Անդրադարձ

Ակնարկ.  Խաղաղապահական Հանգոյցը

Ակնարկ. Խաղաղապահական Հանգոյցը

Հոկտեմբերի 30-ին Սպիտակ տան ազգային անվտանգութեան խորհրդական Ռոպըրթ Օ՛Պրայընը յայտարարեց, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները կ՛առաջարկեն արցախեան հակամարտութեան գօտիին մէջ սքանտինաւեան  երկիրներէ խաղաղապահներ տեղակայել: Մինչեւ այդ` նախագահ Թրամփը իր նախընտրական արշաւի ընթացքին  բարձրաձայնած էր ծրագիրի մը  մասին` արցախեան հակամարտութիւնը դիւրութեամբ լուծելու խոստումով: Թրամփի յայտարարութեան նախորդած էր արտաքին գործոց նախարար Փոմփէոյի յորդորը հայերուն` պաշտպանողական արդիւնաւէտ մարտեր մղելու: Ամերիկեան խառն ուղերձներ, որոնցմէ դժուար...

Մինչեւ Ե՞րբ

Կարեւորը Տոկալն Է

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ Ճիշդ է, որ զոհեր ունինք, եւ այդ ալ` մեր լաւագոյն տղոցմէ զոհեր: Ճիշդ է, որ գիւղեր եւ դիրքեր կորսնցուցինք: Սակայն պատերազմը տակաւին չէ վերջացած: Պէտք չէ մտահոգուինք եւ ընդվզինք աշխարհի լռութեամբ: Փաստօրէն, աշխարհը միշտ ալ լուռ եղած է: Ճիշդ այդ պատճառով ալ ջարդերը կրկնուած են: Այս փուլին ամէնէն կարեւորը տոկալն է: Դիմանալն է: Միասնական եւ ամբողջական զօրակցութեամբ տոկալն...

«Արարատը» Չծախեցի

Վկայութիւն Մը. «Տեսէ՛ք, Թէ Ի՛նչ Ազգի Ժառանգորդներ Էք, Ի՛նչ Մշակոյթի Տէր Էք…»

ՅՈՎԻԿ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Երբ 1994-էն մինչեւ 2008 տարին քանի մը անգամ  գործի բերմամբ  Հայաստան եւ Արցախ կ՛այցելէի, առիթը չէի փախցներ շրջագայելու Հայաստանի եւ Արցախի ամէն մէկ անկիւն, ուր կային մեր պատմութեան հետքերը. չէի բաւականանար սոսկ շրջապտոյտի ելած անձի որոշ չափով մակերեսային, հապճեպ այցելութիւններով, այլ կ՛երթայի քիչ ծանօթ տեղեր եւ շրջաններ, նոր պեղուող տեղեր, նոր ազատագրուած տարածքներ` միշտ յարգելով տեղւոյն իշխանութեան օրէնքներն...

Ստացուած Գիրքեր.  «Բանասիրութեան Ուղեւորը` Դոկտ. Հայր Ներսէս Վրդ. Ակինեան (1883-1963) (Հեղինակ` Մեսրոպ Հայունի)

Ստացուած Գիրքեր. «Բանասիրութեան Ուղեւորը` Դոկտ. Հայր Ներսէս Վրդ. Ակինեան (1883-1963) (Հեղինակ` Մեսրոպ Հայունի)

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Անթիլիասի տպարանէն 2020-ին լոյս տեսաւ Մեսրոպ Հայունիի «Բանասիրութեան ուղեւորը` դոկտ. հայր Ներսէս վարդապետ Ակինեան (1883-1963)» հատորը: Գիրքը Գէորգ Մելիտինեցի գրական մրցանակի 101-րդ հրատարակութիւնն է եւ բաղկացած է 396 էջերէ: Բացատրականին մէջ Հայունի կ՛ըսէ, որ կենսագրական չէ այս աշխատութիւնը, այլ` դիւանային, պատմաքննական եւ աղբիւրագիտական շատ համեստ փորձ` հայր Ակինեանը դեռ աւելի լաւ ճանչնալու եւ դեռ աւելի լաւ ճանչնալ տալու:...

Նահատակ Կիմ Խաչատրեանի  Վերջին Հրապարակումը.  «Բախտը Մէկն Է Զինուորի` Կամ Մահ, Կամ Ազատութիւն»

Նահատակ Կիմ Խաչատրեանի Վերջին Հրապարակումը. «Բախտը Մէկն Է Զինուորի` Կամ Մահ, Կամ Ազատութիւն»

Հայկական բժշկական հիմնարկի 5-րդ տարուան ուսանող Կիմ Խաչատրեանը արդէն որոշ շրջան մըն է, որ առաջնագիծ էր, ուր մեկնած էր ՀՅԴ կամաւորական վաշտերէն մէկուն կազմին մէջ ընդգրկուելով: Շնորհալի, կեանքին մէջ ազգային արժէքներով ու աւանդութիւններով առաջնորդուող, հայրենիքը անսահման սիրող Կիմը ծնած է 17 մարտ 1995-ին` Վայոց Ձորի մարզի Արենի գիւղին մէջ: 2013-2015 ծառայած է Հայաստանի զինուած ուժերուն մէջ (Մեղրի): 5 հոկտեմբերին` Ուսուցիչի...

Ի՞նչ Լուր, Մեր Արցախէն

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Հակառակ անոր, որ բոլոր շուրջիններս, նոյնիսկ մօտիկ հեռու բարեկամներս, մեծով-պզտիկով իրենց տուներէն ներս ունին համակարգիչներ, արդիական հեռաձայներ, «այ բատ»եր, հեռատեսիլ եւ անոր տեղական ու հայկական գրեթէ բոլոր կայանները, սակայն ամիսէ մը ի վեր եւ գրեթէ ամէն օր եւ ամէն յարմար առիթով, «հալ-քէֆ» հարցնելէն առաջ, միշտ մտահոգ ձայնով հեռաձայնելով, գրեթէ սովորական դարձած նոյն հարցումները կը հարցնեն: Գիտեմ, որ միշտ տեսակաւոր փսփսուքներ կը հասնին բոլորին, հիւսիսէն-հարաւէն, հասկցողէն եւ չհասկցողէն, զիրար խաչաձեւող, ուրախ...

Մեր Խօսքը Թող Ըլլայ Հաստատ Ու Վճռակամ` Առանց Պատասխան Ակնկալելու

Մեր Խօսքը Թող Ըլլայ Հաստատ Ու Վճռակամ` Առանց Պատասխան Ակնկալելու

ՍԻԼՎԻ Հերթական առցանց դասապահը սկսաւ բոլորին համար սովորական, իսկ ինծի համար այդ օր... շատ ցաւոտ: Դիմացս համակարգիչս էր, իսկ ափիս մէջ հեռախօսս, որպէսզի հետեւիմ լուրերուն: Այդ օրուան համար ճշդուած գրաւորս յետաձգելու համար պաշտօնական դիմումս ընդունած էր դասախօսը` խնդրելով պատճառս: Հակիրճ բացատրեցի մեր պատերազմին մասին, պահի լրջութեան մասին եւ դեռ միայն օր մը առաջ կորսնցուցած ընկերոջս մասին... Եւ չուշացաւ պատասխանը: -...

Բախտակից Օրերը

Բախտակից Օրերը

ՅԱՍՄԻԿ ՀՐԱՉԻ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ Օրերը դարձան բախտակիցներ... Բախտակից հայի` վշտաբեկ, կորստաբեր, ցաւատանջ ու ցաւաբեկ... 1988թ. դեկտեմբերի 7... 2020 թ.  օգոստոսի 4... Մեծն եղեռնի պէս անընդհատ ծխացող, սրտի մրմուռի պէս մխացող... Լուրը սահմռկող էր, ահաբեկող... Անգամ պայծառատեսի համար մթաբեր, սրատեսի համար էլ` խաւար, անհաւատալի ու օտար: Հեռուստացոյցը մթագնում ու սեւանում էր աչքերս, մոռանում էի բառերը... Լիբանան ու Սիրիա պետութիւնները շղթայակապուել ու դարձել...

Արցախի Հանրապետութիւնը  Պիտի Մնայ Հայկական

Արցախի Հանրապետութիւնը Պիտի Մնայ Հայկական

ԱՐՇԱԿ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակի Պատասխանատու Սիրելի՛ հայրենակիցներ, Թուրքիա եւ Ազրպէյճան ոճրագործ պետութիւններու կողմէ սանձազերծուած ռազմական գործողութիւններու առաջին իսկ ժամերէն, ՀՅԴ երիտասարդականը իր ամբողջ ներուժով նետուեցաւ պայքարի առաջնագիծ` պատերազմի զանազան ճակատներու վրայ իր ներդրումը ունենալու: Այս գոյամարտը կը մղուի բազմաթիւ ճակատներու վրայ: Հասնելու համար ամբողջական յաղթանակի, պէտք է իւրաքանչիւր ճակատի վրայ գերազանցենք մենք մեզի: Այդ ճակատներն են. . Քաղաքական-յարաբերական...

Շնորհահանդէս «Նիւթեր ՀՅ Դաշնակցութեան Պատմութեան Համար» Ժգ. Հատորին.  (Խմբագիր` Երուանդ Փամպուքեան)

Եկէ՛ք Նոր Գիտակցութեամբ Շրջապատենք Հայ Դպրոցը

ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ Հակառակ մեր դիմագրաւած տեսակաւոր հարցերուն, տարուան այս եղանակին, բոլորիս հայեացքը դարձեալ պէտք է ուղղուի դէպի հայ վարժարան, որ այսօրուան կեանքի պայմաններուն մէջ ալ, պարտաւոր է իր աշխատանքին համար գտնել միջոցներ եւ շարունակել մեր ազգի մատղաշ սերունդի դաստիարակութեան սրբազան իր առաքելութիւնը: Անկասկած, կ՛ակնկալէինք, որ տարուան այս եղանակին, լիբանանահայ մեր վարժարաններուն մէջ տիրէր խանդավառ եռուզեռ:...

Ազգ Մը Ամբողջ Ոտքի

Ազգ Մը Ամբողջ Ոտքի

  ՍԻՐՈՒՆ ՍԻՍԵՌԵԱՆ-ՀԱՃԷԹԵԱՆ Հիմա, երբ ձեռքի հեռաձայնիս պզտիկ պաստառին վրայ աշխարհասփիւռ հայերու տարած աշխատանքները կը դիտեմ, ոգի ի բռին սխրալի քայլարշաւներ ու մայր հրապարակներու անդամալուծութիւն ու «խելագարուած ամբոխի» ծաւալուն, յորդ ու կատաղի գետը կը դիտեմ, աչքերս կ՛այրին, տեսողութիւնս կը պղտորի, բան մը կոկորդիս մէջ զիս կը խեղդէ, զօրաւոր զգացում մը, ահեղ մոլուցք մը կը ծնի մէջս: Այո՛... «Յաղթելու ենք», «Արցախը...

Կոմիտասը` Երաժշտութեան Ճամբով

Ծննդեան 161-Ամեակին Առիթով. ՀՅԴ Հիմնադիր Երրորդութենէն` Քրիստափոր Միքայէլեանի Կեանքն Ու Կենսագրական Գիծերը

ՆՈՒՊԱՐ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ Քրիստափոր Միքայէլեան եղած է պատմական Գողթն գաւառէն, ան ծնած է 18 հոկտեմբեր 1859-ին, Վերին Ագուլիսի մեծ գիւղը: Ան կանուխ հասակէն որբացած է, ինչպէս ինք կ՛ըսէ, «տրտում մանկութիւն ունեցած է»: Տկար կազմով, կաղ, բայց` ուշիմ ու խոհուն, եղած է արտակարգ ընդունակութիւններով օժտուած տղայ մը: Նախնական կրթութիւնը ստանալով իր ծննդավայրը` 1874-ին կը յաջողի անցնիլ Թիֆլիս եւ երկու տարի նախապատրաստուելէ ետք...

Ակնարկ.  Որպէսզի Զերծ Մնանք Փանջունիականութեան Մրցանակէ

Տոմս. «Թրքական Ապրանքները Շոգիացած Են…»

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Քանի մը վայրկեան առաջ տիկինս շուկայէն վերադարձաւ լայն ժպիտով մը եւ` - Քեզի լաւ լուր մը ունիմ,- նետեց, կարծես թէ թեթեւնալով: Արցախէն ու Հայաստանէն հասնող լուրերը աւելի քան մէկ ամիսէ ի վեր, բոլորիդ պէս, իմ ալ մտահոգութիւններս շերտ-շերտ լեռնացուցած են` նեղցնելով տեղը այլ մտահոգութիւններու: Ուրեմն կրնաք երեւակայել, թէ աչքերս եւ ականջներս ինչպիսի՜ լայնքով ընկերացուցի «խէ՞յր է» հարցումիս: -...

Իրենց Ստեղծագործական Ուղին Ճշդած Երկու Գեղանկարչուհիներ

Ռմբահարումը, Ռմբակոծումները եւ Խիղճը

ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ Քաոսի մէջն իսկ ելք կայ ... Սուն Ցու Ի տես մարդու անասնական բնազդներուն յագուրդ տուող վայրագութիւններուն, բարի նպատակներով տինամիթի ուժանակը ստեղծած ըլլալուն համար Ալֆրէտ Նոպէլը զղջաց ու խիղճի խայթ ունեցաւ: Ան իր ակամայ գործած «մեղքը» քաւելու համար համապատասխան մրցանակներ ստեղծեց` յանուն մարդու բարօրութեան ու աշխարհի խաղաղութեան: Այն բոլոր պատերազմները, մարդկային խժդժութիւններն ու աւերները, որոնք  տեղի կ’ունենան  մարդասիրական գաղափարներու...

Անդրադարձ.  Քիչ Մը Գիտութիւն՝ «Անհրաժեշտ Բայց Ոչ Բաւարար»-ի եւ «Ներազդող»-ի Մասին, Որ Հաւանաբար Կը Լուսաբանէ Հայաստանի Ներկայ Իրավիճակը

ՀՄԸՄ-ական Սկաուտ Հրայր Սողոմոնեանը

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Հրայրը փոքր տարիքէն կը ճանչնամ, երբ ինձմէ դասարան մը վար՝ Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարանի (Կ.Բ.Վ.) աշակերտ էր եւ ՀՄԸՄ-ի Պէյրութ Դ. շրջանի՝ Հայաշէնի սկաուտ, ես՝ Պէյրութ Բ., դրացի Էշրէֆիէյի սկաուտ: Յաճախ միացեալ , խանդավառ  ձեռնարկներ կ՛ունենայինք: 1. Առջեւի շարք, ձախէն երրորդը Հրայր Սողոմոնեան, առաջինը՝ Հայկ Մխճեան, սկաուտական խմբական արշաւի մը ընթացքին, հաւանաբար 1962-3: Վերջին անգամ 2018-ին տեսնուեցանք, ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի...

Առաջնորդ Սրբազան Հօր Ձեռամբ Հալէպահայ Քուէթաբնակ Բարերար Կիրակոս Գույումճեանի «Ներսէս Շնորհալի» Ուսումնական Մրցանակը Յանձնուեցաւ Պաքալորիայի Պետական Լրացուցիչ Քննութիւններուն Հալէպի Հայկական Վարժարաններուն Մէջ Բարձրագոյն Երեք Նիշերը Ապահովող Շրջանաւարտներուն

Առաջնորդ Սրբազան Հօր Ձեռամբ Հալէպահայ Քուէթաբնակ Բարերար Կիրակոս Գույումճեանի «Ներսէս Շնորհալի» Ուսումնական Մրցանակը Յանձնուեցաւ Պաքալորիայի Պետական Լրացուցիչ Քննութիւններուն Հալէպի Հայկական Վարժարաններուն Մէջ Բարձրագոյն Երեք Նիշերը Ապահովող Շրջանաւարտներուն

2019-2020 տարեշրջանին, երրորդ տարին ըլլալով Հալէպահայ քուէթաբնակ բարերար մտաւորական Տիար Կիրակոս Գույումճեան «Ներսէս Շնորհալի» մրցանակով կը շարունակէ քաջալեր հանդիսանալ հայկական վարժարաններուն 12-րդ կարգի առաջնակարգ այն ուսանողները, որոնք պետական լրացուցիչ քննութիւններուն առաջին երեք բարձրագոյն նիշերը կ'ապահովեն: Սրբոց Թարգմանչաց նուիրուած հոգեպարար շաբթուան մէջ, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի ձեռամբ յանձնուեցաւ Կիրակոս Գույումճեանին «Ներսէս Շնորհալի» ուսումնական մրցանակը:...

ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեսաուղերձը` ՀՅԴ 125-ամեակի առթիւ

Տարածաշրջանը` Հրի Բոցերում

ՀՐԱՆՈՒՇ ՅԱԿՈԲԵԱՆ Իրաւաբանական գիտութիւնների դոկտոր, պրոֆէսոր,  Հայաստանի Ազգային ժողովի անդամ` քսան տարուց աւելի,  ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան,  ՀՀ սփիւռքի հիմնադիր նախարար, Հայ կանանց միութեան նախագահ  Դիմում եմ բարի կամքի տէր մարդկանց, խորհրդարանների անդամներուն, իշխանութիւնների ներկայացուցիչներին Արդէն երրորդ անգամ տապալւում են Մինսքի խմբի համանախագահող երեք երկրների` Ռուսաստանի, Ֆրանսիայի եւ ԱՄՆ-ի ղեկավարների ջանքերով յայտարարուած հրադադարն ու զինադադարը: Չի յաջողւում կանգնեցնել Արցախին պարտադրուած դաժան պատերազմը, քանի որ գործուն ենք ՄԱԿի Ուխտերն  ու հռչակագրերը կոպտօրէն խախտող, ստանձնած միջազգային պարտաւորութիւնները չկատարող, իր...

Ճակատը Պահող Զինուորի Թիկունքին` Արցախէն Մինչեւ Հայաստան Եւ Սփիւռք

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Կասկած չկայ, որ թուրք-ազերիական վոհմակներուն եւ անոնց վարձկաններուն դէմ ահեղ մարտեր մղող հայ զինուորը ամուր կը զգայ իր թիկունքը: Բազում նահատակներու կեանքին գնով ճակատող, Սարդարապատները վերապրեցնող հայկական բանակը կը տեսնէ, որ ամբողջ ազգը դարձած է ժողովրդային բանակ, տարբեր հնարքներով կաթիլ-կաթիլ աջակցութիւն կը հասցնէ ճակատողին, գործնապէս կ՛ըսէ,  որ պիտի յաղթե՛նք: Աշխարհատարած հայութեան զօրակցական արարքները օր աւուր հասանելի են բոլորիս:...

Մահախօսական.  Մեծ Ընկերներէս` Վարդան Փայասլեանի Յիշատակին

Բանակը եւ Հայկականը…

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Ի՞նչ է երկրի մը բանակը: Առաջին հերթին՝ համախմբումն է երկրի մը զինուորագրեալ զաւակներուն, զէնքերով, ռազմական տուեալներով եւ զինամթերքներով: Այս հաշուով, երկրի մը բանակը յատուկ առաքելութիւն մը ունի զինք ստեղծող երկրի մը ժողովուրդին ու անոր ապրած հողատարածքի պահպանման նկատմամբ: Ան նաեւ կոչուած է  ամէն զոհողութիւններով պաշտպանելու նոյն այդ երկրին սահմանները եւ միաժամանակ փորձելով ապահովել անոր խաղաղութիւնը: Ուստի նշեալ երկրի բանակը, իր պատիւն ալ է: Բայց տեղին...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Մաղթանք

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Մաղթանք

ՀՌԻՓՍԻՄԷ ԿՏՈՅԵԱՆ Առիւծասիրտ քաջ Անդրանիկ Ճերմակ ձիուդ վրայ նստած Ֆետայիներ թեւերուդ տակ Սեբաստացի Մուրատ փաշան Կողքդ կանգնած քեզ օգնական, Կուրծք տուիր թշնամուն դիմաց Սաւառնեցաւ Պաքու, Արցախ: Շառաւիղիդ հետեւեցան, Աշխարհացրիւ ձեր թոռները, Ճամբա՛յ բացիք նոր սերունդին Շտապելով եկան հասան Ելէ՛ք տեսէ՛ք հարսանիք կայ: Ուրախացիր, տե՛ս Հայաստան, Բանակ ունի միասնական Հզօր Արցախ, մեր Ղարաբաղ Հերոսաբար պիտ ազատեն Գետաշէնն ու Նախիջեւան: Հազար ապրի՛ս...

Page 367 of 807 1 … 366 367 368 … 807

Արխիւներ