Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՀ Քաղաքական Դաշտը Եւ Ժողովրդական Ընդդիմութեան Պայքարի Յաջորդ Փուլը

February 9, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Հիմա, որ ՀՀ Ազգային ժողովի մեծամասնական ճակատը յստակօրէն դիրքորոշուեցաւ ընդդէմ արտահերթ ընտրութիւններու, յստակ է, որ իշխանութիւնը հանրութեան պիտի ներկայանայ «նոր լիազօրութիւններ»-ով: Իշխանութեան կողմէ միամտութիւն պիտի ըլլար յամառիլ արտահերթ ընտրութիւններու իր առաջարկին վրայ: Ինք հիմա վերալիազօրուած կառավարութիւն է եւ վե՛րջ:

Իրականութեան մէջ ներկայ իշխանութիւնը կառավարութիւն է բոլորովին այլ պատճառով: Պատերազմը, մեզի բերած իր ամօթալի պարտութեամբ եւ անոր հետեւող նոյեմբեր 9-ի ամօթալի համաձայնագրով, պատճառ դարձած է, որ ՀՀ ներքին քաղաքական դաշտը լայն չափերով անհետանայ: Քաղաքական դաշտին մէկ մեծ շերտը ինկած է ինքնաբարոյալքումի, կրաւորականութեան, եւ, հետեւաբար, քաղաքական զգայազրկութեան (political apathy) վիհը, որմէ ինքնաբերաբար կ՛օգտուի ներկայ իշխանութիւնը: Որեւէ ամբոխահաճ (populist) իշխանութեան երկրորդ նախընտրութիւնն է ասիկա` առաջինը ըլլալով ամբոխի կոյր հաւատքը: Հիմա հոս ենք: Պր. Փաշինեան կ’օգտուի հասարակութեան «ինքնաբացարկման» տէ ֆաքթօ-էն եւ Մոսկուայի ենթադրեալ հովանաւորութենէն: Եւ անշուշտ` խորհրդարանական մեծամասնութեան (իր համախոհական դաշտի) վերջին որոշումէն: Հանրութեան զանգուածային զօրակցութիւնը ստանալու առումով, ընդդիմութեան գործը այժմ կը թուի գտնուիլ նոր փուլի մը պահանջկոտ նախասեմին:

Նկատի առնելով վերոյիշեալը` պէտք է հանել հետեւեալ կարեւոր եզրակացութիւնը վաղուան գործին համար: Այսօր արդէն ընդդիմութեան գլխաւոր առաջնահերթութիւնն է վերականգնել ՀՀ քաղաքական դաշտը: Ետ բերել քաղաքացին: Զայն վերստին քաղաքականացնել: Զայն վերստին մղել դէպի իր իրաւունքները: Բնաջինջ ընել անտարբերութեան գօտին քաղաքական կեանքի ոլորտէն եւ իշխանութեան ձեռքէն խլել հասարակութեան ներկայ օրերու ապաքաղաքական վերաբերմունքի զէնքը եւ այդ զէնքը փճացնել:

Այս բանին համար անհրաժեշտ է, առաջին հերթին, հրապարակել ընդդիմութեան շօշափելի ծրագիրը (political platform) երկրի տնտեսական եւ ընկերային ոլորտներու վերաշխուժացման համար: Այն ինչ որ ցարդ ծանուցուած է որպէս ծրագիր, մեծապէս անբաւարար է այլեւս նախատեսուած քաղաքական արշաւին համար: Ընդդիմութիւնը հանրութեան կը պարտի իր հանգամանաւոր ծրագիրը: Ծրագի՛ր, որ համոզիչ լուծում կը հայթայթէ հասարակութեան իրական հարցերուն եւ կը յաջողի հասարակութիւնը վերակենդանացնել որպէս պահանջատիրական գործօն: Նուրբ եւ դժուարին առաքելութի՛ւն մը ` լաւագոյն պարագային իսկ:

Երկրո՛րդ: Պէտք է իրապաշտօրէն մատնանշել այսօր, որ ցարդ ընդդիմութիւնը իր «թեկնածու»-ին տուած է կէս-սիրտ զօրակցութիւն մը միայն էապէս հանրութեան յղելով այն շփոթեցուցիչ պատգամը, որ ինք լիարժէք վստահութիւն չունի իր թեկնածուին վրայ®Ընդդիմութիւնը հանրութեան ներկայացած է ժամանակաւոր թեկնածուով մը միայն` անորոշ թողնելով իր ապագայի դիտաւորութիւնները: Եթէ Վազգէն Մանուկեանը չէ ընդդիմութեան իրական թեկնածուն, ապա ո՞վ է: Հասարակութիւնը իրաւունք ունի այս հարցումը ուղղելու: Ասիկա հիմնական բաց մըն է այս կէտին վրայ այլեւս ընդդիմութեան քաղաքականութեան մէջ: Այս հարցը պէտք է լուծուի: Իր «ձեռքերը քաղաքականութենէն լուացած» եւ քաղաքական անտարբերութիւնը ընտրած հասարակութիւնը յստակօրէն պէտք ունի աւելի մեկին տեղեկութեան…որպէսզի սկսի իր գրաւը դնել 17-ի ընդդիմութեան վրայ: Պարզ խօսքով, ընդդիմութիւնը յստակ պատասխան պէտք է տայ հետեւեալ հարցումին: Ըստ ընդդիմութեան, ո՞վ է վաղուան վարչապետը®Առանց այս հարցումին տրուած յստակ պատասխանի` ընդդիմութիւնը ակամայ կը «զօրացնէ» Փաշինեանին ձեռքը…որպէս արդէն իսկ բեմը զբաղեցնող քաղաքական ուժի: Կը գտնուինք այս անհեթեթ կացութեան մէջ:

Ներկայ դրուածքով, ՀՀ քաղաքական դաշտի տեղքայլը կը թուի ըլլալ Փաշինեանի լաւագոյն քաղաքական «յենարան»-ը: Մինչդեռ իր մերժելի վարքագծով եւ աղէտաբեր պարտուողականութեամբ, Փաշինեանն է, որ պէտք է մղէ քաղաքական դաշտը զօրավիգ կանգնելու ընդդիմութեան դատին, որ հանրութեան հարազատ դատն է: Այս դիրքերը պէտք է անյապաղ շրջուին: Երկիրը պէտք է դուրս գայ այս անհեթեթ եւ ծիծաղելի թիւրիմացութենէն եւ անելէն:

Եւ որպէսզի կարելի ըլլայ յաջողապէս շրջել այս դիրքերը, ընդդիմութիւնը արագօրէն պէտք է լուծէ «հաւատք»-ի (credibility) երկու խնդիր: Առաջին` վերականգնել հասարակութեան հաւատքը ինքնիր քաղաքական ուժին հանդէպ: Երկրորդ, նուաճել հասարակութեան լայնածաւալ վստահութիւնը ի նպաստ 17-ի կարողականութեանց: Ընել այնպէս, որ հասարակութիւնը մեծ զանգուածով հաւատայ, որ17-ի ընդդիմութիւնն է ներկայ իշխանութեան հարազատ եւ անվիճելիօրէն փրկարար այլընտրանքը, եւ ինքն է երկրի առաջնորդող ուժը: Այս պարտաւորիչ սեմն է, որ կը ներկայացնէ ընդդիմութեան եւ երկրի մեծ մարտահրաւէրը այսօր: Եւ ան ամէն գնով պէտք է նուաճուի որպէս մեկնարկը մեր անկախ պետականութեան յաջորդ ոստիւնին:

Փետրուար 8, 2021
Ուաշինկթըն

Նախորդը

Փիւնիկի Ֆութպոլիստները Յարգեցին Արցախեան Պատերազմին Զոհուածներուն Յիշատակը

Յաջորդը

Տասը Հետաքրքրական Բան… Մատամ Թիւսոյի Թանգարանը

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.