ՀՌԻՓՍԻՄԷ ԿՏՈՅԵԱՆ
Առիւծասիրտ քաջ Անդրանիկ
Ճերմակ ձիուդ վրայ նստած
Ֆետայիներ թեւերուդ տակ
Սեբաստացի Մուրատ փաշան
Կողքդ կանգնած քեզ օգնական,
Կուրծք տուիր թշնամուն դիմաց
Սաւառնեցաւ Պաքու, Արցախ:
Շառաւիղիդ հետեւեցան,
Աշխարհացրիւ ձեր թոռները,
Ճամբա՛յ բացիք նոր սերունդին
Շտապելով եկան հասան
Ելէ՛ք տեսէ՛ք հարսանիք կայ:
Ուրախացիր, տե՛ս Հայաստան,
Բանակ ունի միասնական
Հզօր Արցախ, մեր Ղարաբաղ
Հերոսաբար պիտ ազատեն
Գետաշէնն ու Նախիջեւան:
Հազար ապրի՛ս հայոց բանակ
Արիասիրտ Հայկի զաւակ,
Զէնքը ձեռիդ. դու անսասան
Հողդ առիր, անկախացար
Մեր աղօթքը որպէս պատգամ,
Տուն պիտ դառնաս դուն յաղթական:
15 հոկտեմբեր 2020