ՆՈՒՊԱՐ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ
Քրիստափոր Միքայէլեան եղած է պատմական Գողթն գաւառէն, ան ծնած է 18 հոկտեմբեր 1859-ին, Վերին Ագուլիսի մեծ գիւղը: Ան կանուխ հասակէն որբացած է, ինչպէս ինք կ՛ըսէ, «տրտում մանկութիւն ունեցած է»: Տկար կազմով, կաղ, բայց` ուշիմ ու խոհուն, եղած է արտակարգ ընդունակութիւններով օժտուած տղայ մը: Նախնական կրթութիւնը ստանալով իր ծննդավայրը` 1874-ին կը յաջողի անցնիլ Թիֆլիս եւ երկու տարի նախապատրաստուելէ ետք կ՛ընդունուի Ուսուցչական Ճեմարանը, որ կ՛աւարտէ 1880-ին, առաջին կարգի մրցանակով:
Բացի սովորական դասերէն, ճեմարան եղած շրջանին Քրիստափորը եղած է անյագ կարդացող, գլխաւորաբար` ընկերային, հոգեբանական ու մանկավարժական գրականութիւն: Միաժամանակ Քրիստափոր կը մասնակցէր աշակերտական ինքնազարգացման խմբակներուն, որոնց մէջ գործօն ու ղեկավար դեր կը կատարէր շնորհիւ իր բնական ձիրքերուն եւ գիտական պատրաստութեան: Ճեմարանը աւարտելէ ետք, Քրիստափոր քանի մը տարի ուսուցչութիւն կ՛ընէ իր ծննդավայր Ագուլիսի ծխական դպրոցին մէջ, իր ամառուան արձակուրդները կ՛անցընէր Թիֆլիսի մէջ: Ան արդէն կազմակերպուած անհատականութիւն էր: Մէկ խօսքով, բնութիւնը Քրիստափորին ստեղծած էր ղեկավար եւ առաջնորդ ըլլալու համար:
Քրիստափորի մտաւոր վերծանութեան համար վճարական նշանակութիւն ունեցան այն քանի մը տարիները, որ ան ճեմարանը աւարտելէն ետք զբաղեցաւ իր գիւղին մէջ իբրեւ ուսուցիչ, ան մօտէն հաղորդակցեցաւ գիւղացիութեան հետ, իր աչքերովը տեսաւ, թէ ի՛նչ աւերներ կը գործէ ցարական բռնապետութիւնը, ինչ անիրաւութիւններու ու զրկանքներու է ենթարկուած հայ ժողովուրդը միայն այն պատճառով որ հայ է: Տեսաւ ռուս գաւառական պաշտօնեաներու շահատակութիւնները, եւ բնականաբար խորապէս ազդուեցաւ եղածներէն:
1884-ի աշնան, երբ ուսուցչական պաշտօնով կը փոխադրուի Թիֆլիս, Քրիստափոր մեծ եռանդով կը նուիրուի հայ ազգային խմբակներու կազմակերպման եւ անոնց քաղաքական-յեղափոխական դաստիարակութեան գործին: Երբ 1885-ի մարտին ցարական հրամանով փակուեցան հայկական դպրոցները, միայն այս խմբակներէն լսուեցաւ բողոքի ձայնը, հրապարակուեցաւ թռուցիկ մը` Քրիստափորի եւ Գ. Միրզոյեանի կողմէ կազմուած, որով կոչ կ՛ընէին հայ հասարակութեան` դիմադրել կառավարական ոտնձգութիւններուն եւ ազգային կրթութեան գործը շարունակել ընտանիքներու մէջ:
1885-ի աշունէն մինչեւ 1887-ի ամառը Քրիստափոր զբաղեցաւ Մոսկուայի մէջ` իբրեւ ազատ ունկնդիր ուսանող, ինչպէս ինք կ՛ըսէր` «Նուիրուելով բացառապէս տնտեսական զբաղումներու»: Հոն կը մտերմանայ Սիմոն Զաւարեանի եւ Բերովքայի հայ ուսանողներուն հետ:
Մոսկուայի մէջ այն ժամանակ հայ ուսանողութիւնը կ՛ապրէր եռուն հասարակական կեանքով: Ուսանողութիւնը բաժնուած էր երկու հոսանքներու. «Մէկը մերն էր», կը գրէ Քրիստափոր իր յուշերուն մէջ, որոնք առանց դադարելու հետաքրքրուած էին հարազատ ժողովուրդին կեանքով ու գրականութեամբ, ձգտում էր որքան կարելի է շատ գիտելիքներ ձեռք բերել հասարակագիտութենէն: Միւս հատուածը, որ մեզի կոսմոպոլիտ անունը կու տար, ոչինչ չէին ուզեր գիտնալ` բացի հայերէն լեզուի, հայոց պատմութեան, աշխարհագրութեան եւ գրականութեան ուսումնասիրութենէն, որուն համար, իր հերթին, շովինիստներու խումբ անունն էին ստացած մեզմէ»: Քրիստափորը կեդրոնական դէմք էր առաջին հատուածին մէջ, բայց ընկերական մօտիկ յարաբերութիւններ կը պահէր նաեւ վերջիններուն հետ: Միեւնոյն ժամանակ լրջօրէն կ՛աշխատէր հարստացնելու իր մտաւոր պաշարը` հետեւելով յատկապէս հասարակական գիտութիւններու:
Գիտական նոր պաշարներով զինուած` 1887-ի ամառը Քրիստափոր կը վերադառնայ Թիֆլիս, ուր իր կազմած խմբակները քայքայուած էին, ան եռանդով կը ձեռնարկէր վերակազմութեան աշխատանքի: «Հարկաւոր էր կազմակերպական գործը սկսիլ սկիզբէն, եւ նախապատրաստական բնոյթ կրող այսպիսի աշխատանքներուն մէջ կ՛անցնէին մեր օրերը: Իմ մէկ փորձը ընկ. Ստեփան Զօրեանին` Ռոստոմի հետ, Թիֆլիսի մէջ հիմնելու գաղտնի տպարան մը, յաջողութիւն չունեցաւ նիւթական միջոցներու պակասի պատճառով: Հակառակ նիւթական աննպաստ պայմաններու` Քրիստափոր առանց վհատելու կը շարունակէր յեղափոխական կազմակերպական եւ դաստիարակչական աշխատանքները` իր շուրջ ունենալով իբրեւ գործակից, մի շարք գաղափարական երիտասարդ մտաւորականներ: Անոր անմիջական ազդեցութեան տակ էր, որ 1889-ին ստեղծուեցաւ «Երիտասարդ Հայաստան» կազմակերպութիւնը` անջատ խմբակները միացնելու համար», կը գրէ ան:
1890-ին հիմնուեցաւ ՀՅ Դաշնակցութիւնը: Քրիստափորի հանճարին ենք պարտական մեծապէս, որ հայ ժողովուրդը ունեցաւ ՀՅ Դաշնակցութիւնը: ՀՅ Դաշնակցութեան հիմնադրութենէն ետք Քրիստափոր նորակազմ կուսակցութեան կեդրոնական վարչութեան անդամ է եւ գլխաւոր ղեկավար դէմքը: Թիֆլիսի մէջ, սակայն, անոր երկար ատեն չեն ձգեր, 1891-ի գարնան ան կը ձերբակալուի եւ կ՛աքսորուի Բեսարիա` Քիշինեւ: Նոյն վիճակին կը մատնուին նաեւ Ս. Զաւարեանը, Յ. Արղութեանը եւ ուրիշներ: Ցարական իշխանութիւնը ընդհանուր հալածանքի սկսած էր հայ յեղափոխականներու դէմ, հակառակ որ անոնք միայն թրքահայկական հարցով էին զբաղած եւ ռուսական ներքին խնդիրներուն միջամուխ չէին: Աքսորավայրին մէջ նոյնիսկ Քրիստափոր հանգիստ չմնաց եւ շարունակեց յեղափոխական աշխատանքը: Ի միջի այլոց, գաղտնի անցաւ Ռումանիա եւ կազմակերպեց «Դրօշակ»-ի երրորդ համարի հրատարակութիւնը: Աքսորի ժամանակաշրջանի մէկ տարին լրանալէ ետք, 1892-ի ամառը, վերադառնալով աքսորէն, ան կը մասնակցի ՀՅԴ Ա. Ընդհանուր ժողովին: Այդ ժողովին հաստատուեցաւ կուսակցութեան ծրագիրը, որուն հեղինակներէն մէկն էր Քրիստափորը: Նոյն ժողովին կը փոխուի նաեւ ՀՅ Դաշնակցութեան կազմակերպական ձեւը` ապակեդրոնացման սկզբունքով, եւ ընտրուեցաւ առաջին Բիւրոն: Քրիստափորն ու Զաւարեանը գործօն անդամներն էին նորընտիր Բիւրոյին:
Մինչեւ Բ. ընդհանուր ժողով, 1898-ին, Քրիստափոր կը մնայ Թիֆլիս որպէս ոգին եւ մղիչ գլխաւոր ուժը ՀՅ Դաշնակցութեան անմիջական գործակից ունենալով Ս. Զաւարեանը: 1895 թուականի հոկտեմբերին ան անգամ մը եւս կը ձերբակալուի եւ վեց ամիս Պաքուի մէջ բանտարկուած մնալէ ետք, 1896-ի մարտ 23-ին ազատ կ՛արձակուի 2000 ռուբլի գրաւականով եւ Թիֆլիսէն չհեռանալու պայմանով: Անոր ջանքերով եւ անմիջական ղեկավարութեամբ գլուխ եկաւ Խանասորի արշաւանքը, ժամանակի մեծագոյն յեղափոխական դէպքը: Քրիստափորի անմիջական շունչին տակ համախմբուեցաւ ու կազմակերպուեցաւ եւ արտասահմանի հայ ուսանողութիւնը, եւ «Եւրոպայի հայ ուսանողական միութիւնը», որ նշանակալից դեր կատարեց ՀՅ Դաշնակցութեան գործունէութեան մէջ:
ՀՅԴ Գ. Ընդհանուր ժողովէն ետք, 1904-ին, Քրիստափոր թողելով «Դրօշակ»-ի խմբագրութիւնը` կը նետուի նոր փոթորիկի մէջ: Վաղուց զայն կը տանջէր սուր միտք մը` վերցնել մէջտեղէն այն չարիքը, որ պատուհաս դարձած էր հայ ժողովուրդի գլխուն, մահով պատժել սուլթան Ապտիւլ Համիտը: Այդ առաջարկը կը բերէ ան Ընդհանուր ժողովին, որուն վաւերացումէն ետք ինքը անցաւ գործի գլուխը: Կազմեց մահափորձի ծրագիրը, ընտրեց գործակիցներ, անձամբ մտաւ Պոլիս հրեայ Սամուէլ Ֆայն ծածկանունով եւ կատարեց նախապատրաստական աշխատանքները. Կարմիր Սուլթանը օդը պիտի հանուէր դժոխային մեքենայով, Սելամլըքի հանդէսի միջոցին:
Ճակատագիրը, սակայն, այլ կերպ տնօրինեց, 1905-ի մարտ 17-ին, Սոֆիայի մօտ, Վիտոշի բարձունքին, ռումբի փորձի ընթացքին Քրիստափոր նահատակուեցաւ իր գործակից Վռամշապուհ Քենտիրեանի հետ միասին…
Քրիստափոր մեռաւ առանց նպատակին հասնելու, բայց իր գաղափարներն ու ոգին շարունակեցին ապրիլ ՀՅ Դաշնակցութեան մէջ` իբրեւ ներշնչումի եւ ոգեւորութեան աղբիւր հայրենիքի ազատութեան համար մարտնչող սերունդներու աչքին: