Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հին Յունաստանէն Հասած Իմաստուն Վարչապետ Ունինք

November 12, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԿԱՐ ի Գաղիա

«Սա յաղթանակ չէ, բայց չկայ պարտութիւն,
Քանի դեռ ինքդ քեզ պարտուած չես ճանաչել»:
Հայաստանի վարչապետ

Կեդրոնականցին կարծէք հայ կեանքին կը հետեւի Բիւրականի աստղադիտարանէն: Մենք ալ կը կարդանք, կը լսենք, բայց ինք կ՛արձանագրէ ուշագրաւը:

Արմենակ ալ տնարգելութեան  դատապարտուած է, բայց աշխարհի հետ կը կապուի ել-նամակով, համացանցով, այ-ֆոնով: Ինչե՜ր կը զտէ, ինչե՜ր գիտէ: Մենք ալ կ՛օգտուինք, տգէտ չենք մնար:

Հեռաձայնեց.

– Մակա՛ր, մեր վարչապետը քաջաբար Արցախը կտոր-կտոր ըրաւ եւ թուրքին տուաւ: Պատմութիւնը թող դատէ: Բայց արդար պէտք է ըլլալ, մեր վարչապետը հին Յունաստանի մշակոյթի պատմութեան մէջ մուտք գործեց:

Արմենակ ողբերգակ զուարթախօս մըն է: Սպասեցի, որ զիս ալ հարստացնէ իր պատմամշակութային գիւտով: Շարունակեց.

– Երէկ ամբողջ գիշերը Հայաստանի հեռատեսիլը դիտեցի, լսեցի, թէ ինչպէ՛ս Արցախը յանձներ են, Շուշին ինչպէ՛ս տուեր են, ինչպէ՛ս քանդուեր եւ աւերակի վերածուեր են տուներ, դպրոցներ, հիւանդանոցներ: Խօսնակները կարդացին հրադադարի պայմանները, տուին անունները գրաւուած շրջաններու: Կը յիշես, ժամանակին ամերիկացի Կոպլ մը կար, որ Նախիջեւանը Ազրպէյճանի կ՛ուզէր կապել Հայաստանով, այդ ալ եղած է: Տխրեցայ:

– Շատերու պէս, Արմենա՛կ,- ըսի:

– Ինքնասիրութիւնս շոյուած զգացի` համացանցի հայաստանեան էջի մը վրայ կարդալով մեր Փաշա վարչապետի պղատոնեան, արիստոտէլեան, կիկերոնական իմաստութիւնը, որ բալասան է կորոստներու պատճառած ընկճուածութեան:

– Լա՛ւ, ըսէ՛, ես ալ անքնութեանս դարման կը փնտռեմ: Դեղարան գացի թմբի գնելու, չունէին: Ըսէ՛, թերեւս ըսածդ դարման կ՛ըլլայ:

– Մեր վարչապետը, զգալով ժողովուրդի անհանգստութիւնը, դարերէն եկող իմաստութեամբ ըսած է. «Սա յաղթանակ չէ, բայց չկայ պարտութիւն, քանի դեռ ինքդ քեզ պարտուած չես ճանաչել»: Ուրեմն, քանի որ ես հոգեպէս Շուշին չեմ կորսնցուցած, Շուշին կը մնայ մերը, չենք յանձնած: Հիմա հանգիստ քնացիր:

– Արմենա՛կ, հրաշալի է: Այսպէս Անին ալ Կարսն ալ, Ուրֆան ալ, Տիգրանակերտն ալ, Էրզրումն ալ, Արտահանն ալ մեզի կը պատկանին: Այս գիշեր յաղթականի քուն մը պիտի ունենամ, ես ինքս պարտուած չեմ ճանաչել:

– Մակա՛ր, ամէն մարդու չըսես, քանի որ վաղը արտագաղթածներ եւ հայրենահանուածներ հազարներով հայրենիք կը վերադառնան յաղթանակ տօնելու եւ նորերը կերտելու: Անուշ քուն, բարի երազ, քուն թէ արթուն:

Ինչո՞ւ Արմենակը Հայաստան չեն հրաւիրեր հոգեբանական կրուփ թերափի ընելու: Թէեւ հոս ալ պէտք ունինք իրեն, բայց քանի որ մեր համաքաղաքացին է, զինք կը ճանչնան եւ չեն լսեր:

10 նոյեմբեր 2020

Նախորդը

Համլէթ Պետրոսեան. «Հայ Մշակոյթը Յայտնուելու Է Շնաբարոյ Ծաղրուծանակի Ներքոյ»

Յաջորդը

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Գովասանքին Կարեւորութիւնը Եւ Անպատեհութիւնները

RelatedPosts

Ուսուցչաց Տօնին Առիթով.  Երախտագիտութեան Խօսք` Պաշտօնակիցներուս
Անդրադարձ

Ուսուցչաց Տօնին Առիթով. Երախտագիտութեան Խօսք` Պաշտօնակիցներուս

March 12, 2026
Ուսանողութիւնը Եւ Մենք
Անդրադարձ

Կար Ժամանակ Մը…

March 12, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Ուսուցչի Օրը Եւ Հայ Դպրոցը

March 11, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.