Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգ Մը Ամբողջ Ոտքի

Հոկտեմբեր 31, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

ՍԻՐՈՒՆ ՍԻՍԵՌԵԱՆ-ՀԱՃԷԹԵԱՆ

Հիմա, երբ ձեռքի հեռաձայնիս պզտիկ պաստառին վրայ աշխարհասփիւռ հայերու տարած աշխատանքները կը դիտեմ, ոգի ի բռին սխրալի քայլարշաւներ ու մայր հրապարակներու անդամալուծութիւն ու «խելագարուած ամբոխի» ծաւալուն, յորդ ու կատաղի գետը կը դիտեմ, աչքերս կ՛այրին, տեսողութիւնս կը պղտորի, բան մը կոկորդիս մէջ զիս կը խեղդէ, զօրաւոր զգացում մը, ահեղ մոլուցք մը կը ծնի մէջս:

Այո՛…

«Յաղթելու ենք», «Արցախը մերն է», «Մահ զաւթիչին»:

Կարելի՞ է այս ազգը լռեցնել: Կարելի՞ է… Եթէ ժողովուրդ մը այս մոլեգնութեամբ կ՛ուզէ ապրիլ, ուրեմն պիտի ապրի, եւ Աստուած յաղթանակի ծիածանը պիտի չուշացնէ անկասկած: Հերոս հայորդիներ կը մարտնչին սահմանագիծին վրայ: Անոնք իրենց մատղաշ հասակին մահը կ՛ոտնակոխեն յաղթանակի սխրանքներով, յանուն հայրենիքի սուրբ հողին:

Մարտի դաշտին մէջ կարծես հարսանիքի են առաջ` իրենց պարերով ու երգերով կը շիկացնեն ցուրտ օդը հայրենասէրի մոլուցքով: Առաջին ցեղասպանութիւնը կատարուեցաւ դաւադրաբար, բայց երկրորդը պիտի չարտօնենք երբեք:

Ազգ մը ամբողջ ոտքի է իր մանուկով, ծերունիով, իր պարման¬պարմանուհիներով, իր հարուստով թէ աղքատով` բոլորն ալ արթուն ու կարեվէր ոտքի են, ոտքի: Կարելի չէ, կարելի չէ, որ միասնակամ այս բոլոր ճիգերը մոլորին, անոնք պիտի հասնին իրենց կիզակէտին:

«Փա՛ռք հայոց բանակին»:

Հայու արիւնը կ՛եռայ իր երակներուն մէջ` ըլլա՛յ Հայաստան աշխարհի մէջ, ըլլա՛յ սփիւռքի: Այլեւս պիտի չկոտորուի հայը: Վերջ պիտի դրուի ազգիս արիւնաքամութեան, պիտի ապրի հայը ու ծաղկի Հայաստանը «Ազատութիւն կամ մահ»:

Այսօր` ներկայ սերունդը սրբազան պարտք ունի իր նախահայրերուն նկատմամբ: Այս հողերը պահուած են արիւնով եւ կռիւներով:

Մեր նոր սերունդները անտուն ու անհայրենիք պիտի չմնան: Մեր պապերը արիւն եւ կեանք տուած են ու մեր հայրենի հողը պահած:

Ամէն հայ իր մէջ կը կրէ մեր պատմութեան ցաւոտ յիշողութիւնը: Կա՞յ հայ մը, որ մեր ցեղասպանութեան արհաւիրքներէն չէ տուժած: Կա՞յ հայ մը, որուն արմատները չեն տառապած: Ինչպէ՞ս, ինչպէ՞ս մոռնանք այդ բոլոր սարսափները: Չէ, անկարելի է թոյլատրել, որ մեր մէկ թիզ հողը զաւթուի:

Ո՞ւր էք, Սիմոն, Կարէն, Գոռ, Աշոտ ու Ստեփան…

Ո՞ւր էք դուք, ձեր արիւնով Արցախի հողն աւելի թանկացաւ: Մէկ կաթիլ արիւնը կեանք մը կը փրկէ, բայց ձեր արեան հոսքը հայրենիքը պիտի փրկէ, մեր միակ հայրենի հողը սուրբ:

Փա՛ռք ու պատիւ հայ զինուորին, հայ բանակին:

Այո՛, ազգ մը ամբողջ աշխարհի չորս ծագերուն ոտքի է, արթուն եւ կանգուն: Ամէն հայ իր լուման, իր բոլոր կարելիութիւնները եւ արիւնը կը ձօնէ հայրենիքի փրկութեան համար: Նոյնիսկ ծերունի մամիկներ մեր զինուորներուն համար տաքուկ գուլպաներ կը հիւսեն իրենց սառած ձեռքերով: Ամէն մէկ հայ իր սիրտը դրած է ազգի յաղթանակի ճամբուն համար, եւ յաղթանակը պիտի չուշանայ անպայման` յանուն բոլոր կորսուած մատշաղ կեանքերուն:

«Յաղթելու ենք», «Յաղթելու ենք»:

 

 

Նախորդը

Արցախի Պաշտպանութեան Բանակը Լուրջ Վնասներ Կը Պատճառէ Ազրպէյճանական Հետախուզական – Ներթափանցող Խումբերուն

Յաջորդը

Եկէ՛ք Նոր Գիտակցութեամբ Շրջապատենք Հայ Դպրոցը

RelatedPosts

Դպրեվանեան Ոգին.  Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ
Անդրադարձ

Դպրեվանեան Ոգին. Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Փաշինեանը Փոխելու Շարժումը Չի Մարիր,  Այլ Նոր Թափ Կը Ստանայ
Անդրադարձ

Արդեօք Հայաստանի Ժողովուրդը Վերջապէս Պիտի Արթննա՞յ, Երբ Փաշինեանը Հրամայէ Ձերբակալել Կաթողիկոսը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Մամուլը Ե՞րբ Իր Կոչումը Կը Վսեմացնէ Եւ Ե՞րբ Զայն Կը Նսեմացնէ (Հայ Մշակոյթի Ամսուան Առթիւ)

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?