Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սլաք. Ինչպէ՞ս Դարմանել Մգլոտած Ուղեղները

Փետրուար 8, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Պսակաւոր ժահրին դէմ պատուաստի արշաւներուն մեկնարկը մօտաւորապէս մէկ ամիսէ ի վեր լաւատեսութեան եւ յոյսի ալիքներ տարածած է արդարօրէն: Հիմա զրոյցներ շրջան կ՛ընեն, որ գիտնականները կ՛աշխատին նոր դեղ մը հնարել, որպէսզի կարելի ըլլայ համաճարակէն ազդուած եւ… մգլոտած ուղեղները դարմանել:

«Մգլոտած ուղեղը ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ», պիտի հարցնէ ընթերցողս: Բացատրեմ, թէ ինչպէ՛ս կ՛ըլլայ:

Աւելի քան 101 միլիոն մարդ որսացած, մօտաւորապէս 2,2 միլիոն զոհ հնձած (բարեբախտաբար աւելի քան 56 միլիոն ալ փրկուած կայ) համաճարակը տրամաբանականէն աւելի մեծ «նուաճումներ» ապահովեց, որովհետեւ եղան մգլոտած ուղեղով մարդիկ, պետական (ան)պատասխանատուներ, մինչեւ անգամ (տ)գիտնականներ, որոնք այս կամ այն ձեւով արհամարհեցին վտանգը, աւելի՛ն, քաջալերեցին անփութութիւնը` բարձրացնելով «ազատութիւնս մի կաշկանդէք», «իրաւունքներս մի՛ ոտնակոխէք» ու նման դրօշներ:

Եթէ սկզբնական ամիսներուն, երբ տակաւին վարակին վտանգին ծանրութիւնը այսօրուան չափ յստակ չէր, թերեւս մտածող ըլլար, որ նման «դատեր» պաշտպանողները տեղ մը իրաւունք ունէին: Հիմա, երբ դարձեալ ականատես կ՛ըլլանք բողոքի ցոյցերու, ա՛լ տարակոյս չի մնար, որ մգլոտած ուղեղները դարմանումի կը կարօտին:

Ի՛սկապէս, ինչպէ՞ս բացատրել եւրոպական, ամերիկեան «զարգացած» ցամաքամասերուն վրայ, նաեւ Լիբանանի պէս «թերաճ» երկիրներու մէջ համաճարակին դէմ կանխամիջոցներ որդեգրած իշխանութիւնները դատապարտող ցոյցերը, որոնք… զոհերու եւ վիրաւորներու պատճառ կ՛ըլլան: Եթէ ուղեղները մգլոտած չըլլան, բնական ուղեղով մարդը չի՞ կրնար տրամաբանել, որ դրուած արգելքները ի՛ր իսկ բարիքին համար են, որովհետեւ ախտը մոգական գաւազանիկի մը շարժումով պիտի չչքանայ (մգլոտած ուղեղով նախկին նախագահ մըն էր այդ «գիւտին» հեղինակը եւ առանձին երեւոյթ չէր): Բանական մարդը նաեւ կրնայ տրամաբանել, որ նման հարցեր չեն կրնար քաղաքականացուիլ, պէտք չէ քաղաքականացուին, որովհետեւ քաղաքականացումի արժանի իսկական հարցերը չեն պակսիր…

Իսկ եթէ կան մարդիկ, որոնք իրենց թերաճ ուղեղներով կը պնդեն, որ իրաւունք ունին վարակուելու եւ ուրիշներու կեանքերը վտանգի մատնելու, փրկութեան մէկ ճամբայ ունին. երթալ եւ անձնասպանութեան այլ միջոցներ որոնել, կամ յուսալ, որ գիտնականները գտնեն ուղեղները մգլոտութենէ դարմանող դեղ մը…

28 յունուար 2021

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Եղե՞լ Է Պահը Երբեւէ Այսքան Վտանգով Լեցուն Ու Պոռթկուն

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?