Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումի Զոհերու Յիշատակի Մոմավառութեան Առիթով. Բագրատունի. «Այս Ոճիրին Զոհ Գացած Ոեւէ Նահատակի Արեան Մէկ Կաթիլը Գերիվեր Է Ամէն Անձեռնմխելիութենէ»
Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի առաջին տարելիցին առիթով երեքշաբթի, 3 օգոստոս 2021-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, կազմակերպութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, մոմավառութիւն կատարուեցաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի հրապարակին վրայ` ներկայութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի, երեսփոխաններ Ալեքսան Մաթոսեանի, Յակոբ Թերզեանի, քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի, քաղաքապետական խորհուրդի անդամներու, թաղապետներու, հոգեւոր հայրերու, ինչպէս նաեւ` կուսակցական, ընկերային եւ հասարակական...



















