Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Պուլիստներ»-ու Նախագահ Ժէժէ Քէշեան Փառաւորուած Է

February 8, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԿԱՐ ի Գաղիա,

Կեդրոնականցի Արմենակ հեռաձայնեց.

– Մակա՛ր, մեծ լուր: Քաղաքապետարանի տեղեկատուին մէջ կարդացի, որ հայ համայնքը, նաեւ ազգը, պատւըուած են:

– Ի՞նչ պատիւ: Ո՞վ եկած Հայաստանէն,- հարցուցի:

– Ինչու միայն հիւրե՞րը կը պատուեն: Չէի գիտեր, որ մեր քաղաքը «Պուլիստներու միութիւն»* ունի: Բազմաթիւ են միութիւնները, եւ իւրաքանչիւրը նախագահ ունի: Իմացայ, որ մեր քաղաքի «Պուլիստներու միութեան» նախագահը մեր հայրենակից Ժէժէն է, Ժէժէ Քէշեան, անցեալին եղած է Գէորգ Քէշիշեան:

– Լա՛ւ է, կը նշանակէ, որ հայ Ժէժէն համարկուած, էնթեկրէ եղած քաղաքացի է:

– Չկարծես, որ շքանշան ստացած է: Պսակաձեւ ժահրի` «Քովիտ 19»-ի այս օրերուն «Պուլիստներ»-ը չեն խաղար: Բայց իրենց նախագահը քաջաբար այդ ժահրին դէմ առաջին պատուաստուողներէն եղած է, եւ քաղաքապետարանի Կազեթը ի լուր աշխարհի հաղորդած է լուրը, որ Պուլիստներու նախագահը պատուաստուած է:

– Արմենա՛կ, ձեր քաղաքի Կազեթի լրագրողը էջի վրայ պարապ մնացած անկիւն մը ունէր եւ Ժէժէիդ պատուաստուելու աւետիսը տուած է:

– Լսէ՛: Ժէժէն թեւին տակ տրցակ մը Կազեթով կը պտտի, եւ ամէն անգամ որ մէկը բարեւէ, կու տայ Կազեթ մը, որուն մէջ իր պատկերն ալ կայ, ափին մէջ երկաթեայ գունտ մը:

– Ցուցադրուելու մարմաջի դարուն Ժէժէդ իր բաժինը ստացած է շաուէն (show): Ժամանակին մարդն է:

– Մակա՛ր, պատմութիւնը հոս չ՛աւարտիր: Կազեթի լրագրողին դիտողութիւն ընողներ եղած են, որ այդ լրագրական ի՜նչ թեթեւսոլիկութիւն է,- ուրեմն դեռ ողջմիտներ կան,- ան ըսած է, որ նախագահ Ժէժէն զինք հրաւիրած է քաղաքի չինական ճաշարանը եւ փափաքած, որ իր «Քովիտ»-ի դէմ պայքարելու-պատուաստուելու հերոսութեան լուրը հաղորդէ:

– Պռաւօ՛, ուրեմն ձեր քաղաքին մէջ կը շարունակուի ղազեթաճիութեան աւանդութիւնը:

– Մակա՛ր, Կազեթէն օրինակ մը պահած եմ քեզի համար: Կը ղրկես հայկական թերթերուն: Այս մէկը ընթացիկէն տարբեր գօտեպնդող լուր է:

Հեռախօսի անջատուելէն ետք խորհեցայ, որ Կեդրոնականցին սփիւռքի վրիժառական տենչին պատմաբանը կրնայ ըլլալ եւ անմահացնել հերոս Ժէժէները:

Ի վերջոյ յաղթանակը աւելի լաւ է, քան` պարտութիւնը:

 27 յունուար 2021

* «Պուլիստ»-ը կը խաղայ նարինջի մեծութեամբ մետաղեայ գունտերով: Ժողովրդական խաղ մը, որ ախոյեաններ ալ ունի:

Նախորդը

Եղե՞լ Է Պահը Երբեւէ Այսքան Վտանգով Լեցուն Ու Պոռթկուն

Յաջորդը

Չարիքի Ծաղիկները Կամ Պետութիւն Չունենալու Ճանապարհը

RelatedPosts

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.