Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Չսպիացած Վէրքը

August 4, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԺԴԵՀ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ 

Վէրքեր կան, որոնք ժամանակի ընթացքին կը բուժուին եւ կամաց կամաց կ՛անհետանան, կը մոռցուին:

Վէրքեր ալ կան, որոնք իրենց հետքը կը ձգեն եւ երբեք չեն մոռցուիր: Ըլլան անոնք մարմնական կամ հոգեկան:

Մէկ տարի առաջ` 4 օգոստոսին, երեկոյեան ժամը 6:07-ին, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումը, նիւթական աներեւակայելի վնասներուն եւ աւերներուն կողքին, բացաւ անդարմանելի վէրքեր, որոնք տակաւին չեն սպիացած, եւ որոնք դժբախտաբար կը շարունակեն ցաւ պատճառել` մարմնական, ֆիզիքական, հոգեկան ու մտային:

Տակաւին չեն սպիացած հարիւրաւոր անմեղ զոհերու ընտանիքներուն, հարազատներուն եւ ընկերներուն վէրքերը, տակաւին չեն խաղաղած անոնց ալեկոծ հոգիները, չեն չորցած անոնց արցունքները:

Տակաւին չեն սպիացած հազարաւոր վիրաւորներուն մարմնական վէրքերը, եւ կը շարունակուի բուժումը:

Տակաւին ներկայ է սարսափը` ձայնէն, վախը` կրակէն ու մուխէն:

Տակաւին իւրաքանչիւր հաւաքի անխուսափելի է պայթումին մասին չխօսիլը, հարցումները, ահաւոր փորձառութեան պատմութիւնները, զուգադիպութիւններու երկար շարքը®

Եւ այսօր` մէկ տարի ետք, երբ մենք կը շարունակենք ապրիլ չսպիացած վէրքերով, եթէ որոշենք պահ մը մտածել պատահածին մասին, կամ երեքշաբթի մը, երեկոյեան ժամը 6:07-ին, պատահմամբ յիշենք, եւ կամ` երբ տեսնենք նկար մը, տեսերիզ մը, երբ լսենք ձայն մը, առաւել եւս կ՛անդրադառնանք 4 օգոստոսի պայթումի ծաւալին ու անոր աներեւակայելի թուացող իրականութեան:

Կը յիշեմ, եւ իւրաքանչիւրս կը յիշենք` ամէն երկվարկեան, ամենայն մանրամասնութեամբ:

Կը յիշեմ, եւ բոլորս կը յիշենք` առաջին ձայնը, ետքը պայթումը, ցնցումը, մուխը, փոշին, ճիչերը, պոռչտուքը, ապակիներու փշրուիլը, արիւնը, լացը…

Կը յիշեմ, եւ վստահաբար բոլորս կը յիշենք` անորոշութիւնը, կորսուած վիճակը, վախը, մտահոգութիւնը, վազվզուքը, հեռաձայնները, message-ները:

Կը յիշեմ, եւ անպայմանօրէն բոլորս կը յիշենք  ու կրնանք նկարագրել ու պատմել մեր տեսած պատկերները, որոնք կը կարծէինք միա՛յն շարժապատկերներու մէջ պիտի տեսնել:

Ու կը մտածենք, թէ որքա՛ն աւելի ծանր պիտի ըլլար աւերը, եթէ աշխարհը կանգնեցուցած համաճարակի օրերուն չըլլար այս պայթումը: Դժբախտութիւն մըն ալ այս մտածումն է ինքնին, երբ փառք կու տանք ու կ՛ըսենք` «Լա՛ւ որ «Քորոնա» կար, թէ ոչ…»:

Ու վերջապէս կը յիշենք, թէ ինչպէս ամբողջ ժողովուրդը իրարու օգնեց, ծանօթ անծանօթ նեցուկ կանգնեցան իրարու, որովհետեւ ցաւն ու աւերը բոլորինն էր, վնասը` նոյնպէս:

Այս թուականը փոխեց Պէյրութի դիմագիծը` փոխելով նաեւ բոլորիս կեանքը, փոխելով նաեւ մեզ:  Ո՛չ Պէյրութը նոյն Պէյրութն է, ո՛չ ալ մենք նոյն «մենք»-ն ենք:

Այդ թուականը երբեք պիտի չմոռցուի: Այդ թուականին բացած վէրքերուն հետքերը երբեք պիտի չանհետանան:

Վկայ` Պէյրութի ամէն մէկ պատ, ամէն մէկ քար, տուն, ապակի, դպրոց, եկեղեցի, մզկիթ, խանութ, հիւանդանոց… Իւրաքանչիւր անհատ, մանուկ, տարեց, պատանի, երիտասարդ®

Վկայ` ամէն մէկ զոհ, վիրաւոր, փրկուող եւ «վերապրող»…

Վկայ` ամէն մէկ կամաւոր, աշխատող եւ օժանդակող®

Ահաւոր պայթումէն մէկ տարի ետք, երբ տակաւին անպատասխան են բոլոր հարցումները, երբ տակաւին քողարկուած կը մնան բոլոր իրականութիւնները, կը մնայ միայն մաղթել հանգիստ` անմեղ զոհերու հոգիներուն եւ համբերութիւն` բոլորին, վարձքը կատար եւ շնորհակալութիւն ըսել բոլոր անոնց, որոնք իրենց ներդրումը բերին եւ օժանդակեցին, օգնեցին ու փորձեցին ձեւով մը բուժել եւ մեղմացնել ցաւերը, եւ վերջապէս յուսալ, որ օգոստոս 4-ի պատճառած մարմնական եւ հոգեկան սպիները անհետանան ու այլեւս երբե՛ք չյայտնուին:

 

 

Նախորդը

Բարեւ Պէյրութէն

Յաջորդը

Պէյրութի Նաւահանգիստի Ահաւոր Պայթումի Անմեղ Նահատակները Կը Գոռգոռան` «Ո՞ւր Է Արդարութիւնը»

RelatedPosts

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Գիրքերու Մտերմութեան Մէջ. «Խանձուած Օրերը» (Հեղինակ` Պերճուհի Բարսեղեան)

November 3, 2026
Լիբանանի  Մէջ   Օտարներու Պատերազմին 50-րդ  Տարելիցը
Անդրադարձ

Խաղաղութիւն` Պետականութեան Հաշուո՞յն

November 3, 2026
Ծերութեան Կնճիռներէն Անդին. «Վերապրել Շէյքսփիրին»-ը Հայկական Շարժապատկերի Նորագոյն Գոհարներէն Է
Անդրադարձ

Ծերութեան Կնճիռներէն Անդին. «Վերապրել Շէյքսփիրին»-ը Հայկական Շարժապատկերի Նորագոյն Գոհարներէն Է

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.