Անդրադարձ

Սպաննել Ստրուկին

Սպաննել Ստրուկին

ԱՐԱ ՆՌԱՆԵԱՆ Երկու Հայաստանների պայքարը Հայաստանում գործադրուած ինքնաոչնչացման մեքանիզմն օրէցօր թափ է առնում: Բաւական է նայել գործընթացի ուղղութեան եւ տեղի ունեցող իրադարձութիւնների արագացմանը, որպէսզի հասկանանք, թէ ո՛ւր է այս ամէնը տանում: Յատկապէս պատերազմը սրեց այն բոլոր խնդիրները, որոնց բազմիցս անդրադարձել ենք` սկսած պետական կառավարումից, արտաքին ու ներքին քաղաքականութիւնից մինչեւ վերնախաւերի եւ իշխանութեան ձեւաւորում: Ժամանակակից հայ հասարակութիւնը չունի միասնական ընկալում, որը...

Թուրքիոյ Ներքաղաքական Երկընտրանքը

ՀՀ Քաղաքական Դաշտը Եւ Ժողովրդական Ընդդիմութեան Պայքարի Յաջորդ Փուլը

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ Հիմա, որ ՀՀ Ազգային ժողովի մեծամասնական ճակատը յստակօրէն դիրքորոշուեցաւ ընդդէմ արտահերթ ընտրութիւններու, յստակ է, որ իշխանութիւնը հանրութեան պիտի ներկայանայ «նոր լիազօրութիւններ»-ով: Իշխանութեան կողմէ միամտութիւն պիտի ըլլար յամառիլ արտահերթ ընտրութիւններու իր առաջարկին վրայ: Ինք հիմա վերալիազօրուած կառավարութիւն է եւ վե՛րջ: Իրականութեան մէջ ներկայ իշխանութիւնը կառավարութիւն է բոլորովին այլ պատճառով: Պատերազմը, մեզի բերած իր ամօթալի պարտութեամբ եւ անոր հետեւող նոյեմբեր...

Վահագն Գրիգորեանի Ժամանակի Գետը

Իմ Պէյրութը

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ Ինչպէ՞ս գտնել կորսուող Պէյրութի հետքերը, երբ ինչ որ ծանօթ ու հարազատ է քեզի, մտքիդ մէջ ներկայ է միշտ, զայն բաղդատել այլ ժամանակներու հետ, երբ քաղաքը քու դիմացդ կը քանդուէր ու կը կառուցուէր, աւելի ուշ, երբ կ՛այցելէիր այնտեղ, կը փորձէիր հասկնալ, թէ ի՛նչ կորսուած էր, թէ ի՛նչ էր փոխուեր, մանաւանդ որ շատ մը վայրեր սերտօրէն առնչուած էին կեանքիդ առաջին...

Մինչեւ Ե՞րբ

Մեր Տունը, Ինչպէս Բոլոր Տուները…

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ 10 դեկտեմբեր 2020-ին, հօրս թաղումէն մէկ շաբաթ ետք, հօրենական տան տանտէրը կապուեցաւ` ըսելով, որ տունը պէտք է պարպենք եւ մինչեւ յունուարի աւարտը բանալիները յանձնենք: Արդէն մօրս մահէն եօթը տարի անցած էր, իսկ հայրս ալ աւելի քան մէկ տարիէ ծերանոցն էր: Պէտք է յանձնէինք մեր վարձակալած տունը: 66 տարիներու կեանք մը պիտի փակէինք, ամբողջ յիշատակներու, երազներու, ցաւերու, ուրախութիւններու, տարեդարձներու,...

Տառադարձութիւն

Հայրենի Յուշեր (5). (Աբովեանի Հետքերով)

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ    - Խ. Աբովեան (իւղանկար` Ֆրիտրիխ Լիւտվիկ ֆոն Մայտելի) Անցող տասնամեակին  Հայաստան այցելութիւններէս մէկուն էր,  երբ առիթով մը որոշեցի ելլել Քանաքեռ` Խաչատուր Աբովեանի տուն-թանգարանը տեսնելու: Առ այդ, վարձակառք նստայ Հանրապետութեան հրապարակէն: Հանդիպեցայ հանգչուկ վարորդի մը, որ առաջին վայրկեանէն շահեցաւ վստահութիւնս: Ուրեմն երբեմնի, (Աբովեանի օրերու), իմ գիտցած կամ պատկերացուցած, Երեւանէն  5-6 քմ հեռու` անկէ անջատ Քանաքեռը չէր այս, վասնզի  կառքը...

Պատշաճ Ուղին` Ժողովրդի Վստահութիւնը Շահելու Համար

Պատշաճ Ուղին` Ժողովրդի Վստահութիւնը Շահելու Համար

ԼՈՐԻԿ ԹԻԹԻԶԵԱՆ Վերջերս «Ազդակ»-ում մի յօդուած կարդացի, որ վերնագրուած էր` «Թոյլ չտալ, որ ժողովուրդը յաղթէ ազգին» վերնագրով, Մագօ Մկրտիչեանի հեղինակութեամբ: (https://www.aztagdaily.com/archives/496345?hilite=%27%D5%84%D5%A1%D5%A3%D6%85%27) Չնայած, որ մենք երկար տարիների ընտանեկան ընկերներ ենք եւ յարգում եմ նրան որպէս նուիրուած մայր եւ ՀՕՄ-ի նուիրեալ անդամ ու իր բարեգործական նպատակները, համարում եմ, որ յօդուածը չափազանց վիրաւորական է մեր ազգի եւ ժողովրդի համար: Յօդուածի բովանդակութիւնը հետեւեալն է....

Այո՝ ժողովրդային շարժմանը, ոչ՝ անարխիային…

ՀՅ Դաշնակցութիւնը Եւ Պարսկաստանի Սահմանադրական Շարժումը

ԴԵՐԵՆԻԿ ՄԵԼԻՔԵԱՆ «Ալիք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր, պատմական գիտությունների թեկնածու 20-րդ դարասկզբի Կովկասի յեղափոխական եւ մտաւոր առաջընթացի մթնոլորտը, Իրանում՝ հայ հասարակայնութեան կրթա-դաստիրակչական ու մշակութային ամուր հիմքը եւ ռազմավարական նշանակութեամբ կարեւոր դիրք զբաղեցնող Ատրպատականում՝ հայ քաղաքական կուսակցութիւնների յեղափոխական գործունէութիւնը, պարզորոշ են դարձնում կովկասահայութեան ներկայութիւնն ու զօրաւոր դերակատարութիւնը՝ Իրանի Սահմանադրական յեղափոխութեան մէջ: Սակայն, նրանով հանդերձ, որ կովկասահայերը Սահմանադրական շարժման մէջ առաջատար դիրք էին...

Ուրախանանք Եւ Ուրախացնենք

Ե՞րբ Պիտի Գայ Արդար Ցասումը

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Ընկերային ցանցերու վրայ կը կարդամ դպրոցական աշակերտուհիի մը ողբաձայն բողոքը. «Երկու հայրենիք ունիմ, երկուքն ալ` տագնապահար»: Բնականաբար նկատի ունի իր ծննդավայրը ու բնակավայր հայրենիք Լիբանանը եւ Մայր Հայրենիք Հայաստանը: Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրի պատճառով ամբողջական փակումը թէեւ կը մեղմացուի, սակայն լրիւ բնականացման համար պէտք է համբերել երկուքական շաբաթներ տեւող չորս հանգրուաններու ընթացքին, երբ հետզհետէ պիտի արտօնուի կենցաղային եւ...

Փորձեցէք Գիշերները Քնանալ

Փորձեցէք Գիշերները Քնանալ

ՀՐԱԿ ԱՒԵՏԱՆԵԱՆ Սիրելինե՛ր, Այս բաց նամակը կը գրեմ, մինչ թոքերս առողջ կերպով չեն աշխատիր եւ իրենց կենսաբանական պաշտօնը լաւապէս ու բնականոն ձեւով չեն կատարեր: Այժմ կը շնչեմ քիթէս անցած խողովակներու ճամբով` կապուած թթուածին (օքսիժէն) արտադրող մեքենայի մը: Այո՛, վարակուած էի «Քորոնա» ժահրով: Դժբախտաբար մարմինս չկրցաւ դիմադրել անոր: Գրեթէ շաբաթուան մը համար կարիք ունեցայ հիւանդանոցային խնամքի ենթարկուելու: «Քորոնա»-ի պատճառած բարդութիւնները տակաւին...

Կոմիտասը` Երաժշտութեան Ճամբով

Գարեգին Նժդեհի Աճիւններու Փոխադրութիւնն Ու Թաղումը Հայրենի Հողին Մէջ` Ըստ Իր Բաղձանքին Եւ Ցեղակրօնութեան Հաւատամքը` Ըստ Նժդեհի

ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ Փրոֆ. Վարագ Առաքելեան իր յուշերուն մէջ կը գրէ հետեւեալը. «Ես դեռ տասը տարեկան պատանի էի, երբ լսեցի Նժդեհի անունը, իմ քեռին Զանգեզուրում եղել էր նրա զինուորներից: Այնուհետեւ հոգիս ու միտքս դադար չունէին, հարկաւոր էր փրկել Նժդեհի անունը: Չեմ յիշեր` ո՛ր թուին էր ձեռքս անցաւ մի գրքոյկ, որտեղ Նժդեհի բանտակիցը եւ հին օրերի ընկերը պատմում է նրա բանտային աւելի...

Չարիքի Ծաղիկները Կամ Պետութիւն Չունենալու Ճանապարհը

Չարիքի Ծաղիկները Կամ Պետութիւն Չունենալու Ճանապարհը

ԼԻԼԻԹ ԳԱԼՍՏԵԱՆ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Երէկ Շուշան Պետրոսեանը շատ զգացական, կ՛ասէի` գրողական մի գրառում էր արել. ռմբակոծութիւնից փախած կովերն օրեր անց վերադարձել էին տուն, Շօշ գիւղ: Այստեղ բանալի բառը տունն է: Տուն, որը շատերը կորցրին, հայրենիք, որ բոլորս կորցրինք… ու կորստի մխացող ցաւ, բաց վէրք, որը կը փակուի միայն մեր հաւաքական վերադարձով, մեր խլուած տունն ու դաւաճանուած հայրենիքը...

«Պուլիստներ»-ու Նախագահ  Ժէժէ Քէշեան Փառաւորուած Է

«Պուլիստներ»-ու Նախագահ Ժէժէ Քէշեան Փառաւորուած Է

ՄԱԿԱՐ ի Գաղիա, Կեդրոնականցի Արմենակ հեռաձայնեց. - Մակա՛ր, մեծ լուր: Քաղաքապետարանի տեղեկատուին մէջ կարդացի, որ հայ համայնքը, նաեւ ազգը, պատւըուած են: - Ի՞նչ պատիւ: Ո՞վ եկած Հայաստանէն,- հարցուցի: - Ինչու միայն հիւրե՞րը կը պատուեն: Չէի գիտեր, որ մեր քաղաքը «Պուլիստներու միութիւն»* ունի: Բազմաթիւ են միութիւնները, եւ իւրաքանչիւրը նախագահ ունի: Իմացայ, որ մեր քաղաքի «Պուլիստներու միութեան» նախագահը մեր հայրենակից Ժէժէն է,...

Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ

Եղե՞լ Է Պահը Երբեւէ Այսքան Վտանգով Լեցուն Ու Պոռթկուն

ԴՈԿՏ. ՄԱՐԻ ՌՈԶ ԱԲՈՒՍԷՖԵԱՆ Այս վտանգով լեցուն օրերին ով թիկունք է կանգնում, կամ լռում, մեկուսանում, դարան մտած հետեւում է, թէ դէպքերը ի՛նչ ուղղութեամբ են շարժւում, ո՛ր լծակն է աւելի ծանր, ո՛ր դրան յարի, նոյնքան թրքասէր եւ դաւաճան է, որքան` ներկայ իշխանութեան ողջ կազմը, ներառած` ոստիկանութիւնն ու գիշեր-ցերեկ ամենայն հոգատարութեամբ նրանց պաշտպանող ծառայութիւնները, նրանց կամակատարը դարձած իրաւապահ մարմինները, պետական ողջ համակարգը:...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Սլաք. Ինչպէ՞ս Դարմանել Մգլոտած Ուղեղները

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Պսակաւոր ժահրին դէմ պատուաստի արշաւներուն մեկնարկը մօտաւորապէս մէկ ամիսէ ի վեր լաւատեսութեան եւ յոյսի ալիքներ տարածած է արդարօրէն: Հիմա զրոյցներ շրջան կ՛ընեն, որ գիտնականները կ՛աշխատին նոր դեղ մը հնարել, որպէսզի կարելի ըլլայ համաճարակէն ազդուած եւ... մգլոտած ուղեղները դարմանել: «Մգլոտած ուղեղը ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ», պիտի հարցնէ ընթերցողս: Բացատրեմ, թէ ինչպէ՛ս կ՛ըլլայ: Աւելի քան 101 միլիոն մարդ որսացած, մօտաւորապէս 2,2 միլիոն...

Ֆութպոլի Մրցումն Ու Արցախեան Պատերազմը

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ   Անկեղծօրէն, եթէ այս խորագիրը տասը տարեկան թոռնիկս կարդալու ըլլար, պիտի ըսէր,  «չեմ հասկնար, այս պապիկիս ի՞նչ եղած է...ֆութպոլ-Արցախ, այս երկուքը իրարու հետ ի՞նչ կապ ունին»: Ուստի, միտքս պարզեմ: Այսպէս, պատանի օրերէն էր, երբ Կիրակի մը, մեր քաղաքի քաղաքապետարանի դաշտէն ընկերներով, ե՛ւ քալելով, ե՛ւ գլխիկոր, մեր ակումբը վերադարձանք: Որովհետեւ, այդ անիծեալ օրը, ֆութպոլի մեր խումբը պարտութիւն մը կրած...

Վերջին Այցելութիւն՝ Պարտէզ

Վերջին Այցելութիւն՝ Պարտէզ

ՍԵՒԱՆ ԱՍԱՏՈՒՐԵԱՆ-ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Ոսկան ուժեղ կազմուածքի տէր, քեսապցի, աշխատասէր, երիտասարդ հողագործ մըն էր: Երբ ան լուսաբացի արեւուն հետ պարտէզ իջնէր, պարտէզի գործերը ընթացք կ՚առնէին անմիջապէս: Ան գիւղի ամէնէն աշխատասէր հողագործն էր: Առաջինն էր, որ պարտէզի ծառերը կը յօտէր, կը դեղէր, կը հերկէր եւ բերքը կը հաւաքէր: Այս բոլոր գործերը առանձին կ՚ընէր, օգնական չունէր, միակ օգնականը կինն էր: Երկու տասնեակ տարիներ Ոսկան...

Նուպար Աֆէեան Արժանացաւ Լիբանանի «Ազգային Արժանեաց Կարգ»-ի Շքանշանին

Նուպար Աֆէեան Արժանացաւ Լիբանանի «Ազգային Արժանեաց Կարգ»-ի Շքանշանին

2 փետրուար 2021-ին Ուաշինկթընի մէջ Լիբանանի դեսպանին ձեռամբ Հայ աւետարանական քոլեճի նախկին աշակերտ, բարերար ու լաւ բարեկամ  Նուպար Աֆէեան արժանացաւ Լիբանանի «Ազգային արժանեաց կարգ»-ի շքանշանին` առ ի գնահատանք «Քորոնա» վարակի բուժման համար իր ղեկավարած «Մոտերնա» ընկերութեան ձեռքբերումներուն: Ստորեւ կու տանք շահեկան հատուածներ իր ելոյթէն` անգլերէնէ հայերէնի ազատ փոխադրութեամբ: «Ծնած եմ Պէյրութի Ուաթուաթ թաղամասին մէջ եւ հասակ առած` Քլեմանսօ շրջանին մէջ,...

agnarg_2621

Ակնարկ. Քաղաքական Ակնկալութիւններ

Նշանակեալ եւ ընթացիկ աշխատանքները վարող վարչապետներուն, ինչպէս նաեւ Ընդհանուր ապահովութեան տնօրէնին մագոգային այցելութիւնները յայտնաբար կ՛առաջադրեն կառավարութեան կազմութեան հանգուցալուծումը: Նշանակեալ վարչապետը տարածաշրջանին մէջ ազդեցութիւն ունեցող երկիրներու մայրաքաղաքներ այցելելով կը փորձէ կանաչ լոյսեր ապահովել, ընթացիկ գործեր վարող կառավարութեան պետը ներքին քաղաքական դաշտին մէջ համաձայնութեան ենթահող կը փորձէ ձեւաւորել, իսկ Ընդհանուր ապահովութեան տնօրէնը ներքինին առընթեր Արաբական ծոցին մէջ կ՛աշխուժացնէ հանդիպումները` կառավարութեան կազմութեան ազդանշաններ...

Պարո՛ն Եփրեմը…

Պարո՛ն Եփրեմը…

ՍԵՒԱԿ ՔԵՆՏԻՐՃԵԱՆ 91 գարուններով լեցուն կեանքի մը պատմութիւնը դժուար պիտի ըլլայ ամփոփել էջերու մէջ, բայց եւ այնպէս այս դժնդակ, անհամ, ոչ գեղեցիկ օրերուն, երբ ամէն օր սիրելիի մը, հարազատի մը, ծանօթի մը կորուստը կը սգանք, երբ ազգովին սուգի մէջ ենք, եւ այդ սուգը ահաւոր ազդեցութեամբ ճնշած է մեր հոգիներուն վրայ, երբ մեռնիլը որքա՜ն դիւրացած է, պիտի չուզէինք չանդրադառնալ կեանքով, նուիրումով...

Մեր Պետականութեան Լինել-Չլինելու Մեծ Փորձաքննութիւնը

Թափանցումը Որպէս Տիրապետութեան Ուղիղ Ճանապարհ

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ Բ. Խօսակից եւ թիրախ` միաժամանակ Այս բաժինի սկիզբէն իսկ պէտք է հաստատել, որ իր հիմնադրութեան սկզբնական տարիներէն իսկ ՀՅ Դաշնակցութիւնը խօսած, բանակցած է ոչ միայն համաշխարհային ուժի կեդրոններուն, այլ նաեւ մինչեւ իսկ հայութեան թշնամիներուն հետ: Մինչեւ իսկ սուլթան Համիտ Բ.ի հետ: Այո՛, 1896-ին սուլթան Համիտ Բ. պատուիրակութիւն մը ղրկեց Ժընեւ` բանակցելու համար ՀՅ Դաշնակցութեան հետ (Տատեանի առաքելութիւնը), եւ...

Page 347 of 807 1 … 346 347 348 … 807

Արխիւներ