Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախի Հանրապետութիւնը Պիտի Մնայ Հայկական

Հոկտեմբեր 31, 2020
| Newsletter, Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐՇԱԿ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ
ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակի Պատասխանատու

Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

Թուրքիա եւ Ազրպէյճան ոճրագործ պետութիւններու կողմէ սանձազերծուած ռազմական գործողութիւններու առաջին իսկ ժամերէն, ՀՅԴ երիտասարդականը իր ամբողջ ներուժով նետուեցաւ պայքարի առաջնագիծ` պատերազմի զանազան ճակատներու վրայ իր ներդրումը ունենալու: Այս գոյամարտը կը մղուի բազմաթիւ ճակատներու վրայ: Հասնելու համար ամբողջական յաղթանակի, պէտք է իւրաքանչիւր ճակատի վրայ գերազանցենք մենք մեզի:

Այդ ճակատներն են.

. Քաղաքական-յարաբերական եւ դիւանագիտական ճակատ. պէտք է խթանել Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման հոլովոյթը` պարտադրելով Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը եւ դատապարտելով քոչուոր ցեղին մեր բնօրրանը ներխուժելու ռազմական փորձը:

. Քարոզչական եւ տեղեկատուական ճակատ. պարտինք համայն աշխարհին ներկայացնել հայութեան դիրքորոշումը, ստեղծել հայանպաստ մթնոլորտ, կանխել թշնամիին եւ իր սպասարկուներուն կողմէ շրջանառութեան մէջ դրուած կեղծ ու սուտ լուրերու տարածումը:

. Պէտք է օժանդակել արցախահայութեան եւ հայոց բանակին`, զանազան ձեւերով. նուիրատուութիւններով, անմիջական անհրաժեշտութեան դեղորայք ու ապրանքներ ղրկելով:

Եւ վերջապէս, հիմնականը`

. Արցախեան ռազմաճակատ. պէտք է պաշտպանենք մեր հայրենիքի սահմաններն ու Արցախի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութիւնը:

Անցնող մէկ ամսուան ընթացքին, ՀՅԴ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւնները հայրենիքի ու սփիւռքի մէջ իրենց ուրոյն դերը ունեցան այս բոլոր ճակատներուն վրայ մղուող պայքարին մէջ` համախմբելով հայ երիտասարդութեան բոլոր շերտերը:

Մենք` իբրեւ համահայկական-երիտասարդական կառոյց, աշխատանքի լծած ենք մեր միջազգային քաղաքական կապերը: Զանազան միջոցներով` ամէնօրեայ լայնածաւալ ցոյցերով, ոտքի հանած ենք զանազան երկիրներու հայկական գաղութները: Միջազգային հանրութեան ու երիտասարդական քաղաքական միութիւններուն տրամադրած ենք ճշգրիտ տեղեկութիւններ արցախեան հակամարտութեան ծագումնաբանութեան, ինչպէս նաեւ մարտի դաշտին վրայ տիրող իրավիճակին վերաբերեալ, մասնաւորաբար շեշտելով, որ հայկական բանակը չի պայքարիր միայն Ազրպէյճանական կանոնաւոր բանակին դէմ, այլ նաեւ Թուրքիոյ յատուկ ջոկատայիններու եւ քանի մը ահաբեկչական միաւորներու դէմ:

Փաստօրէն, հայութիւնը այսօր կը դիմակայէ համաթուրանական ծրագիրը: Իմ համոզումովս` հետեւեալ քայլերով եւ գործողութիւններով է, որ պէտք է հասցնենք այս գոյամարտը իր յաղթական աւարտին`

. Դէմ ենք ամէն տեսակի պարտուողական տրամադրութիւններուն:

. Կը մերժենք որեւէ լուծում, որ չի ճանչնար Արցախի անկախութիւնը:

. Արցախի անկախութեան ճանաչումը Հայաստանի եւ համաշխարհային ընտանիքին կողմէ մեր յառաջիկայ գործունէութեան առաջնահերթութիւնն է:

. Անհրաժեշտ է ներքին միասնականութիւնն ու ազգի բոլոր ուժերու զօրաշարժը` ապահովելու համար յաղթանակը:

. Մեր կազմակերպուածութիւնն է, որ պիտի կարենայ մեր ջանքերը դարձնել արդիւնաւէտ` թիկունքին եւ ռազմաճակատին վրայ:

. Քաղաքական դիւանագիտական ճշգրիտ արեւելումն ու հաշուարկները անհրաժեշտ են Արցախի ազատագրական պայքարի հայանպաստ լուծումին համար:

. Այս պատերազմը անգամ մը եւս ցոյց կու տայ, որ մեր ազատագրական պայքարը երկարատեւ է. իւրաքանչիւր հայ եւ յատկապէս երիտասարդութիւնը, ներկայի զգացական հայրենասիրութիւնը պէտք է վերածէ հետեւողական յանձնառութեան եւ յարատեւ կռիւի վճռակամութեան:

Հակազդելու ժամանակը սպառած է: Ժամանակն է կազմակերպուելու, եւ հետեւելով վերոնշեալ սկզբունքներուն` իրականացնելու լայնածաւալ հակայարձակում, բոլո՛ր ճակատներով:

Արցախի Հանրապետութիւնը պիտի մնայ հայկական: ՀՅԴ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւնները յանձնառու են (իրենց բաժին յանձնառութիւնը ունին) Արցախի գոյամարտի յաղթական եւ վերջնական աւարտի սուրբ գործին: Այս սուրբ գործը պիտի պահանջէ կատարեալ նուիրում եւ անսակարկ զոհողութիւն: Ռազմաճակատին վրայ հայ ժողովուրդին տուած բազմաթիւ զոհերուն կողքին, նահատակուած են ՀՅԴ երիտասարդականի մեր սիրելի ընկերները` Արամ Գրիգորեան, Վիգէն Մուրատեան, Բենիամին Նալբանդեան, Էրիկ Գալստեան:

Պիտի շարունակենք պայքարը յանուն մեր ժողովուրդի իրաւունքներուն: Յաւե՛րժ փառք մեր նահատակներուն:

 

Նախորդը

Եկէ՛ք Նոր Գիտակցութեամբ Շրջապատենք Հայ Դպրոցը

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (31 Հոկտեմբեր 2020)

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?