Կարօ Քեպապճեանը
ՔՐԻՍՏ ԻՍԿԷՆՏԷՐԵԱՆ Խոր եւ անսահման կսկիծով կը գրեմ այս տողերը: Անկարող եմ զգացումներս թուղթին յանձնել, անչա՛փ ցնցուած եմ եւ չեմ կրնար հաւատալ այս գոյժին: Գլխագիր Մարդ էր, գլխագիր Հայ, գլխագիր Հայր: Որքա՛ն տուաւ եւ որքա՜ն տալիք ունէր տակաւին: Սովորական անձ չէր ան` անկասկած. հայրենասէր, խորունկ, վեհանձն, ծառայասէր, մտաւորական, ազնիւ եւ խիզախ Մարդ էր: Իր ծառայութեան անդրադառնալով` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս...




















