Լեհերէնով Լոյս Տեսան Հայոց Ցեղասպանութեան Ընծայուած Երկու Նոր Հատորներ
ԴՈԿՏ. ԱՐԱ ՍԱՅԵՂ Հայոց ցեղասպանութեան մասին միջազգային աղբիւրները ընդհանրապէս եւ լեհական գրականութիւնը մասնաւորապէս հարստացան նոր երկու լեհերէն հատորներով: 2020 թուականի երկրորդ կիսուն լոյս տեսաւ «Բնաջնջել հայերը - ցեղասպանութեան պատմութիւն» խորագրով գիրքը, որ կը պարունակէ 233 միջակ չափի էջ, հրատարակուած` Մարեք Տերեվիէցքի հրատարակչութեան կողմէ, Լեհաստանի Պոզնան քաղաքի մէջ: Գիրքին հրատարակութիւնը կը վայելէ Լեհաստանի մշակոյթի եւ ազգային ժառանգութեան նախարարութեան նիւթական աջակցութիւնը, մշակոյթը...



















