Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ստացուած Գիրքեր. «Բանասիրութեան Ուղեւորը` Դոկտ. Հայր Ներսէս Վրդ. Ակինեան (1883-1963) (Հեղինակ` Մեսրոպ Հայունի)

November 3, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Անթիլիասի տպարանէն 2020-ին լոյս տեսաւ Մեսրոպ Հայունիի «Բանասիրութեան ուղեւորը` դոկտ. հայր Ներսէս վարդապետ Ակինեան (1883-1963)» հատորը:

Գիրքը Գէորգ Մելիտինեցի գրական մրցանակի 101-րդ հրատարակութիւնն է եւ բաղկացած է 396 էջերէ:

Բացատրականին մէջ Հայունի կ՛ըսէ, որ կենսագրական չէ այս աշխատութիւնը, այլ` դիւանային, պատմաքննական եւ աղբիւրագիտական շատ համեստ փորձ` հայր Ակինեանը դեռ աւելի լաւ ճանչնալու եւ դեռ աւելի լաւ ճանչնալ տալու:

Հայունի կ՛ըսէ, որ յաւերժատար ուղիներուն սկիզբն եղաւ 10 սեպտեմբեր 1883 թուականը, որ ծննդեան օրն է Գաբրիէլ Ակինեանին, պատմական Արդուին քաղաքին մէջ, Ճորոխ գետի ափերուն:

Գաբրիէլ Ակինեան 1895-ի օգոստոսին ձգեց հօրենական տունը եւ հեռացաւ իր ծննդավայրէն` Մխիթարեան կրօնաւոր վարդապետ ըլլալու: Իր նպատակին հասաւ 20 մայիս 1907-ին` քահանայական օծումով:

Առաջին հերթին նշանակուեցաւ ուսուցիչ եւ փոխտնօրէն Վիեննայի կղերանոցին (1908-1911), որուն տնօրէն-վերակացուն ալ եղաւ 1916-1920 տարիներուն:

Հայր Ներսէս Ակինեան 1909-ի ամրան նշանակուեցաւ «Հանդէս ամսօրեայ»-ի խմբագրապետ եւ երեք շրջաններով (1909-1924, 1929-1938 եւ 1946-1962) քառասուն տարի վարեց այդ պաշտօնը:

Հայունի կ՛ըսէ, որ հայր Ակինեան խմբագրապետը միայն պիտի չհեղինակէր, պիտի չսրբագրէր, գրաշարական փորձերուն քանիցս պիտի չհսկէր, պիտի չմատենախօսէր ու յարմար-կարող աշխատակիցը պիտի չփնտռէր, այլ նաեւ, իր պաշտօնին հանգամանքով, իր պարտաճանաչութենէն եւ իր բծախնդրութեան մէջ, պիտի թղթակցէր, պիտի կատարէր առաքումներ, անոնց վերադարձին պիտի սպասէր, պիտի հետապնդէր, վերահասու պիտի ըլլար բազմազան խնդիրներուն, պիտի գիտնար ընդունիլ կամ մերժել յօդուածները, ամէն տեսակի հարցումներուն պիտի պատասխանէր, այլեւայլ թելադրանքներ պիտի փոխանցէր, կատարած յապաւումներուն կամ բարեփոխումներուն համար բացատրութիւններ պիտի տար եւ այլն:

Հայր Ներսէս Ակինեան միաժամանակ այլ պաշտօններ վարեց եւ եղաւ մատենադարանապետ:

Իր կատարած ուղեւորութիւններուն ընթացքին Ակինեան գնեց, ձեռք ձգեց եւ մթերեց բազմահազար գիրքեր, թերթեր, հանդէսներ ու մանաւանդ հնատիպեր, գրչագիրներ եւ վաւերաթուղթեր` 40-50 տարիներու հոլովոյթով, անդուլ ու ծրագրուած աշխատանքով հարստացնելով Վիեննայի Մխիթարեան  մատենադարանին ժողովածուները:

Մեսրոպ Հայունի կը խօսի 1924-1928-ին Հայաստանի մէջ Ակինեանի ծաւալած եռանդուն առաքելութեան մասին, նշելով, որ դասատու, դաստիարակ, խմբագրապետ, մատենադարանապետ, մատենահաւաք, ձեռագրագէտ, բանասէր, յօդուածագիր ու հեղինակ Ակինեան ամէն բանէ առաջ գերազանցօրէն եւ առաջնահերթօրէն էր քահանան, վարդապետը եւ իբրեւ այդպիսին` առաքեալն ու հովիւը իր ազգին, իր հայրենիքին:

Այնուհետեւ Հայունի կը  ներկայացնէ պատմաբանասէրին գիրքերուն եւ յօդուածներուն մատենագիտական ցանկը:

Հայր Ներսէս Ակինեան իբրեւ բանասէր` ստեղծագործեց թէ՛ որակով ու թէ՛ քանակով` իր նախորդ Մխիթարեան տիտաններէն բացած ճամբաներէն ոչ միայն ընթանալով, այլ նաեւ յորդորելով նորանուաճ ու հորիզոնափայլ ուղիներ:

 

 

Նախորդը

«ՖԻՏԷ». Լեւոն Արոնեան Երեք Դիրքով Յառաջացաւ

Յաջորդը

Վկայութիւն Մը. «Տեսէ՛ք, Թէ Ի՛նչ Ազգի Ժառանգորդներ Էք, Ի՛նչ Մշակոյթի Տէր Էք…»

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Ի՞նչ Է Հիպրիտային Պայքարը

January 14, 2026
Նոր Հրատարակութիւն.  «Յովհան Գ. Օձնեցի  Սուրբը, Կանոնագէտը Եւ Մեծ Վարպետը  Հայ Միջնաշխարհեան Մշակոյթի Եւ Դիւանագիտութեան». Փրոֆ. Սեդա Պ. Տատոյեան
Անդրադարձ

Նոր Հրատարակութիւն. «Յովհան Գ. Օձնեցի Սուրբը, Կանոնագէտը Եւ Մեծ Վարպետը Հայ Միջնաշխարհեան Մշակոյթի Եւ Դիւանագիտութեան». Փրոֆ. Սեդա Պ. Տատոյեան

January 14, 2026
Կեանքի Նժարին Մէջ
Անդրադարձ

Մէկ Միտք, Բազում Հետեւանքներ

January 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.