Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգովին Լսած Ենք Բանաստեղծին Պատգամը

Նոյեմբեր 10, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. Պ.

Բանաստեղծը` Աւետիք Իսահակեան:

Պատգամը`

Անդաւաճան, անհուն սիրով

Հայրենիքիդ լինես պաշտպան…

Պատմութիւնը մեզի պարտադրած է կրկին գոյամարտ մղել:

Հայրենիքի պաշտպանութեան ալիքը տարածուած է ամէնուրեք: Աշխարհագրութեան յառաջացուցած ամէն կարգի հեռաւորութիւնները ջնջուած են:

Հայ մարդիկ, այր եւ կին, կամաւոր դարձած են: Կ’երթան ռազմաճակատ: Գոյութենական կռիւ է:

Ռազմաճակատը եկած է թիկունք` ամէն ինչ ռազմաճակատի համար կարգախօսով:

Թիկունքը միայն Հայաստանը չէ, ամբողջ հայաշխարհն է:

Ինչ որ ըսենք եւ գրենք այս մասին, կրկնութեան կը նմանի:

Բայց կարծէք մեր ժողովուրդը լսած է բանաստեղծին անպաճոյճ պատգամը:

Բանաստեղծը` Աւետիք Իսահակեան: Ան իր թոռ Աւիկին ձգած է իր պատգամը:

Իրաւ մեծերը միշտ հայր են ժողովուրդին: Իրաւ բանաստեղծին թոռ են սերունդները:

Աւետիք Իսահակեանի պատգամը իր թոռան եւ թոռներուն` մեզի, առանց դարձդարձիկ վերլուծումներու եւ տեսութիւններու` ազգային եւ քաղաքական իմաստութիւն է: Մարտակոչ:

Աւետիք Իսահակեանի խօսքը կտակ է:

Այս մասին մտածեցի, երբ երէկ Հայաստանի հեռատեսիլէն խօսեցան տարբեր երկիրներէ եկած երեք երիտասարդ հայ կամաւորներ, հայրենիք պաշտպանելու` ճակատ գացող հազարաւորներու կողքին: Չեմ գիտեր, թէ անոնք կարդացա՞ծ են թէ ոչ Աւետիք Իսահակեանի տողերը: Անոնք անսացած են իրենց ծիներուն մաս կազմող բանաստեղծի կանչին, հասկցած են նաեւ, որ թիկունքը հայաշխարհն է: Անոնք կպած չէին մնացած աշխարհի այս կամ այն հրապարակին վրայ գոռացող բարձրախօսերուն:

Անդաւաճան, անհուն սիրով
Հայրենիքիդ լինես պաշտպան.
Եթէ նրա սիրոյ համար
Մի սխրալի գործ կատարես,
Չյոխորտաս, լինես խոնարհ,
Եւ իր պարտքը ճիշդ կատարած
Մարդու նման` խիղճդ անդորր,
Ապրես ուրախ եւ բախտաւոր:

Ի՜նչ իմաստութիւն, առանց խոշոր բառերու տարափի: Առանց խօսափողի:

Այսօր ռազմաճակատ կ’երթան հայրերը, որդիները եւ թոռները:

Հայրենիքը զարդարանք չէ, ան էութիւնն է ազգին: Աւետիք Իսահակեանի խօսքը խորքով պէտք է լսել: Հայրենիքի սէրը որձեւէգ չի կրնար ըլլալ: Ան համակ նուիրում է: Այդ պէտք է կարդալ գարուն-կեանքով ճակատի երիտասարդի աչքերուն մէջ: Արդէն սպիտակահեր ճակատ մեկնած հայրերու առաքինութեան մէջ: Ճակատ մեկնիլ` ինքնին սխրանք է, քանի որ մեկնողը ի յառաջագունէ կ’ընդունի գերագոյն զոհողութիւնը:

Սխրա՛նք: Եւ ո՛չ յոխորտանք: Ո՛չ սեփական եւ ո՛չ այլոց սխրանքի համար: Այլ` գոյութենական գիտակցութեան յաղթանակ: Երաշխիք` «Եւ իր պարտքը ճիշդ կատարած մարդու նման»… «խիղճդ անդորր» ուրախ ապրելու համար»:

Հայրենիքի պաշտպանութեան համար հայրենիք եկած երեք երիտասարդները, անոնք, որոնք եկած են, անոնք, որոնք պիտի գան, առանց բաւարարուելու Անդրանիկ Ծառուկեանի դիպուկ կերպով բանաձեւած «թղթէ կապարճ»-ի (առանց հոգեկանի) աղմուկով, «անդաւաճան, անհուն սիրով» պաշտպան են հայրենիքի:

Հայրենապահներ:

Կրկին կարդալ Աւետիք Իսահականի պատգամը` իր թոռան, եւ անոր հետ բանաստեղծի ներշնչանքով` իր բոլոր թոռներուն.

Հայրենիքիդ լինես պաշտպան.
Եթէ նրա սիրոյ համար
Մի սխրալի գործ կատարես,
Չյոխորտաս, լինես խոնարհ…

Հիմա՛: Որպէս տէր` առաջնագիծի վրայ. Շուշի, Ստեփանակերտ, Մարտակերտ, Ֆիզուլի, աչքերը յառած` մշուշի մէջէն պարզուող Մռաւ լերան, այրուող անտառներուն, Ղազանչեցոց եկեղեցիին, Գանձասարին, անցեալ պատմող Տիգրանակերտին…

Եւ վաղը` բռնագրաւուած լացող մայրաքաղաք Անիին…

Միշտ յիշելով Հայոց Հայրիկի պատգամը… «Անհող չմնաս»…

2 նոյեմբեր 2020

 

Նախորդը

Ուրուկուէյի Նախկին Նախագահները Իրենց Զօրակցութիւնը Կը Յայտնեն Հայ Ժողովուրդին

Յաջորդը

Ազրպէյճանցիները Շուշիի Փոխարէն «Գրաւել Են» Պաքւում Գտնուող Բերդը

RelatedPosts

Ժագ Ս. Յակոբեանի Անմեռ Յիշատակին
Անդրադարձ

Ժագ Ս. Յակոբեանի Անմեռ Յիշատակին

Նոյեմբեր 8, 2025
Թուրքիոյ Ներքաղաքական Երկընտրանքը
Անդրադարձ

Get Lost!

Նոյեմբեր 8, 2025
Այսպէս Պիտի Երթեւեկենք
Անդրադարձ

Այսպէս Պիտի Երթեւեկենք

Նոյեմբեր 8, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?