Հայրենի յուշեր (1)
ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ 1964-65 դպրոցական տարեշրջանին,– որ է ուսուցչական եօթնամեայ ասպարէզիս վերջինը,– միաժամանակ կը դասաւանդէի Մեսրոպեան եւ Սոֆիա Յակոբեան վարժարաններուն մէջ, երբ յունիսի սկիզբները հայրենի Կապի կոմիտէութեան կողմէ հրաւէր ստացայ մէկուկէս ամիսով Հայաստան այցելելու՝ «Սփիւռքահայ ուսուցիչներու վերորակաւորման դասընթացք»-ի ծիրէն ներս: Այցելութիւնը պիտի սկսէր յուլիսին ու աւարտէր օգոստոսի կէսին: Առ այս հրաւիրեալներուն թիւը ամբողջ սփիւռքէն կը հասնէր 45-ի: Որքան ալ այս այցելութիւնները...




















