Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ցաւակցական Գիր-Յուշ. Ժըտէյտիէն Սկսած Կեանք Մը

Նոյեմբեր 9, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Սիրելի դրացի-բարեկամներ՝
Ժամկոչեան ընտանիք,
Պէյրութ, Լիբանան

1972 տարին դարձանք դրացիներ Պէյրութի Ժըտէյտէի շրջանին մէջ։ Մեր ներկայի բնակութեան շէնքը առաջիններէն էր այդ շրջանին մէջ, որ այդ օրերուն ծածկուած էր նարինջենիներու պարտէզներով։ Այսպէս ըսած գեղջկական շրջանի մը մէջ պիտի սկսէինք մեր դրացի-բարեկամութիւնը։

Բայց ինչ խօսք որ ժամանակի ընթացքին պիտի զարգանար շրջանը դառնալով քաղաքի ամենէն բանուկ մասերէն մին։ Եւ այդ զարգացումին հետ պիտի զարգանար նաեւ մեր կեանքը։ Ու տակաւին կար մեծնալու իրականութիւնը՝ ինչպէս նաեւ դրացիութիւնը որ պիտի վերածուէր բարեկամութեան։ Եւ բարեկամութեան հետ պիտի ապրէինք ու կերտէինք կեանքի մէջ նոյնպէս ստեղծուած խինդն ու ցաւը։

Մարտօն եւ Վազգէնը ինձմէ փոքր էին տարիքով։ Եւ իմ մեծնալուս հետ պիտի տեսնէի նաեւ իրենց հասակ առնելը։ Եւ ապրեցանք միասին Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի արհաւիրքը,ռմբակոծումները,մոմի լոյսի տակ եւ ապաստարանի մէջ մեր կեանքերուն ապահովութեանը համար մեր պաշտպանութիւնը։ Բայց ապրեցանք եւ բաժնեկցեցանք նաեւ մեր ընտանեկան ցաւերը։ Ժամկոչեանները կորսնցուցին իրենց  փոքր դուստրը եւ քոյրը ինքնաշարժի արկածի պատճառով՝եւ մենք մեր ծնողքը։ Հայրս վաղաժամ՝ իսկ մայրս  կանխահաս եւ արկածի պատճառով՝երկուքն ալ մեկնեցան այս աշխարհէն։ Ու տակաւին մեր շէնքի խափանարարական արարքը 2005 թուականին՝երբ ծանրօրէն վնասուեցան մեր յարկաբաժինները։

Բայց կեանքը շարունակուեցաւ։ Վազգէնը ստացաւ հայեցի դաստիրակութիւն իր ծնողքին խնամքին ու գուրգուրանքին տակ եւ մեկնեցաւ հայրենիք ուսանելու եւ վկայուեցաւ իբրեւ ատամնաբուժ։ Վերադարձաւ Պէյրութ՝բայց չի բաւականացաւ կեանքը միայն տրամադրելու իր մասնագիտութեանը։ Ան լծուեցաւ ազգային-կուսակցական-միութենական եւ գաղութի կեանքի ծառայութեանը։ Եւ հոս եւս մենք շարուակեցինք մեր բարեկամութիւն-գործակցութիւնը եւ տարբեր մակարդակներու եւ միջոցառումներու մէջէն։  Վազգէնը ուրիշ բան չէր կրնար ընել եթէ ոչ իր կեանքի մէջ դրսեւորուած եւ արմատացած ազգային ինքնութիւնը դնել իր ազգին ու գաղութին համար։ Վազգէնը կազմեց ընտանիք եւ իր զաւակը կոչեց իր հօր անունով՝Յակոբ։ Ես ալ կազմեցի ընտանիք եւ իմ զաւակս կոչեցի հօրս անունով՝Վահէ։ Եւ այսօր՝Յակոբ եւ Վահէ՝չորրորդ սերունդ, կը շարունակեն իրենց բարեկամութիւնը, անկախ այն երեւոյթէն որ երկուքն ալ հաստատուած են եւրոպայի տարբեր երկիրներու մէջ։

Եւ Պէյրութէն հասաւ բօթը։ Վազգէնի անժամանակ մահը պսակաձեւ համավարակի պատճառով։ Ցաւը մեծ է։ Վազգէնը տակաւին  իր ներդրումը պիտի ունենար։ Ան տակաւին շատ բան ունէր իրագործելու։

Բայց այսօր կ՚երթամ անցեալին։ Հոն՝այն երկար ճամբուն, որ մենք գալեցինք միասին։ Ժըտէյտիէն սկսած կեանքը որ կերտեցինք եւ ապրեցանք միասին՝ իր ուրախ եւ տխուր օրերու մէջէն։ Եւ այդ կեանքի մէջ Վազգէնը եղաւ ապրող իրականութիւն մը, որ դարբնեց իր անհատական ու ընտանեկան կեանքը։ Եթէ մէկ կողմէ Վազգէնի բարի ու սկզբունքի կառչած իր նկարագիրը՝բայց նաեւ ազգային արժէքներու գիտակութեանը մէջէն։ Եւ իր այս արժէքները դրաւ Լիբանանահայ գաղութի կեանքի մէջ իր մասնակցութիւնը եւ նպաստը բերելով։

Վազգէնին կեանքը նպատակասլաց էր։ Եւ այս՝ Վազգէնի  Ժըտէյտիէն սկսած  կեանքն է՝որ կը շարունակուի։ Ֆիզիքականէն անդին։

Սիրելի Ժամկոչեան դրացի-բարեկամներ,

Կը բաժնեմ ձեր ցաւը եւ արցունքը՝թէկուզ աշխարհագրականօրէն հեռու։ Կը ցաւակցիմ իւրաքանչիւրիդ հետ՝մէկ-մէկ։ Աղօթող եմ ձեր բոլորին համար եւ Սուրբ Հոգիին մխիթարութեանը կը հայցեմ։

Ցաւակցօրէն՝

Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան
Ընդհանուր Քարտուղար՝Արաբական
Ծոցի Աստուածաշունչի Ընկերութիւն

Քուէյթ՝ 8 Նոյեմբեր,2020

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (9 Նոյեմբեր 2020)

Յաջորդը

Վեհիպ Փաշայի 1918-ի Յայտնի Խօսքերը Այսօրուայ Թուրքական Ռազմարշաւը Գլխաւորող Հուլուսի Աքարի Համար Են Ասուել

RelatedPosts

Ժագ Ս. Յակոբեանի Անմեռ Յիշատակին
Անդրադարձ

Ժագ Ս. Յակոբեանի Անմեռ Յիշատակին

Նոյեմբեր 8, 2025
Թուրքիոյ Ներքաղաքական Երկընտրանքը
Անդրադարձ

Get Lost!

Նոյեմբեր 8, 2025
Այսպէս Պիտի Երթեւեկենք
Անդրադարձ

Այսպէս Պիտի Երթեւեկենք

Նոյեմբեր 8, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?