Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պարո՛ն Եփրեմը…

Փետրուար 6, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒԱԿ ՔԵՆՏԻՐՃԵԱՆ

91 գարուններով լեցուն կեանքի մը պատմութիւնը դժուար պիտի ըլլայ ամփոփել էջերու մէջ, բայց եւ այնպէս այս դժնդակ, անհամ, ոչ գեղեցիկ օրերուն, երբ ամէն օր սիրելիի մը, հարազատի մը, ծանօթի մը կորուստը կը սգանք, երբ ազգովին սուգի մէջ ենք, եւ այդ սուգը ահաւոր ազդեցութեամբ ճնշած է մեր հոգիներուն վրայ, երբ մեռնիլը որքա՜ն դիւրացած է, պիտի չուզէինք չանդրադառնալ կեանքով, նուիրումով լեցուն այն վաստակին, որ պարոն Եփրեմինը եղաւ` աւելի քան 30 տարիներ լիբանանահայ գաղութի կեանքին մէջ անոր ծառայութեամբ:

Եփրեմ Քենտիրճեան… Ծնած է 11 դեկտեմբեր 1929-ին, Մուսա Լերան Պիթիաս գիւղը: Կրտսեր որդին էր Սարգիս եւ Ռեպեքա Քենտիրճեաններուն (ապա` Վահան Ա. քհնյ. Կ. Քենտիրճեան): Մանկութիւնը կ՛անցընէ իր գիւղին մէջ եւ 1939-ին, Սանճաքի պարպումէն ետք, համագիւղացիներուն եւ ընտանիքին հետ կը հաստատուի Այնճար: Աւարտելէ ետք Յառաջ նախակրթարանը, 1945-ին 3 տարի կը յաճախէ Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց ժառանգաւորաց վարժարան, 1948-ին կ՛ընդունուի Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի դպրեվանք, ուր ուսումը կը շարունակէ մինչեւ Ընծայարան Բ.` իբրեւ դասընկեր ունենալով Գարեգին Բ. Սարգիսեան, Արտաւազդ արք. Թռթռեան, Մովսէս Այնթապլեան եւ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան: 1951-էն 1985 կը նուիրուի ուսուցչական ասպարէզին: Յաճախած է նաեւ Սան Ժոզեֆ համալսարանի Արեւելագիտութեան բաժանմունք, զոր յաջողութեամբ աւարտելով ստացած է հայագիտութեան համալսարանական բարձրագոյն վկայական:

1955-ին կ՛ամուսնանայ Անահիտ Մանուկեանի հետ եւ կը բախտաւորուի 4 զաւակներով` Ռեպա, Վահէ, Պէթի եւ Ռազմիկ: Իր տիկնոջ հանդէպ սէրը անսահման էր` այնքան որ իր կեանքի վերջին տարիներուն բանաստեղծութեանց հատոր մը նուիրեց անոր եւ անոր մահէն 2 շաբաթ ետք միացաւ իր կողակիցին: Բացի իր ընտանիքէն, իր կեանքէն մեծ մաս մը նուիրեց ազգին եւ միութենական կեանքին:

Երիտասարդ տարիքէն կ՛անդամակցի իր շատ սիրելի կուսակցութեան` ՀՅԴ-ին, ՀՄԸՄ-ին, Համազգայինին, Մուսա Լեռ հայրենակցական միութեան: Կը նշանակուի պատանեկան միութեան վարիչ, կոմիտէութեան քարտուղար, Դաստիարակչական յանձնախումբի ատենապետ: Հիմնադիր անդամներէն էր Համազգայինի Պ. Համուտի «Ս. Վրացեան» մասնաճիւղին: Կը ստանձնէ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Սկաուտական խորհուրդի ատենապետութիւնը: Եղած է նաեւ Մուսա Լեռ հայրենակցական միութեան վարչութեան անդամ:

Աւելի քան քսան տարի կը վարէ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ դպրապետի պաշտօնը: Կը հիմնէ երկսեռ երգչախումբ:

Եփրեմ Քենտիրճեան ունի ուսուցչական հարուստ կեանք.

1951-1952 Զաւարեան վարժարան, Հալէպ:
1952-1953 Լուսինեան վարժարան, Պուրճ Համուտ:
1953-1954 Սրբոց Քառասուն Մանկանց վարժարան, Պուրճ Համուտ:
1954-1955 Ս. Յակոբ վարժարան, Լաթաքիա:
1955-1962 Լուսինեան վարժարան:
1962-1983 Նուպարեան վարժարան:
1983-1985 Սոֆիա Յակոբեան վարժարան:

Պարոն Եփրեմին աշակերտները եւ ընկերները զինք կը յիշեն որպէս խիստ ուսուցիչ, բայց եւ այնպէս համակրելի դաստիարակ, նուիրեալ կուսակցական, հաւատարիմ միութենական, ազգասէր, կեանքը սիրող, շէն, քաջ, ընկերասէր եւ մարդասէր անձնաւորութիւն:

Իր աշխատանքը կը կատարէր բծախնդրութեամբ, անկեղծ նուիրումով, անշահախնդրօրէն: Չէր հանդուրժեր սխալ կամ կեղծիք եւ այդ  խառնուածքով եւ համոզումով ալ դաստիարակեց հազարաւոր պատանիներ եւ պարմանուհիներ, որոնք վստահօրէն կը վկայեն իրենց շատ սիրելի պարոն Եփրեմին մասին:

Միացեալ Նահանգներու մէջ կ՛անդամակցի Տիթրոյիթի Համազգայինին եւ կ՛աշխատակցի Լոս Անճելըսի «Նոր կեանք» եւ «Նոր Հայաստան» շաբաթաթերթերուն: Վերջին տարիներուն կը հրատարակէ քերթուածներու գրքոյկ մը, զոր նուիրած է իր տիկնոջ` Անահիտին, որուն մահէն 2 շաբաթ ետք գնաց միանալ անոր, եւ որոնց թաղումը պիտի կատարուի միասնաբար:

Նուիրումի կեանք մը եղաւ իրը, ինչպէս իւրաքանչիւր հայոց լեզուի եւ հայոց պատմութեան ուսուցիչի կեանքն է:

Ազգասիրութեան եւ քաջութեան կեանք մը եղաւ իրը, ինչպէս իւրաքանչիւր դաշնակցական ընկերոջ կեանքն է:

Ծառայութեան կեանք մը եղաւ իրը, ինչպէս իւրաքանչիւր ՀՄԸՄ-ականի կեանքն է:

Մշակութասէրի մը կեանքը եղաւ իրը, ինչպէս իւրաքանչիւր համազգայնականի կեանքն է:

Եկեղեցասիրութեան կեանք մը եղաւ իրը, ինչպէս իւրաքանչիւր սարկաւագի եւ դպրապետի  կեանքն է:

Պարոն Եփրեմը եղաւ այս բոլորին միախառնութիւնը, ապրեցաւ բեղուն եւ նուիրումի կեանք մը, որ վերջ գտաւ 15 յունուար 2021-ին Լոս Անճելըսի մէջ, յետ «Քորոնա»-ի կարճատեւ հիւանդութեան:

Սիրելիի մը, հարազատի մը թաղման ատեն ինքն էր, որ կ՛արտասանէր «Հողը թեթեւ գայ» քերթուածը:

Այսօր մենք է, որ կ՛ըսենք իրեն` սիրելի՛ հօրեղբայր եւ հօրեղբօր տիկին` Եփրեմ եւ Անահիտ Քենտիրճեաններ, «Օտար հողը թող թեթեւ գայ»:

 

Նախորդը

Թափանցումը Որպէս Տիրապետութեան Ուղիղ Ճանապարհ

Յաջորդը

Դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան. «Գուրգուրալ Այն Բոլոր Աշխատանքներուն Վրայ, Որոնք Պիտի Զարգացնեն Սփիւռքի Հայախօս Հաւաքականութիւնը»

RelatedPosts

Հօտին Եւ Կղերին Սէրն Ու Համակրանքը Նուաճած Ս. Իգնատիոս Մալոյեան
Անդրադարձ

Հօտին Եւ Կղերին Սէրն Ու Համակրանքը Նուաճած Ս. Իգնատիոս Մալոյեան

Հոկտեմբեր 17, 2025
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Ի Զուր Կը Հնչեն Ահազանգները Մեր… (Կրթական Վերամուտ Եւ Թարգմանչաց)

Հոկտեմբեր 17, 2025
Սլաք.  Դատարկ Աթոռներու Առջեւ` Մշակոյթի Ամսուն  Մէջ  Նուիրեալներու Աշխատանքին Լռակեաց Վկան
Անդրադարձ

Սլաք. Դատարկ Աթոռներու Առջեւ` Մշակոյթի Ամսուն Մէջ Նուիրեալներու Աշխատանքին Լռակեաց Վկան

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?