Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զրոյց Արարատին Հետ

Նոյեմբեր 10, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ն. ԱՒԱԳԵԱՆ

Այս առաւօտ զարթնումիս քեզ փնտռեցի շուրջս: Երկա՜ր-երկա՜ր փնտռեցի, բայց չգտայ: Չգտայ, որովհետեւ չկայիր: Չգտայ, որովհետեւ իրապէս դիմացս չէիր, հոն չէիր: Մտածեցի` յիշողութեանս մէջէն վերակենդանացնել քեզ եւ վերապրիլ քեզի հետ: Խօսիլ քեզի հետ: Պատմել ու պատմել, շա՜տ երկար պատմել: Զրուցել հինէն ու մանաւանդ` նորէն:

Եւ, վերջապէս, կորսուած ինքնութիւնս գտայ: Խրոխտ ու վիթխարի պատկերդ պարզուեցաւ աչքերուս առջեւ, ու  վերանորոգուեցայ: Լայնածիր Արարատեան դաշտին մէջէն վեհօրէն բարձրացող ձիւնածածկ գագաթդ նորէն տեսայ: Սրտի ի՜նչ գոհունակութիւն, ի՜նչ անսահման ուրախութիւն, ի՜նչ անասելի ապրումներ…

Արարատ, գիտե՞ս, վերջին քանի մը տարիներուն, ամրան, ուխտաւոր մարդու պէս կ’այցելէի հայրենիք ու կը տեսնէի քեզ: Այս տարի, սակայն, չկարողացայ ուխտս կատարել: Աշխարհի վրայ «Քորոնա» համաճարակին ստեղծած իրավիճակը, Լիբանանի մութ օրերը արգիլեցին զիս քովդ գալ:  Ուստի ուխտաւոր ծառադ այս անգամ հեռաւոր Լիբանանէն կը դիմէ քեզի:

Ա՜խ Արարատ, ա՜խ:

Այս ինչ անողոք տարի մըն էր 2020-ը: Լսեցիր, չէ՞, այն բազմապիսի հարցերուն մասին, զորս դիմագրաւեց աշխարհը: Սակայն, հակառակ այդ  հարցերուն յարուցած իրավիճակներուն, անոնք ոչինչ են այսօր մեր դիմագրաւած խոչընդոտներուն դիմաց: Ոչինչ` արցախեան մերօրեայ պայքարին դիմաց:

Վստահ եմ, որ դուն ալ մեզի պէս կը մտածես այդ հարցերուն մասին ու  ամէն վայրկեան կը հետեւիս արցախեան իրադարձութիւններուն:

27 սեպտեմբերէն ի վեր հայերս  մոռցած ենք անհատական ամէն հարց, եւ մեր մտասեւեռումին առանցքը դարձած է Արցախը: Հայ հաւաքականութիւնը ուշի-ուշով կը հետեւի Արցախի լուրերուն: Հայաստանն ու սփիւռքը` իւրաքանչիւրը իր ձեւով կը զօրակցի Արցախին:

Զարմանալի է, չէ՞, հայուն նկարագիրը: Տարօրինակ բան է հայուն հայրենասիրութիւնը: Մարդկային հաւաքականութիւններու, ազգերու մէջ այսպիսի նկարագիր գրեթէ չենք գտներ: Հայերը, երկրագունդի ո՛ր անկիւնն ալ ըլլան, ի՛նչ դիրքի վրայ որ գտնուին, երբ հայրենիքը վտանգի մէջ է, կը մոռնան իրենք զիրենք  եւ կ’անսան իրենց սրտի կանչին: Միտքով ու հոգիով անոնք  կը վերադառնան իրենց  արմատներուն: Կը վերադառնան այն հողին, ուր արմատ նետած են մեր նախնիները: Կը վերադառնան այն հողին, որուն համար հարիւրաւոր կեանքեր զոհուած են ու դեռ կը զոհուին:

Արարատ, հայուն հայրենասիրութեան գաղտնիքը ինչի՞ մէջ կը կայանայ: Ուրկէ՞ կու գայ անիկա:

Գուցէ քու վեհութենէ՞դ, հայոց պատմութենէ՞ն,  հայ մայրերուն դաստիարակութենէ՞ն, թէ՞ հողին ընդերքէն բարձրացող նահատակներուն կանչէն:

Օ՜հ, ի՛նչ վսեմ ու նուիրական է այս զգացումը, որ  կը պարուրէ բոլորս: Կարելի չէ հերքել, որ հայրենիքը ամրօրէն պաշտպանելու ցանկութիւնը կ’ապրինք այս օրերուն: Դէպի հայրենի հող վազելու, անոր համար պայքարելու, անոր շաղախուելու ու անքակտելի  մէկ մասնիկը դառնալու բուռն ու վեհ զգացումն է, որ կը թաւալի մեր երակներուն մէջ:

Այս հիասքանչ զգացումը կ’ապրինք յատկապէս հայրենանուէր այն տղոց  հետ, որոնց համար հայրենի հողին սպառնացող նուազագոյն վտանգն անգամ զիրենք կը վերածէ մէկական առիւծներու:

Այն տղոց հետ, որոնք գիտակցօրէն եւ անվարան խմբուեցան հայրենի դրօշին ներքեւ, ուխտեցին հայրենիքին ծառայել, երդուեցան զայն փրկել:

Այն տղոց հետ, որոնք դեռ իրենց գարուն հասակին մէջ, կեանքի վայելքի պահերը չապրած,  հայրենիքին երկունքի պահերը կ’ապրին:

Այն կամաւոր տղոց հետ, որոնք արիաբար, առանց երկմտանքի իրենց կեանքերը ի սպաս կը դնեն հայրենիքի բագինին:

Այն տղոց հետ, որոնք դէպի հայրենի հող վազելու կտրիճ կեցուածքով բարոյական եւ հայրենասիրութեան դասեր կը փոխանցեն իրենց նորածիններուն, որոնք օրօրոցէն արդէն իսկ Ազատութիւն կը կանչեն:

Այն տղոց, որոնք իրենց սիրած աղջիկներուն սիրոյ խոստովանութիւն կատարելու փոխարէն` հայրենիքի սէրը կ’երգեն:

Այն տղոց հետ, որոնք թէկուզ իրենց ֆիզիքականը վնասներու ենթարկելու գնով, ամէն րոպէ ոգի ի բռին կը մաքառին հայրենի հողին ամէն մէկ թիզի պահպանման համար:

Այն տղոց հետ, որոնք հակառակ իրենց ստացած վէրքերուն, դեռ պատրաստ են առաջնագիծ երթալու եւ պայքարելու թշնամիին դէմ:

Այն տղոց հետ, որոնք վճռած են դիրքերը չլքել, հանգիստ  չունենալ մինչեւ թշնամին չխորտակեն:

Այն տղոց հետ, որոնք Արցախի անտառներուն մէջ կը խօսին հոգիներուն հետ  մեր նահատակներուն, որոնցմէ կը ստանան պայքարելու ոգի եւ անխորտակ կամք:

Այն տղոց հետ, որոնք գիշեր թէ ցերեկ կրակոտ աչքերով, արթուն կը հսկեն դիրքերուն, որպէսզի հայ ազգը ապահով քնանայ:

Այն տղոց հետ, որոնք մարտի դժնդակ պահուն իրենց զոհուած ընկերոջ դիակին առջեւ կ’ուխտեն շարունակել անոր ճամբան ու վրէժ լուծել թշնամիէն:

Սրբազա՛ն լեռ,

Աշխարհի վրայ կա՞յ այսպիսի ազգ, որուն համար հայրենիքը ամէն բանէ վեր է: Կա՞յ նման ազգ, որուն զաւակները այսքան կառչած են հայրենիքին:

Բայց սպասէ՛: Ես տակաւին չյիշատակեցի այն տղաքը, որոնք հայրով, եղբայրներով, հարազատներով պատերազմի դաշտին վրայ են:

Այն տղաքը, որոնք իրենց արեամբ ջրեցին  հայրենի հողը, շաղախուեցան անոր մէջ, նոյնացան անոր հետ: Իրենք հայրենիք դարձան:

Այն տղաքը, որոնք իրենց նահատակութեամբ անմահացան` անմահացնելով մեր պատմութիւնը:

Այն տղաքը, որոնց սխրանքներուն թէ նահատակութեան մասին ամէն պահ կը խօսինք, կը դիտենք անոնց պատկերները, նոյնիսկ միտքով կը զրուցենք անոնց հետ ու կը հիանանք անոնց անսակարկ նուիրուածութեան վրայ:

Է՜հ, սրբազա՛ն լեռ:

Ի՛նչ ըսեմ: Հայուն առօրեան ամբողջովին յեղաշրջուեցաւ: Սրտի մորմոքով, թաց աչքերով, բայց յաղթելու կամքով  ան կը շարունակէ ապրիլ այսօր: Անընդհատ կ’աղօթէ սահմանին հսկող, դիրքերը պահող բոլոր տղոց անվտանգութեան համար: Առաւօտները կ’արթննայ յաղթանակի աւետումի յոյսով: Օրն ի բուն, հաւատքով կը սպասէ հերոսներուն անփորձանք վերադարձին: Ամէն օր հողին կը յանձնէ իր նահատակ զաւակները: Կը զգայ նահատակներուն մայրերուն, քոյրերուն եւ զաւակներուն վիշտը, կը ջանայ ամոքել անոնց կսկիծը, բայց կը հմայուի անոնց հոգիին վեհանձնութեամբ: Որքան ալ պատմեմ քեզի, Արարա՛տ, վստահ եմ, որ դուն այս ապրումները դարեր շարունակ ապրած ես ու կ’ապրիս դեռ:

Սրբազա՛ն լեռ,  խնդրանք մը ունիմ:

Քու բարձր դիրքովդ շա՜տ  մօտ ես արծիւ տղոց, որոնց հոգիները կը սաւառնին հայրենիքի երկնակամարին վրայ: Մեր ողջոյնները փոխանցէ հերոսներուն: Ըսէ՛ իրենց, թէ մենք կը սպասէինք, որ ապահով վերադառնային իրենց ընտանիքներուն,  հարազատներուն: Մեզի պատմէին  իրենց քաջագործութիւններուն մասին, ու մենք հիացմունքով լսէինք ու ոգեւորուէինք: Ա՜խ, մենք տակաւին ի՜նչ ի՜նչ դասեր ունէինք սորվելիք իրենցմէ: Սակայն կ՛երեւի պէտք է խոստովանինք, որ  մեր հերոսները, իրենց  անձնուիրութեամբ, արդէն մեզի փոխանցեցին հայրենասիրութեան լաւագոյն դասը: Սորվեցուցին, թէ անձնազոհութեամբ է, որ կրնանք պահպանել հայրենիքը, այլ ընտրանք չկա՛յ: Հայրենի հողին նուիրեցին իրենց սրբազնագոյնը:

Սրբազա՛ն լեռ,

Վերջին երկու խօսք: Կ’արտօնե՞ս:

Քու տիրական ներկայութեամբ, թէեւ հեռուէն, բայց կը խնդրեմ,  հսկէ սահմաններուն վրայ հերոսաբար մարտնչող տղոց: Օրհնէ՛ անոնց իւրաքանչիւր զարկը: Ամոքէ վիշտը իւրաքանչիւր մօր, քրոջ կամ կնոջ, որ կորսնցուց իր սրտահատորը:

Իսկ  երբ հանդիպիս նահատակ հերոսներուն ճախրող հոգիներուն փոխանցէ՛ իրենց, որ մենք երբեք պիտի չմոռնանք զիրենք, որովհետեւ անմահացան: Վերապրող իրենց ընկերները կարօտով կը յիշեն ու կը փնտռեն զիրենք: Երդուած են, որ անոնք պիտի քալեն իրենց օրինակով, պիտի շարունակեն երթը եւ անկասկած որ  յաղթանակի օրը ցնծութեան կանչերով պիտի թնդան թէ՛ երկինքը, թէ՛ երկիրը: Արարա՛տ,

Այս տղաքը շաղախուեցան հայրենի հողին հետ, դարձան անոր մէկ մասնիկը: Անոնք իրենց հայրենասիրութեամբ եւ մանաւա՛նդ նահատակութեամբ գերազանցեցին մեզ: Մի՞թէ ասկէ աւելի  գօտեպնդիչ հայրենասիրութեան պատգամ կրնա՞յ ըլլալ:

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Առցանց Լսարան . «Հայկական Կողմը Կրնար Արձագանգել Իրանի Յայտարարութեան Երեք Կէտերուն» Հաստատեց Իրանագէտ Վարդան Ոսկանեան

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի Ցաւակցագիրը Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով
Անդրադարձ

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի Ցաւակցագիրը Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով

Մայիս 9, 2025
«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Գործադիր Տնօրէն Հայկակ Արշամեանի Ցաւակցագիրը` Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով
Անդրադարձ

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Գործադիր Տնօրէն Հայկակ Արշամեանի Ցաւակցագիրը` Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով

Մայիս 9, 2025
Կոչ
Անդրադարձ

Ցաւակցագիր

Մայիս 9, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?