Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Խաղաղապահական Հանգոյցը

November 3, 2020
| Newsletter, Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հոկտեմբերի 30-ին Սպիտակ տան ազգային անվտանգութեան խորհրդական Ռոպըրթ Օ՛Պրայընը յայտարարեց, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները կ՛առաջարկեն արցախեան հակամարտութեան գօտիին մէջ սքանտինաւեան  երկիրներէ խաղաղապահներ տեղակայել: Մինչեւ այդ` նախագահ Թրամփը իր նախընտրական արշաւի ընթացքին  բարձրաձայնած էր ծրագիրի մը  մասին` արցախեան հակամարտութիւնը դիւրութեամբ լուծելու խոստումով: Թրամփի յայտարարութեան նախորդած էր արտաքին գործոց նախարար Փոմփէոյի յորդորը հայերուն` պաշտպանողական արդիւնաւէտ մարտեր մղելու:

Ամերիկեան խառն ուղերձներ, որոնցմէ դժուար է ճշգրիտ հետեւութիւններ ընելը: Ոչ շատ հեռու պատմական տուեալները նկատի ունենալով` ամերիկեան երկու նախաձեռնութիւն-ծրագիր այս օրերուն յղումներ կը հրաւիրեն: Երկուքն ալ  ընդհանուր գիծերու մէջ կը համընկնին: «Տարածքներու փոխանակման» տեսութեան մասին է խօսքը, որ թէ՛ Քի Ուեսթի մէջ եւ թէ՛ Կոպըլեան ծրագիրի շրջանակներուն մէջ հրապարակայնուեցաւ: Հիմա ակնարկուած ծրագիրը պարզ չէ, թէ ի՛նչ սկզբունքներու հիման վրայ կրնայ կառուցուած ըլլալ:

Ռազմական առումով գետնի վրայ հարուածային եւ առաջնային նշանակութիւն ունեցող տարածքը Արցախի հարաւն է: Անիկա մէկ կողմէ` կը համընկնի տարածքներու փոխանակման ծրագիրի փիլիսոփայութեան հետ, որ ի վերջոյ Թուրքիան Նախիջեւանի եւ Մեղրիի  վրայով կը կապէ Ազրպէյճանին. միւս կողմէ` արդիական հնչեղութեամբ կը փոխէ Իրանի հետ սահմանի ռազմական կարգավիճակը: Իսկ Իրանի սահմանային իրավիճակի փոփոխութեամբ նախ եւ առաջ շահագրգիռ են Միացեալ Նահանգները: Այստեղ ակներեւ է թրքական եւ ամերիկեան շահագրգռութիւններու համատեղումը:

Խաղաղապահ զօրքերու տեղակայման առաջադրանքը հետզհետէ կը ստանայ հրատապ հնչեղութիւն: Մոսկուան պարզ դարձուց, թէ իր կողմէ խաղաղապահ զօրքեր, թէկուզ նախ եւ առաջ դիտորդական առաքելութեամբ, կը տեղակայուին, եթէ հակամարտող կողմերը համաձայն ըլլան եւ դիմեն: Անգարայի հակազդեցութիւնը չուշացաւ. Էրտողանը յայտարարեց, որ Թուրքիան կարգաւորման հարցին մէջ ունի այն բոլոր իրաւունքները, որ Ռուսիոյ դաշնութիւնը ունի: Անգարայի առաջադրանքը ո՛չ միայն բանակցութեան մասնակցիլն է, այլ նաեւ զօրքեր ուղարկելն է` ռուսական զօրքերու տեղակայման պարագային:

Ամերիկացի պաշտօնատարի առաջարկը` սքանտինաւեան ուժեր տեղակայելու, ըստ էութեան վեթօ էր ռուսական զօրքերու տեղակայման ծրագիրին:

Հրադադարէն առաջ այս բոլորին արդիւնքը այն կ՛ըլլայ, որ Ռուսիան պատրաստակամութիւն կը յայտնէ խաղաղապահ առաքելութիւն իրականացնելու, եթէ հակամարտող կողմերը համաձայն ըլլան, Թուրքիան անմիջապէս կ՛ըսէ` եթէ ռուսական զօրքերը տեղակայուին, իրենց ուժերը եւս այնտեղ պիտի ըլլան: Թեհրանը գործող ձեւաչափի առընթեր տարածաշրջանային ուժերէ բաղկացած խումբ կ՛առաջարկէ` 2+3  ձեւաչափով (Հայաստան, Ազրպէյճան + Ռուսիա, Թուրքիա, Իրան), գուցէ խաղաղապահներու առումով` 3 ուժերու համակարգումով, իսկ Միացեալ Նահանգները իրենք զիրենք նաեւ բացառելով կ՛առաջարկեն այս բոլոր ուժերէն բացի սկանտինաւեան երկիրներէ յառաջացնել խաղաղապահ ստորաբաժանումներ:

Հայկական կողմը թէ՛ Արցախի նախագահի եւ թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի խորհրդականներու ճամբով եւ նոյնիսկ ուղղակի, յայտնած էր իր համաձայնութիւնը Ռուսիոյ կողմէ խաղաղապահ զօրքերու տեղակայման: Պաքուի լռութիւնը այս առումով անհամաձայնութիւն է: Աշխարհաքաղաքական տարբեր կեդրոններէ այս մասին եղած բարձրաձայնումները նկատի ունենալով միայն Անգարան չէ որ խաղաղապահներու զուտ ռուսական բաղադրութիւնը կ՛արգելակէ:

Խաղաղութեան հաստատումը կ՛արգելակուի  խաղաղապահներու շուրջ անհամաձայնութեամբ: Ըստ էութեան անկախ կարգավիճակէն, տարածքներու պատկանելիութեան խնդիրներէն, ցեղային զտումներու վտանգէն եւ նոյնիսկ տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքներէն, բուն խնդիրը ազդեցութեան գօտիներու պահպանման, չէզոքացման եւ փոխհակակշռման գործողութիւններով պայմանաւորուած է: Խաղաղապահներու բաղադրութեան շուրջ միջազգային համաձայնութեամբ  կը  պայմանաւորուի բովանդակային բանակցութիւններու վերսկսումը:

«Ա.»

Նախորդը

Արցախի Պաշտպանութեան Բանակը Կը Ձախողեցնէ Թշնամիին Բոլոր Յարձակողական Գործողութիւնները

Յաջորդը

Քեպեքի Մէջ Անծանօթ Մը Սուրով Յարձակում Կը Գործէ` Պատճառելով Զոհեր Ու Վիրաւորներ

RelatedPosts

Ընդդիմադիր Ուժերը Կը Յայտարարեն  Համազգային Համախմբման Ձեւաւորումը
Գլխաւոր լուրեր

Ընդդիմադիր Ուժերը Կը Յայտարարեն Համազգային Համախմբման Ձեւաւորումը

November 6, 2026
Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ  Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ.  «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ  Պատերազմէն Դուրս Գանք»
Գլխաւոր լուրեր

Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ. «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ Պատերազմէն Դուրս Գանք»

November 6, 2026
Սպիտակ Տուն. «Թրամփ Յանձնառու  Պիտի Մնայ Պետութիւններու Հովանաւորած  Բռնապետութեան Դէմ Պայքարին»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Թրամփ Յանձնառու Պիտի Մնայ Պետութիւններու Հովանաւորած Բռնապետութեան Դէմ Պայքարին»

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.