մօրաքոյրս հպարտութեամբ: «Դպրո՞ց, թէ՞ հանրային պարտէզ,- կը մտածէի ես. - այս ինչ լա՜յն բակ է», զարմացած կը դիտէի շուրջս, բարձր ծառերու տակ փայտէ նստարաններ, բակին մէջտեղ լայն ու կանաչ տարածութիւն, կաղնիներ...

Անդրադարձ.  Քիչ Մը Գիտութիւն՝ «Անհրաժեշտ Բայց Ոչ Բաւարար»-ի եւ «Ներազդող»-ի Մասին, Որ Հաւանաբար Կը Լուսաբանէ Հայաստանի Ներկայ Իրավիճակը

Ակնարկ. Պատասխանատուութեան Զգացում Եւ Անհատական Ու Ազգային Արժանապատուութիւն

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Վերջերս լուսանկար մը տարածուեցաւ համացանցին մէջ, ուր, ըստ աղբիւրին, կը տեսնենք Ճաբոնի ուժանիւթի նախարարը, խոնարհած դիրքի մէջ, եւ ըստ նոյն աղբիւրին, ան 20 վայրկեան այս դիրքով խոնարհած է, քանի որ պզտիկ գիւղի մը մէջ ելեկտրական հոսանքը 20 վայրկեան ընդհատուած է: Այս նկարին մասին մեծ թիւով կասկածողներ եղան, հաւանաբար իրաւացիօրէն, սակայն ինչո՞ւ շատեր հաւատացին եւ ես ալ կրնամ հաւատալ,...

Իննսնամեայ Պատանին

Իննսնամեայ Պատանին

ՍԱՐՕ ԹՈՆԴԵԱՆ «Համազգային»ի Ճեմարանը լոկ քարաշէն կառոյց մը չէ. ոչ ալ` դասական ու սովորական կրթական հաստատութիւն մը: Ճեմարանը ոգեշնչող ապրող էակ մըն է, որ վերստին ծնունդ կ'առնէ, ամէն անգամ, որ երեխայի մը ծնողքը իրենց հոգեհատորին դաստիարակութիւնը խոհեմօրէն կը վստահին մեր ինքնուրոյն Դարբնոցին: Արդարեւ, ա՛յն օրը երբ խնդրոյ առարկայ երեխան մուտք կը գործէ մանկամսուրի դռնէն ներս, անոր էութեան ու հոգեմտաւոր ներաշխարհին...

Ընկերական Մտորումներ-1

Ընկերական Մտորումներ-1

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ ՀՅ Դաշնակցութեան եւ ընդհանրապէս հայ կեանքի զանազան երեւոյթներուն անդրադառնալու համար, դաշնակցական անհատը մի՛շտ ալ իր քննարկումները, վերլուծութիւնները եւ արժեւորումները կը խարսխէ գաղափարական այն մեծ վաստակին վրայ, որ կուտակած է իր կուսակցութիւնը իր հիմնադրութենէն մինչեւ օրս: Անցեալը լոկ անցեալ չէ՛, ո՛չ ալ ինքնանպատակ հպարտանքի եւ ինքնասիրութեան ներշնչարան, այլ հարուստ կենսափորձ, որ կը շարունակէ մնալ ոգեշնչող ներկայութիւն` մեր հաւաքական կեանքի...

Անդրադարձ.  Քիչ Մը Գիտութիւն՝ «Անհրաժեշտ Բայց Ոչ Բաւարար»-ի եւ «Ներազդող»-ի Մասին, Որ Հաւանաբար Կը Լուսաբանէ Հայաստանի Ներկայ Իրավիճակը

Անդրադարձ. Լեւոն Տէր Պետրոսեան Իր Նախագահական Տարիներուն $153 Միլիոն Տոլար Յափշտակած Եւ Արտասահման Փախցուցած Է

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ «Ազդակ»-ի 8 յունիս 2020-ի թիով, Դերենիկ Մելիքեան «Կորոնայով Կամ Առանց Կորոնայի …» յօդուածին մէջ (1), կը մէջբերէ.«Իր պաշտօնավարման երկրորդ հնգամեան չաւարտած ՀՀ հրաժարեալ նախագահ Լ.Տ. Պետրոսեանի մօտ, սակայն, օրերս միտք յղացաւ բառացիօրէն յայտարարելու հետեւեալը.- «Կորոնավիրուսը պատերազմ է յայտարարել Հայաստանին: Պատերազմը վարելու բեռն ընկած է իշխանութեան ուսերին. ով պայքարում է իշխանութեան դէմ, կամայ, թէ ակամայ դաւաճանում է ազգին…»: Շնորհակալութիւն...

Շուշիի Ազատագրութեան  27-ամեակի Հանդիսաւոր Նշում

Փաշինեանի Քաղաքական Շանթաժը

ՄԵԼԻՔ ԳԱՐԱԳԱՒՈՐԵԱՆ Հայաստանի Հանրապետութեան վերջին ներքաղաքական իրադարձութիւններուն լոյսին տակ եկէք արձանագրենք, որ 2018-ին Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ խոստացուած իրաւական եւ ժողովրդավարական, սիրոյ եւ համերաշխութեան պետութիւն մը ունենալու երազանքը փաստօրէն տապալած է։ Թող ներող ըլլան բոլոր անոնք, որոնք 2018-ին ոգեւորութեամբ եւ խանդավառութեամբ կողմնորոշուեցան ի նպաստ Փաշինեանի` յանուն ժողովրդավար բարեփոխումներու, սակայն այսօր Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ափսոսանքով կ՛արձանագրենք, որ առկայ է ատելութիւն, վրէժխնդրութիւն, այլամերժութիւն,...

Ճեմարանի Հիմնադրութեան 90-ամեակ.   Հայրենիքը Օտարութեան Մէջ

Ճեմարանի Հիմնադրութեան 90-ամեակ. Հայրենիքը Օտարութեան Մէջ

ՍԵԴԱ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ-ԽՏԸՇԵԱՆ Եթէ երբեք նախնական ու համեստ բնութագրում մըն է դպրոց հասկացողութիւնը, ճեմարանը բաւարար է գոհացնելու ակադեմական որակումը 90-ամեայ կրթական այս օճախին, որ կոչուեցաւ  «Հայ  Ճեմարան» բառին իսկական տարողութեամբ ու  ամբողջացաւ ազգային գաղափարախօսական տարազումով։ Ճեմարանի հիմնադիրները փախեր էին սուրէն ու արհաւիրքէն եւ,  իրենց հոգիներուն մէջ հայրենի հողը կորսնցուցած ըլլալու դեռ  կոտտացող ցաւը զսպած, փառաւոր պատմութեան մը փոշիացող կսկիծէն մխացող հոգիներով ...

Page 386 of 807 1 … 385 386 387 … 807

Արխիւներ