Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Տունը, Ինչպէս Բոլոր Տուները…

Փետրուար 9, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ

10 դեկտեմբեր 2020-ին, հօրս թաղումէն մէկ շաբաթ ետք, հօրենական տան տանտէրը կապուեցաւ` ըսելով, որ տունը պէտք է պարպենք եւ մինչեւ յունուարի աւարտը բանալիները յանձնենք: Արդէն մօրս մահէն եօթը տարի անցած էր, իսկ հայրս ալ աւելի քան մէկ տարիէ ծերանոցն էր:

Պէտք է յանձնէինք մեր վարձակալած տունը:

66 տարիներու կեանք մը պիտի փակէինք, ամբողջ յիշատակներու, երազներու, ցաւերու, ուրախութիւններու, տարեդարձներու, հարսանիքներու, նոր տարիներու, զատիկներու, կիրակի կէսօրուան ճաշերու, թաղի պահակ տղոց նախաճաշի սպասարկման, տարբեր սերունդներու, տարբեր հարազատներու ամբողջ փաղանգի մը դուռը եւս պիտի փակուէր այդպիսով:

Պէտք է երթամ եւ հաւաքեմ այդ ամբողջ յիշատակներու, զգացումներու, յուզումի եւ իւրաքանչիւր առարկայի հետ կապուած պատմութիւնը:

Ներաշխարհիս մէջ այս բոլորին վերանորոգման վախին պատճառով քանի մը անգամ երթալը յետաձգելէ ետք, կիրակի առտու բացի մեր տան դուռը:

Առանձին էի այդ փոքրիկ` երկու սենեականոց տան մէջ, ուր վեց հոգիով (հայր, մայր եւ չորս եղբայրներ) ամբողջ կեանք մը անցուցած էինք: Դպրոցական օրեր, ռմբակոծում, պատանեկան, ԼԵՄ-ական օրեր, քաղաքական վէճեր, ազգային վէճեր, կիրակի առաւօտներու խունկ, պատարագի ձայնը, կիրակի կէսօրներու անյետաձգելի խորովածը, ամառները փողոցը նստիլը, ձմեռները կրակարանին շուրջ հաց ու պանիր տաքցնելը եւ հեռատեսիլ դիտելը: Երբ գիրք մը տուն մտնէր, պիտի սպասէի, որ կարգս հասնէր: «Բժիշկ»-ը, «Բագին»-ը, «Ազդակ»-ը, «Դրօշակ»-ը, «Փարոս»-ը, «Նայիրի»-ն, թատրոն, եկեղեցի, տօնակատարութիւններ… Այս բոլորը կը տողանցէին աչքիս առջեւ, եւ ամէն մէկ թուղթ, նկար, թերթ կամ պրոշիւր զիս կը տանէին հեռուները… Թաց աչքերով կը նայէի շուրջս, յիշատակներու տարափը կը խեղդէր հոգիս: 6 հոգիով այս երկու սենեակներէ բաղկացած տան մէջ ապրուած ամբողջ կեանք մը, հայրս եւ մայրս` ժուժկալ, քիչով գոհացող, երազներ հիւսող, Լիբանանին կառչած, Լիբանանին կապուած եւ մինչեւ իրենց վերջին շունչը Պուրճ Համուտի մէջ ապրած տան մը ճրագները հողին յանձնած` այսօր ահաւասիկ կը կղպեմ դուռը մեր տան եւ հոն կը ձգեմ 66 տարիներու պատմութիւնը:

Հաւանաբար մեր տան պատմութիւնը նման է բոլոր տուներու պատմութեան: Սակայն չեմ գիտեր ի՛նչը այսքա՜ն կապած է մեզ, ի՛նչը այսքա՜ն զգացական դարձուցած է:

Տարիքը, կեանքի դժուար օրերը, Պուրճ Համուտի հայաթափութիւնը, հին օրերու կարօտը, գալիք օրերու անորոշութիւնը:

Միայն մէկ բան զգացի, որ երբ դուռը փակեցի, հոն ձգեցի ամբողջ կեանք մը, բայց եւ այնպէս մենք այսօրուան մեր անորոշ եւ մտահոգիչ իրավիճակին մէջ կառչած կը մնանք մեզի փոխանցուած աւանդներուն, որովհետեւ, փաստօրէն, այդ յիշատակներուն մէջ կան ամբողջ սերունդի մը կեանքն ու երազները, զորս մեր սրտերուն մէջ կը պահենք, կ՛ապրեցնենք ու կը տանինք մեզի հետ:

Երբ հասայ թաղին անկիւնը, մտաբերեցի ամբողջ ճամբու երկարութեան գտնուած եւ այսօր մեզմէ առյաւէտ բաժնուած դրացիները` տիկին Ալիսը, տիկին Հերմինէն, տիկին Մաքրուհին, պրն. Ստեփանը, տիկին Արմէնուհին, տիկին Լուսինը, պրն. Պետրոսը: Բոլորը արդէն չկան: Սերունդ մը, որ Լիբանանի ամէնէն դժուար օրերուն իրարու հասաւ օգնեց, ուրախութիւն եւ տխրութիւն բաժնեց:

Այսպէս էր մեր տունը, ինչպէս բոլոր տուները, նման են իրարու: Նոյն ճակատագիրով, նոյն յիշատակներով եւ նոյն զգացումներով ապրած, իրարու կապուած եւ արդէն առյաւէտ մեկնած բարի, համեստ, ազնիւ, անանձնական եւ նուիրեալ սերունդ մը…

 

 

Նախորդը

Հոգեհանգստեան Կարգ Վասն Հոգւոցն Հայրապետացն Եւ Համայն Միաբանից Ուխտին Կիլիկեան

Յաջորդը

Իմ Պէյրութը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?