Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փորձեցէք Գիշերները Քնանալ

Փետրուար 8, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱԿ ԱՒԵՏԱՆԵԱՆ

Սիրելինե՛ր,

Այս բաց նամակը կը գրեմ, մինչ թոքերս առողջ կերպով չեն աշխատիր եւ իրենց կենսաբանական պաշտօնը լաւապէս ու բնականոն ձեւով չեն կատարեր: Այժմ կը շնչեմ քիթէս անցած խողովակներու ճամբով` կապուած թթուածին (օքսիժէն) արտադրող մեքենայի մը:

Այո՛, վարակուած էի «Քորոնա» ժահրով: Դժբախտաբար մարմինս չկրցաւ դիմադրել անոր: Գրեթէ շաբաթուան մը համար կարիք ունեցայ հիւանդանոցային խնամքի ենթարկուելու: «Քորոնա»-ի պատճառած բարդութիւնները տակաւին կը շարունակեն ազդել առողջութեանս եւ շնչառութեանս վրայ, բայց օրէ օր թոքերս յառաջդիմութիւն ու բարելաւում կ՛արձանագրեն:

Որոշեցի գրել, նախ ըսելու համար, որ ամօթ չէ վարակուիլը, հիւանդանալը կամ նոյնիսկ ֆիզիքական անկում մը ապրիլը: Ամչնալու կամ թապույի նիւթ պէտք չէ ըլլայ «Քորոնա»-ն: Կամայ թէ ակամայ «Քորոնա»-ն այսօր մեր իրականութեան մաս կը կազմէ եւ գաղտնի, արագ եւ սրիկայաբար կեանքեր կը խլէ: Յարգի կեանքեր: Սիրելի մարդիկ:

Բարեբախտաբար եւ հազար փառք Աստուծոյ, ես այսօր կա՛մ, ողջ եմ, պինդ եմ, կայուն եմ: Բայց ուրիշները` ո՛չ: Խօսուն ու սարսափելի թիւերը ձեր դիմացն են: Գաղութիս մէջ կա՞յ մէկը, որ ընտանեկան պարագայ, դրացի, բարեկամ եւ կամ ծանօթ մը չկորսնցուց «Քորոնա»-ին իբրեւ հետեւանք: Մեզմէ ոչ մէկը այս վտանգէն զերծ է:

Չկարծէք, թէ լաւ գործ կամ ապահովագրական լաւագոյն ծրագիր ունենալը բան կը փոխէ: Հիւանդանոցները լեցուն են: Բառացիօրէն` տեղ չկայ: Երբ կ՛ըսեմ հիւանդանոցը գիշերեցի, չկարծէք, թէ սենեակ կամ անկողին ունէի: Բուժման ամբողջ տեւողութեան մնացի շտապ օգնութեան բաժնի միջանցքներուն մէջ` անուաւոր սայլակառքի մը վրայ: Ուրիշներ` աթոռի վրայ, իսկ նոր հասնողները` ոտքի, մինչեւ աթոռ կամ սայլ մը դասաւորուի:

Բժշկական կազմը` յոգնած, սպառած, նոյնիսկ մաշած է: Այնքա՜ն հիւանդ կայ, որ իրապէս ժամանակ չունին բոլորին հասնելու եւ կամ բաւարար ուշադրութիւն դարձնելու իւրաքանչիւր հիւանդի: Հիւանդանոցները այլեւս այդ վայրերը չեն, ուր կ՛երթանք եւ ապահով ձեռքերու մէջ կ՛ըլլանք: Ո՛չ: Խառնիճաղանճ է վիճակը, ուր ժամը նոր` հիւանդը նոր: Քաոսային կացութիւն մը կը տիրէ:

Մոռցէք ցաւերը եւ գիշերները փորձեցէք քնանալ, երբ հերթաբար Կարմիր խաչի հիւանդատարներ կու գան նոր պարագայով մը` Շտապ օգնութեան բաժանմունք: Լսեցէք անոնց ընտանիքներուն վախն ու խուճապը: Լսեցէք անոնց լացն ու պոռչտուքը, երբ հիւանդանոցը մերժէ հիւանդը ներս առնել` ոչ թէ որովհետեւ այլեւս բացարձակապէս տեղ չմնաց (որ այդպէս է), այլ որովհետեւ հիւանդը արդէն մուտքին մահացած է:

Փորձեցէք քնանալ գիշերները, երբ ձեր քովի հիւանդը գրեթէ կիսամեռ վիճակի մէջ է: Իսկ յաջորդ օրը` անոր մարմինը չկայ: Բժիշկը կ՛ըսէ` տեղափոխեցին զինք, բայց դուն արդէն տեսար, որ մարմինը մեռելի յատուկ ճերմակ պատեանով մը ծածկեցին, բայց չտեսնել ձեւացուցիր:

Փորձեցէք քնանալ գիշերները, երբ ականատես կ՛ըլլաք, թէ` թթուածինի մեքենայի անբաւարար թիւին պատճառով բժիշկը պէտք է դժուար որոշում տայ եւ անջատէ հիւանդներէն մէկուն մեքենան, որպէսզի ուրիշի մը կեանքը փրկէ:

Փորձեցէք քնանալ գիշերները, նոյնիսկ երբ այլեւս տուն վերադարձած էք` ուշադի՛ր, կռնակնիդ շիտակ, եւ փորձեցէք անտեսել, մոռնալ կամ գէթ մտահան ընել հիւանդանոցին հոգեբանական խոցն ու վախը: Փորձեցէք քնանալ գիշերները…

Տարեկիցնե՛րս,

Թուլութեամբ չվերաբերինք «Քորոնա»-ին հետ: Չփորձենք ճարպիկութիւններ ընել եւ յայտարարուած ուղեգիծերէն դուրս ելլել: Մի՛ ըսէք` «Երիտասարդ ենք, բան չ՛ըլլար»: «Քորոնա»-ն տարիք չի ճանչնար: Ահա՛ ես:

Իսկ երէցներու պարագան շատ աւելի վատ է ու վտանգաւոր: Հաւատացէ՛ք, չէք ուզեր ձեր հայրերն ու մայրերը, մեծ մայրերն ու մեծ հայրերը այդ վիճակին մէջ տեսնել: Անոնց համբերութիւնը կրնայ հատնիլ, եւ օրէ օր` ապրելու յոյսերն ալ:

Ամէնէն վատ բաժինը մահուան գաղափարն է: Մահ` ընտանիքէ հեռու եւ սիրելիներէ բաժնուած: Բայց եկէք մահուան փոխարէն կեանքի մասին մտածենք:

Բժիշկներէն մէկը բացատրեց, որ ես ուրիշներէն շատ աւելի արագ դուրս եկայ հիւանդանոցէն, որովհետեւ, անկախ երիտասարդ տարիքէս, թոքերս համեմատաբար աւելի առողջ են չծխելուս պատճառով: Անոր համար կ՛աղաչեմ ձեզի, եկէք հրաժարեցէք ծխախոտէն: Իրապէս անիկա մահը կ՛արագացնէ: Երբ առողջանամ ու կարենամ սովորականին նման ճամբան քալել, եւ պատահաբար հանդիպինք, մի՛ նեղուիք, երբ խնդրեմ, որ ծխախոտը մարէք: Ձեզ սիրելուս պատճառով պիտի ըսեմ: Թոյն է, որ կը ծխէք:

Ընկերնե՛ր,

Հիւանդանոցին մէջ հիւանդներուն մէկ կարեւոր մասը հայեր էին: Իրարմով կը մխիթարուէինք: Հայերէն կը խօսէինք: Բայց մեր փոքրիկ գաղութին համար այս թիւերը շատ մեծ են:

Մեր գաղութը, մեր ընտանիքները, մեր միութիւնները, մեր եկեղեցիները, մեր ազգը մեզի պէտք ունի: Մեզի ո՛ղջ պէտք ունի: Մեզի առո՛ղջ պէտք ունի: Բոլորի՛ս պէտք ունի` մեծ ու պզտիկ:

Տղա՛ք,

Կը ցաւիմ, երբ տակաւին կը լսեմ, որ շատեր չեն հաւատար «Քորոնա»-ի, երբ կ՛ըսեն` «Միջազգային սուտ մըն է», «Քոնսփիրըսի է» կամ «Պետութիւնը դիտմամբ թիւերը կը բազմապատկէ»: «Քորոնա»-ն սուտ չէ, անիկա մարդկութեան նորօրեայ պատմութեան աղէտն է:

Սթափի՛նք: Մեր դիմակները դնենք, մեր ձեռքերը լուանք եւ ֆիզիքական հեռաւորութիւնը յարգենք: Կասկածով չնայինք պատուաստներուն: Անոնք եղած են օգնելու մեզի: Իրարու հանդէպ քաղաքավար եւ համբերատար ըլլանք: Մեզմէ իւրաքանչիւրը իր հոգերը, ցաւերը, հիւանդութիւնները եւ սուգը ունի: Օրերը լաւ չեն: Իրականութեան մէջ` շատ դժուար են: Բայց ամուր մնանք: Իրարու օգնութեան հասնինք: Իրարու մասին մտածենք: Իրարու լաւագոյնը ցանկանք: Կեանքը շատ կարճ է: Միասին յաղթահարենք այս փուլը:

5 փետրուար 2021

 

Նախորդը

Պսակաձեւ Ժահրախտի Համաճարակը Մէկ Տարեկան

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Յայտարարութիւններ (15 Մայիս 2025)
Անդրադարձ

Շնորհահանդէս՝ Երեքշաբթի 20 Մայիսին. «Լիբանանահայ Թատրոնը (1920-2020)» (Հեղինակ` Յարութ Գնդունի)

Մայիս 16, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Նշմար. Յիշելով Օլիվըր Նորթը Եւ «Խունթա»-ները

Մայիս 16, 2025
Ազրպէյճանական հակահայ արշաւը թրքական ժխտողականութեան ենթահողին վրայ. Լատինական Ամերիկայի պարագան
Անդրադարձ

Համահայկական Հռչակագրի Տասնամեակին Ցեղասպանութեան Միջազգային Ճանաչումը Ծուռ Հայելիին Մէջ

Մայիս 16, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?