Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նուպար Աֆէեան Արժանացաւ Լիբանանի «Ազգային Արժանեաց Կարգ»-ի Շքանշանին

February 6, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

2 փետրուար 2021-ին Ուաշինկթընի մէջ Լիբանանի դեսպանին ձեռամբ Հայ աւետարանական քոլեճի նախկին աշակերտ, բարերար ու լաւ բարեկամ  Նուպար Աֆէեան արժանացաւ Լիբանանի «Ազգային արժանեաց կարգ»-ի շքանշանին` առ ի գնահատանք «Քորոնա» վարակի բուժման համար իր ղեկավարած «Մոտերնա» ընկերութեան ձեռքբերումներուն:

Ստորեւ կու տանք շահեկան հատուածներ իր ելոյթէն` անգլերէնէ հայերէնի ազատ փոխադրութեամբ:

«Ծնած եմ Պէյրութի Ուաթուաթ թաղամասին մէջ եւ հասակ առած` Քլեմանսօ շրջանին մէջ, ուրկէ կը սկսին իմ յիշողութիւններս մինչեւ 13 տարեկան: Ապրած եմ կեանքը հայ պատանիի մը, որուն ծնողները ապաստան գտած են Լիբանանի մէջ Հայոց ցեղասպանութենէն ետք: Հետեւաբար սա երախտագիտութիւն է նաեւ Լիբանանին, որ ընդունեց մեծաթիւ հայ գաղթականներ ու որբեր, որոնք տեղահանուած էին իրենց պապենական երկիրէն, եւ արտօնեց անոնց` զգալու հարազատ երկրի մէջ: Երբ մանուկ էի, կը կարծէի, որ բոլոր հայերը կ՛ապրին Լիբանանի մէջ: Այնքան մեծաթիւ էին անոնք: Կային տասնեակներով հայկական դպրոցներ, եկեղեցիներ. սա հազուադէպ երեւոյթ է, որ այլ երկիրներու մէջ չես տեսներ: Այս փաստը կ՛արտացոլացնէ լիբանանցի ժողովուրդին հիւրընկալ յատկութիւնը: Իմ մայրս` Անայիսը, ծնած է Լիբանան. ան դաշնակահարուհի էր եւ դաշնամուրի ուսուցչուհի. ան մեր մէջ սերմանեց մշակութային արժէքներու իւրայատուկ համակարգ մը, որ կը միաձուլէր լիբանանցին ու հայը: Ես յաճախած եմ Հայ աւետարանական քոլեճը, որ կը գտնուի Հայկազեան համալսարանին կից: Կը յիշեմ մեր ֆութպոլի խաղերը AUB-ի դաշտին վրան, պասքեթպոլի մրցումները ՀՄԸՄ-ի ակումբին մէջ. կը յաճախէինք Ս. Նշան եկեղեցին, կը զբօսնէինք ծովափին: Այս բոլորը դրոշմուած են յիշողութեանս մէջ:

Մենք Լիբանանը ձգեցինք օգոստոս 1975-ին` պատերազմին բերումով: Լիբանանէն իմ վերջին յիշատակս նաւահանգիստին հրդեհն էր, ուստի շատ ցաւալի էր տեսնել անցեալ տարի` 45 տարի ետք, Պէյրութի նաւահանգիստին պայթումին նկարները: Այդ պատճառով «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան իմ գործակիցներուս հետ օժանդակութիւն ղրկեցինք լիբանանեան Կարմիր խաչին` մեր աջակցութիւնը յայտնելով Լիբանանին, իր դժուար օրերուն:

Լիբանան միշտ ալ եղած է առիթներու եւ երազներու իրականացման երկիր: Լիբանանցին, մասամբ իր բնութեամբ, մասամբ ալ պատմութեան մարտահրաւէրներուն պատճառով, այլընտրանք չէ ունեցած` բացի յուսալէ եւ երազելէ: Լիբանանցին տոկուն, հանդուրժող, տառապած, բայց ուրախ ժողովուրդ է: Ուսումը լիբանանցիին համար հիմնասիւն է, ինչպէս եւ են առեւտրական բնազդն ու ստեղծագործ ոգին:

Լիբանանն ու Հայաստանը նման են իրարու: Երկուքն ալ կը գտնուին դժուար մարտահրաւէրներու դիմաց եւ տարածաշրջանի մէջ: Տարիներու ընթացքին ո՛չ մէկ երկիր օգնեց անոնց: Երկուքն ալ ունին սփիւռք, եւ մեզմէ ոմանք կը պատկանին երկուքին: Սփիւռքի գոյութիւնը էական է երկու երկիրներուն ոչ միայն ներկայ, այլեւ ապագայ զարգացման համար: Հարկ է, որ երկու պետութիւններն ալ իրենց սփիւռքները ներգրաւեն իրենց ապագան կերտելու գործին մէջ` փոխանակ անոնցմէ միայն օժանդակութիւն ակնկալելու:

Լիբանանը տնտեսական ճգնաժամի մէջ է: Միակ լուծումը այնտեղ եւ արտասահման ապրող լիբանանցիներուն ձեռներէց ոգին քաջալերելն է: Իմ կարծիքով, ձեռներէցութիւնն ու նորարարութիւնը կրնան լուծել տագնապը եւ բարեփոխութիւն յառաջացնել:

Ձեռներէցութիւնն ու նորարարութիւնը կը սկսին այն ատեն, երբ այլընտրանքային ապագայի մը տեսիլքը կ՛ունենանք: Սակայն շատ դժուար է առանց ձեռներէցութեան ու նորարարութեան իրականացնել երազած ապագան: Շատեր շահաւոր են ներկայ կացութենէն եւ պիտի փորձեն դիմադրել փոփոխութեան: Լիբանանը յաճախ դիմագրաւած է փոփոխութեան դէմ պատուարներ: Կարեւոր է, որ լիբանանցին հաւատայ, թէ ի՛նք է, որ պիտի յառաջացնէ փոփոխութիւնը, եւ ոչ թէ հրաշքներ պիտի պատահին իրեն համար:

Վերջին խօսքս կ՛ուղղեմ երիտասարդներուն: Ձեր արմատները պէտք է ամրացնէք ապագային մէջ, ոչ` անցեալին: Մայրի ծառին արմատները թող կանչեն ձեզ դէպի աւելի լաւ վայր մը` փոխանակ կաշկանդելու անցեալին մէջ: Մտածեցէք, թէ ինչպէ՛ս ձեռներէց անձ մը իր արմատները կը հաստատէ ապագային մէջ եւ հոնկէ կու գայ ներկային` լաւացնելու այսօրուան իրականութիւնը եւ իրականացնելու իր տեսիլքը:

Ինչպէս տարբեր առիթներով սովորութիւն էր մեր դպրոցին մէջ, հիմա ալ խօսքս կ՛աւարտեմ լիբանանցի փիլիսոփայ բանաստեղծ Ժպրան Խալիլ Ժպրանէն մէջբերումով մը` ըսելով. «Վստահեցէք ձեր երազներուն, որովհետեւ յաւիտենականութեան դարպասները այնտեղ կը գտնուին»:

Նախորդը

Քըրպի. «Սուրիոյ Մէջ Ամերիկեան Ուժերու Ներկայութիւնը Պիտի Շարունակուի, Այնքան Ատեն Որ ՏԱՀԵՇ-ի Կողմէ Սպառնալիք Գոյութիւն Ունի»

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Լէյքըրզի 17-րդ Յաղթանակը Եւ Ճէյմսի «Թրիփըլ Տապըլ»-ը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.