Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Կասկած չկայ, որ թուրք-ազերիական վոհմակներուն եւ անոնց վարձկաններուն դէմ ահեղ մարտեր մղող հայ զինուորը ամուր կը զգայ իր թիկունքը: Բազում նահատակներու կեանքին գնով ճակատող, Սարդարապատները վերապրեցնող հայկական բանակը կը տեսնէ, որ ամբողջ ազգը դարձած է ժողովրդային բանակ, տարբեր հնարքներով կաթիլ-կաթիլ աջակցութիւն կը հասցնէ ճակատողին, գործնապէս կ՛ըսէ, որ պիտի յաղթե՛նք:
Աշխարհատարած հայութեան զօրակցական արարքները օր աւուր հասանելի են բոլորիս: Պետական վարչամեքենան` քաղաքական ու դիւանագիտական իր բազուկներով, լրատուական միջոցները` բազմահարիւր ծառայողներով, բժիշկն ու առողջապահութեան մարզի սպասարկուն` աներեւոյթ հնչեղութեամբ, եւ դեռ, կազմակերպութիւններ ու միութիւններ` զուգահեռ նախաձեռնութիւններով, թիկունք են ճակատողին, իրարու հետ մրցումի մէջ են` աջակցութիւն հասցնելու մէջ զիրար գերազանցելու տենդով:
***
Պատկերասփիւռի կայաններ մերթ ընթ մերթ լուսարձակի տակ կը բերեն «մասնակի նախաձեռնութիւններ», որոնք այլապէս համեստ արտայայտութիւններով իսկ կը փաստեն, թէ ինչպիսի՛ տարողութիւն ունի ճակատին թիկունք կանգնելու ժողովուրդի ներգրաւումը: Կարելի չէ այդ «մանր ճիգերը» դիտել ու անոնց մասին լսել` առանց յուզումի եւ հպարտութեան: Արձանագրենք միայն մէկ քանին, որոնք երեւցան պաստառներէ. վստահ ենք, որ ասոնց պէս անհաշիւ նուիրաբերումներ կան:
ԱՐՑԱԽԻ մէջ խումբ մը աշակերտներ պարտադիր «արձակուրդին» լծուած են օգտակար աշխատանքի: Պտղահաւաք կ՛ընեն, որպէսզի հասոյթը հասցնեն բանակին: Երիտասարդներ դարձած են հացթուխ, որպէսզի զինուորին հաց հասցնեն: Երէց սերունդի անդամներ բերքահաւաք կ՛ընեն եւ հող կը պատրաստեն յառաջիկայ ցանքի եղանակին: Գործնական արտայայտութիւններ` թէ արցախցին վճռած է մնալ իր հողին վրայ եւ խաղաղութեան վերահաստատումէն ետք պիտի շարունակէ բնականոն կեանքը…
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ մէջ վտանգաւոր գօտիներէ պահ մը հեռացած արցախցի կիներ իրենց «ազգային»` ժենգեալով հացը կը թխեն ու կը վաճառեն, օժանդակութեան գանձանակին իրենց լուման բերելու կամքով: Նոյեմբերեանի մէջ պարմանուհիներ, երիտասարդուհիներ եւ տարեց կիներ գուլպայ կը հիւսեն, որպէսզի դիրքերուն վրայ ձմեռը դիմաւորելու պատրաստուող բանակայինը չմսի: Այլուր, գործատուներու եւ դերձակատուներու մէջ, քնապարկեր եւ անձրեւարգել թիկնոցներ կը կարուին… Նման աշխատանքներ միացուցած են բոլորին ձեռքերն ու սրտերը, թօթափած են մասնակի հաշիւները…
***
ՍՓԻՒՌՔԻ մէջ, նիւթական տարբեր օժանդակութիւններու զուգահեռ, շաբաթներէ ի վեր ցոյցերն ու պահանջատիրական քայլարշաւները արդէն նոր պատմութիւն կերտած են. անոնց մեծ մասը հասանելի է լուրերուն հետեւողներուս: «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին եւ այլ միաւորներու իրականացուցած հանգանակային արշաւները մրցանիշներ կոտրած են, նմանապէս հասանելի` բոլորիս: Կան նաեւ «անհատական մանր նախաձեռնութիւններ», որոնք կ՛իրականացուին ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ՀԱՅՐԵՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՄԲ, եւ կ՛արժէ, որ լուսարձակի տակ բերենք նման քայլեր, որպէսզի անոնց մասին վկայութիւնները անցնին դիմատետրային անվաղորդայն տեղեկութիւններէ անդին:
Խօսինք մէկ-երկու օրինակով` ի սկզբանէ շեշտելով, որ ասոնք առանձնակի ու որբ արարքներ չեն, այլ կան ասոնց նման բազմաթիւ երիտասարդներ եւ նոյնքան օգտակար նախաձեռնութիւններ:
Ճորճ Եաղուպեանը ՀՄԸՄ-ական երիտասարդ մըն է, եղած է գայլիկ, սկաուտ եւ մարզիկ: Մանրամասնութիւն մը. ան իր կնոջ` Հուպիին ծանօթացած է Հայաստանի մէջ, երկուքով իրենց ընտանիքին չափ կապուած են Հայաստանին (ինչպէս` Հայաստան այցելող աշակերտներ, երիտասարդներ եւ միութենականներ): Ճորճը մարզական նախաձեռնութեան մը դիմած է Արցախին նիւթական օժանդակութիւն ապահովելու համար: Քանի մը օր առաջ համացանցի իր կապերուն միջոցով իմացուցած է նախկին դասընկերներու, ընկերներու եւ պաշտօնակիցներու (կ՛աշխատի ամերիկեան ընկերութեան մը մէջ), թէ որոշած է հեծիկ քշելով հանգանակութիւն կատարել: Նկատի ունենալով այժմու պայմանները` ան իր բնակարանին յարկին տակ, եւ ընկերներուն հետ համացանցի միջոցով կապ հաստատելով, մեքենական հեծիկը քշած է ամբողջ 10 ժամ (կարճատեւ ընդհատումներով), հանգանակած է կոկիկ գումար մը: Մասնակցութիւն բերած են հայ եւ բազմաթիւ ոչ հայ անհատներ ու հաստատութիւններ: Այս աշխատանքը, նիւթականի կողքին, ունեցած է նոյնքան կարեւոր շահ մը. բազմաթիւ օտարականներ, որոնք լսած իսկ չէին Արցախի եւ անոր ապրած ողբերգութիւններուն մասին, այժմ կարեկցանքով կը զօրակցին մեր պայքարող զինուորին: Այսքանը գոհունակութեան բաւարար ենթահող պիտի ըլլար, սակայն կայ աւելին: Մարզիկը իր աշխատած ընկերութենէն ապահոված է խոստում, որ իր հաւաքած գումարը պիտի կրկնապատկուի ընկերութեան կողմէ: Եւ ահա, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին փոխանցուած է Ճորճին հանգանակած գումարին կրկնապատիկ գումար մը: Կինը եւս նման հանգանակային աշխատանքի մը ձեռնարկած է Դիմատետրի ճամբով` ապահովելով իր աշխատած (նմանապէս ոչ հայկական) ընկերութեան կողմէ գումարը եռապատկելու խոստում մը: Հանգանակութիւնները կը շարունակուին: (Ընկերութիւններուն անունները, ինչպէս նաեւ այլ մանրամասնութիւններ չենք արձանագրեր, որպէսզի չստեղծուի ծանուցումի տպաւորութիւն):
«Չես գիտեր, թէ մեր այս աշխատանքը որքա՛ն մեծ ընկալում գտաւ: Շուրջ 600 բարեկամ հետեւեցան հեծիկի արշաւիս, թէեւ… հոգիս բերանս եկաւ», կը պատմէ Ճորճ հեռաձայնին միւս ծայրէն` խնդալով. «Իմ ըրածս մեծ բան մը չէ. ինծի պէս շատեր կան, որ այս ձեւին դիմած են եւ իրենց հաւաքած գումարներուն կրկինը կամ երեք անգամը կ՛ապահովեն տարբեր մեծ ընկերութիւններէ: Թէ՛ Արցախի համար հայերէ եւ ոչ հայերէ աջակցութիւն կ՛ապահովենք, թէ՛ ալ Արցախի ապրած տառապանքներուն մասին մեր շրջապատը տեղեակ կը պահենք: Լաւ կէտ մըն ալ այն է, որ մեր ամերիկացի ընկերները, իրենց կարգին, մեր հաղորդած տեղեկութիւնները կը հասցնեն իրենց ընկերներուն եւ շրջապատին», կ՛աւելցնէ սրտցաւ գոհունակութեամբ:
Պէտք է արձանագրենք, որ նոյն ոճին դիմած են հայկական ընկերութիւններ եւս:
***
Մեր երիտասարդները ահա այսպիսի լուռ աշխատանք կը տանին քիչ մը ամէն տեղ` ցոյց տալով, թէ համացանցային հաղորդակցութեան սարքերը ինչպիսի՛ բարիքներու աղբիւրի կրնանք վերածել` ապացոյցներ տալով, թէ զինուորով ու ժողովրդային բանակով ինչո՛ւ պիտի յաղթենք…
22 հոկտեմբեր 2020