Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դիւանագիտութեան Եւ Կեղծիքին Սահմանները

Նոյեմբեր 11, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Քաղաքական գիտութիւններու ուսանող կամ պաշտօնով դիւանագէտ ըլլալու պէտք չունինք անպայման, որպէսզի կարենանք դիւանագիտութեան եւ կեղծիքին տարբերութիւնները զգալ:

Դիւանագիտութիւնը իր միջպետական հասկացութեամբ, յատկապէս այնպիսի ժամանակաշրջաններու, երբ աշխարհը մատնուած ըլլայ պատերազմական խմորումներու, որոնց պատճառով` կեանքի անապահովութեան վախազդու շշուկներու, դիւանագիտութիւնը, հանգամանաւոր միջնորդութեամբ աշխուժութիւն պէտք է ցոյց տայ, հակառակորդներու միջեւ փոխյարաբերութեանց բնականոնացման, համերաշխութեան եւ, ի վերջոյ, խաղաղութեան ի խնդիր:

Դիւանագէտը բարձրաստիճան պաշտօնատարն է տուեալ երկրին, յատուկ կազմաւորում ստացած անձնաւորութիւն մը, որուն հիմնական դերը, դիւանագիտութեան միջոցով բարւոք յարաբերութիւններ մշակելն է այն երկրին հետ, ուր ուղարկուած է իբրեւ դիւանագիտութեան պետ: Քաղաքական, տնտեսական, մշակութային, կրթական, ընկերային, կենսոլորտային, արդիւնաբերական, առեւտրական եւ այլ բնագաւառներ մաս կը կազմեն դիւանագէտի օրակարգին, որոնց ենթախորագիրները ամէն օր աճ կ՛արձանագրեն` ճոխացնելով ո՛չ միայն փոխյարաբերական առօրեան տուեալ երկիրներուն, այլեւ նոյնինքն դիւանագէտին աշխատանքային կենսագրութիւնը, իր պետութեան կողմէ գործունեայ դիւանագէտի պատուին արժանացնելով զայն:

Դիւանագէտին այս բարձր պաշտօնը փոխաբերական իմաստով կը տրուի նաեւ այնպիսի մարդոց, որոնք ընկերութեան կեանքին մէջէն սողոսկելով անցնելու մասնագիտութեան ինքնուս աշակերտներ եղած են անցեալին եւ իրենց ստացած «կրթութիւնը» ամէնօրեայ դրութեամբ ու ամէն տեղ կը կիրարկեն մեծ վարպետութեամբ: Թէ ինչպէ՛ս նման անձեր իրենց «կաշին կ՛ազատեն» եւ ամէնէն դժուար խնդիրներուն մէջէն դուրս կու գան, շատերու համար դեռ հանելուկ է: Առնէտները իրենց աւարը վերցնելէ ետք փախուստի դիմած պահուն, երբ զգան, թէ իրենց պոչը նեղ անցքի մը մէջ բռնուած է, մարմնի մկաններու ամբողջ ուժով կ՛ազատագրեն զայն, չխնայելով անոր վրայի մազերուն: Ուստի, անոնք «կը խուզեն» իրենց պոչը եւ կը փախչին: Ա՛յս է փոխաբերաբար ըմբռնուած դիւանագիտութիւնը: Անձ մը, որ գիտէ սուտի, գողութեան, անբարոյութեան ու բոլոր տեսակի կեղտոտ արահետներէն սողոսկալ ու անցնիլ, միշտ գործածելով կեղծիքի ժպտադէմ դիմակը, «իսկական դիւանագէտ» կը համարուի բառին փոխաբերական իմաստով: Ոմանք գովասանական արտայայտութիւններով փառքի պսակները կը հիւսեն այսպիսիներու գլխուն շուրջ, թուելով անոնց ունեցած կեցուածքին ճկունութիւնը եւ հարցերը անուշութեամբ լուծելու արհեստավարժ ճարտարութիւնը: Սակայն ըսելու կարիք չկայ, որ բացասական նշանակութիւն ունին այդ գովասանքները, իսկ երբեմն ալ ծիծաղի պատճառ կը հանդիսանան, որովհետեւ ինչքան ալ մարդիկ ճարպիկ համարեն նման անձեր, դարձեալ անոնց մէջ կը տեսնեն խարդախութեան, խաբեբայութեան ու խորամանկութեան վատ կերպարները:

Դիւանագիտութեան փոխաբերական իմաստով ըմբռնուած այս տեսակը եւս կարելի է երկու իմաստներով հասկնալ: Անոնց առաջին տեսակը արդէն որոշ չափով բացատրեցինք վերը, որ է` խորամանկութեամբ ամէնէն դժուարին կացութիւններէն ճողոպրող անձը: Սակայն երկրորդը նոյն ճկունութեան բարենպատակ օգտագործումն է: Այսպէս, ծնողներ իրենց զաւակներուն միջեւ եղած խնդիրները այնպիսի ճկունութեամբ կը լուծեն, որ ոեւէ դատաւոր պիտի չկարենար կայացնել նման արդարադատ որոշում, որուն մէջ խստութիւնը, անկեղծութիւնը եւ քաղցրութիւնը միաձուլուած կը ներկայանան®: Ասիկա եւս դիւանագիտութիւն է, բառին փոխաբերական իմաստով ըմբռնուած, որուն մեկնակէտը դարձեալ ճկունութիւնն է, սակայն իր անվնաս տեսակով, այսինքն իսկապէս համերաշխութիւն ստեղծելու համար կիրարկուած: Այստեղ դիւանագիտութիւնը այնպիսի միջնորդութիւն է, որուն գործադրած ճկունութիւնը  շրջապատի բարիքին կը ծառայէ, մինչդեռ առաջին տեսակի «դիւանագէտ»-ին կատարածը միշտ իր անձին ի շահ գործի դրուած ճարպիկութիւն մըն է, որուն գործադրած ճկունութեան իբրեւ հետեւանք բազմաթիւ զոհեր կ՛իյնան շրջապատին մէջ: Անոնցմէ ոմանք իրենց  խօսած սուտերուն պատճառով բարոյապէս կը յուսալքուին, ուրիշներ` նիւթապէս կը տուժեն, իսկ երրորդ խումբի մարդիկ աշխատանքային կամ պաշտօնի կորուստ կ՛ունենան, եւ այսպէս շարունակաբար:

Վերոյիշեալ երկու փոխաբերական իմաստներով «դիւանագէտ»-ներէն առաջինը ունի մի քանի մեթոտներ, որոնցմով կը յաջողի դարձնել իր ջրաղացը: Անոնցմէ առաջինը սուտն է: Ճարպիկ կամ ճկուն այս «դիւանագէտ»-ը այնքան վարժ ստախօս մը կը դառնայ ժամանակի ընթացքին, որ ալ չի՛ յիշեր, թէ ե՛րբ եւ ո՛ւր, ո՛ր մէկ սուտը խօսած է: Սուտերու առատութիւնը հարսանեկան խնճոյքի ընթացքին խանդավառ պարողներու նման կ՛աղմկեն` իր բերնին մէջ շուրջպար կազմած, իրենց ծափեղանակներուն մէջ գինովցնելով նաեւ զիրենք հնարողը: Այսպէս է, որ ստախօսը կը սկսի հաճոյք ստանալ իր խօսած սուտերէն եւ այս պատճառով է դարձեալ, որ ան չի՛ յիշեր իր խօսած սուտերը, որովհետեւ կը հարբենայ անոնց գեղեցիկ շարայարութեամբ:

Երկրորդ մեթոտը, զոր առաջին տեսակի «դիւանագէտ»-ը կ՛օգտագործէ, կեղծիքն է` իր բոլոր դիմակներով: Ասիկա փրկութեան երկրորդ եւ կարեւոր լաստերէն մէկն է, որուն վրայ բարձրանալով «դիւանագէտ»-ը կը յաջողի ինքզինք յանձնել հոսող գետի ալիքներուն եւ աննկատ հեռանալ այն վայրէն, ուր ճկունութիւն ի գործ դրած էր, մատին վրայ խաղցնելով անփորձ միամիտներ:

Կեղծաւոր «դիւանագէտ»-ին մէկ ժպիտին տակ թաքնուած կ՛ըլլայ հազար հատ լարուած թակարդ ու նոյնքան ծրագրուած խաբէութիւն, որոնք ան կը յաջողի դիւային հնարքներով վարագուրել, շրթներու լայնարձակ տարածումով ու աչքերու նշաձեւ ձգումով, իսկ ատամներուն ցուցադրութիւնը` պարտադիր չէ: Թէ ինչքա՞ն երկար կը տեւէ անոր խաբեբայական ճանապարհը եւ կամ ո՞ւր եւ ե՞րբ անոր ճամբան կը հատէ ա՛յլ «դիւանագէտ» մը` չենք կրնար ըսել: Ատիկա մեր գիտնալիքը չէ՛, այլ Աստուծոյ, ինչպէս կ՛ըսէ քրիստոնեայ հաւատացեալ մարդը, խորապէս հաւատալով երկնային արդարութեան, կամ ժողովրդային բառով` «Աստուծոյ գաւազանին» գործադրութեան:

Այսքան ընդարձակ քննարկելով դիւանագիտութեան փոխաբերական իմաստները, դարձեալ կը վերադառնանք անոր իսկական իմաստին` քաղաքական գիտութիւններու մէկ ենթաբաժինը ներկայացնող նշանակութեան, միշտ խորհելով, որ արդեօ՞ք այս բնագաւառին մէջ եւս կեղծիքը իր տխուր դերակատարութիւնը կ՛ունենայ: Մենք յանգեր ենք այն եզրակացութեան, որ` դժբախտաբար այո՛, կեղծիքը դիւանագիտութեան անբաժան մասը դարձեր է ներկայ աշխարհի անհաւատարմութեան սանձարձակ մայթերուն վրայ: Աստուածաշնչական բառով այս «պոռնկութեան» դէմքին վրայ ուրուագծուած ժպիտը շատ աւելի մեղանչական է ու դատապարտելի, քան անոր բացայայտ տեսակը, ճամբու եզրին կանգնած պերճաղիճին այտերը զարդարողը:

Դիւանագիտութեան եւ կեղծիքի սահմաններու անյստակութեան հետեւանք են այն բոլոր անարդարութիւնները, որոնց պատճառով երիտասարդ կեանքեր կը զոհուին պատերազմական ճակատներուն վրայ, ինչպէս նաեւ անմեղ զոհեր կ՛իյնան խաղաղ բնակչութեան շարքերուն մէջ:

 

 

Նախորդը

Լաւրով Եւ Չաւուշօղլու Քննարկած Են Իրավիճակը Լեռնային Ղարաբաղի Շուրջ

Յաջորդը

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ

RelatedPosts

Հոգեկան Սլացք Եւ Աննկարագրելի Ապրում Է Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի Սրբադասումը». Մաշտոց Թ. Ծ. Վրդ. Զահթէրեան
Անդրադարձ

Հայոց Նոր Սուրբի Յիշատակին` Գոհաբանական Պատարագ Հարիսայի «Լիբանանի Տիրամայր» Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ

Նոյեմբեր 14, 2025
Թաքեր Քարլսըն Միլիոնաւոր Ամերիկացիներուն Դիմաց Կը Բացայայտէ Փաշինեանի Յարձակումը Հայոց Եկեղեցւոյ Վրայ
Անդրադարձ

Թաքեր Քարլսըն Միլիոնաւոր Ամերիկացիներուն Դիմաց Կը Բացայայտէ Փաշինեանի Յարձակումը Հայոց Եկեղեցւոյ Վրայ

Նոյեմբեր 14, 2025
Մարդկային Միտքի Վերանորոգման Տարի
Անդրադարձ

Մարդկային Միտքի Վերանորոգման Տարի

Նոյեմբեր 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?