Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազդակ»-ի Առցանց Լսարան . «Հայկական Կողմը Կրնար Արձագանգել Իրանի Յայտարարութեան Երեք Կէտերուն» Հաստատեց Իրանագէտ Վարդան Ոսկանեան

Նոյեմբեր 10, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ազդակ»-ի 17-րդ առցանց լսարանը տեղի ունեցաւ երէկ` երկուշաբթի, 9 նոյեմբեր 2020-ին, Երեւանի ժամանակացոյցով ժամը 18:00-ին: Զեկուցողն էր իրանագէտ Վարդան Ոսկանեան, նիւթ` «Արցախեան պատերազմ. իրանեան ընկալումներ եւ նախաձեռնութիւններ»: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժինի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան:

Զեկուցաբերը նախ ներկայացուց Իրանի ժամանակակից պատմութեան  կարեւորագոյն փուլերը, ժողովրդագրական համապատկերը` տարբեր մարզերու իւրայատկութիւններով:

Ոսկանեան խօսեցաւ հայկական զոյգ հանրապետութիւններ (Հայաստան եւ Արցախ) – Իրան յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ Իրան-Ազրպէյճան եւ Իրան-Վրաստան յարաբերութիւններու ընդհանուր ուղղութիւններուն մասին` կեդրոնանալով իրանեան Ատրպատականի երեւոյթին, անոր գործօն հանդիսանալու փաստին եւ այս բոլորին մէջ կրօնական դաւանանքի (շիի) ունեցած ազդեցութեան վրայ:

Իրանի հոգեւոր գերագոյն պետին բարձրագոյն հեղինակութիւնը ներկայացնելէ ետք, Վարդան Ոսկանեան վերլուծեց անոր կատարած յայտարարութիւնը արցախեան պատերազմի առիթով:

«Ա. Ազրպէյճանի գրաւուած տարածքները պէտք է ազատագրուին:

Բ. Արցախի ժողովուրդի անվտանգութիւնը պէտք է պահպանուի:

Գ. Երկու կողմերու պետական սահմանները պէտք է զերծ մնան յարձակումներէ»:

Դ. Իրանի սահմաններուն նկատմամբ որեւէ ոտնձգութիւն պիտի արժանանայ կտրուկ հակահարուածի:

Ոսկանեան այս սկզբունքները ըստ էութեան համապատասխան նկատեց մատրիտեան կամ անոր ածանցեալ բանակցային սկզբունքներուն: Ան հաստատեց, որ Պաքուն արձագանգեց միայն առաջին կէտին, մինչ հայկական կողմը կրնար մնացեալ երեքը փոխկապակցելով դրական արձագանգում կատարել: Մանաւանդ որ անվտանգութեան կը հսկէ Արցախի պաշտպանութեան բանակը, որ ըստ էութեան նաեւ կ՛արգելակէ իրանեան սահմաններուն նկատմամբ որեւէ խոչընդոտում. իսկ սահմաններու անհպելիութիւնը կ՛արգելակէ նաեւ Մեղրիի վրայով որեւէ համաթուրքական ծրագիրի իրականացումը:

Ոսկանեան ընդգծեց նաեւ Իրանի կողմէ հայկական կողմին կենսական ճանապարհ եւ ելք տրամադրելու  իրողութիւնը եւ տարբեր տեսքերով պետական օժանդակութիւնները:

Զեկուցումին յաջորդեցին հարց-պատասխանի բաժին եւ տեսակէտներու ներկայացման ճամբով քննարկում:

 

Նախորդը

Մայրենիին Նահատակութեան Արմատները – Ա. Նախ` Ընդհանուր Նշումներ

Յաջորդը

Զրոյց Արարատին Հետ

RelatedPosts

Ժագ Ս. Յակոբեանի Անմեռ Յիշատակին
Անդրադարձ

Ժագ Ս. Յակոբեանի Անմեռ Յիշատակին

Նոյեմբեր 8, 2025
Թուրքիոյ Ներքաղաքական Երկընտրանքը
Անդրադարձ

Get Lost!

Նոյեմբեր 8, 2025
Այսպէս Պիտի Երթեւեկենք
Անդրադարձ

Այսպէս Պիտի Երթեւեկենք

Նոյեմբեր 8, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?