Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արդարութիւնը Եւ Ճշմարտութիւնը Ամէն Բանէ Վեր Են

Օգոստոս 4, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Մէկ տարի անցաւ Պէյրութի նաւահանգիստի ահաւոր պայթումէն: Կրնայ ըլլալ, որ այս մէկ տարուան ընթացքին պայթումին պատճառած աւերէն շատ բան վերանորոգուած ըլլայ, կրնայ ըլլալ, որ մարմնական վէրքերը որոշ չափով սպիացած ըլլան, ցաւերը` չքացած կամ մեղմացած, բայց պայթումին յառաջացուցած հոգեկան վէրքերուն ցաւը տակաւին երկար ժամանակ պիտի ընկերանայ պայթումին ականատեսներուն եւ անկէ զանազան ձեւերով տուժածներուն:

Սակայն ամէնէն կարեւորը այն է, որ այդ ահասարսուռ պայթումէն մէկ տարի ետք արդարութիւնը չէ հաստատուած, ճշմարտութիւնը չէ բացայայտուած: Այդ պայթումին ինկած զոհերուն արիւնը յումպէտս պէտք չէ վատնուի, այդ աղէտէն տուժածները, վիրաւորները, անոր պատճառով տուն ու տեղ կորսնցուցածները կը պարտաւորեցնեն հաստատել այդ արդարութիւնը, որ կը յապաղի: Անոնք պէտք է գիտնան, թէ պատահածը ճիշդ ի՛նչ էր, որո՞նք էին այդ քիմիական նիւթերը Լիբանան բերողներուն ետին, ո՞վ կը փորձէ ծածկել ճշմարտութիւնը զանազան պատրուակներու ներքեւ, ո՞վ մեղսակից է կատարուածին` պետական բարձրաստիճան պաշտօնատարներէն սկսեալ մինչեւ նաւահանգիստի` պայթումի վայրին հետ առնչակից ամէնէն յետին պաշտօնեան: Անոր համար ալ անգամուան մը համար սրբութիւններու քողերը պէտք է վերցուին հեղինակութիւններուն դէմքերէն:

Ասիկա պարզ պահանջ կամ առաջադրանք չէ այլեւս, այլ` հասարակական հնչեղութիւն ստացած համալիբանանեան խնդիր: Լիբանան այդ ահասարսուռ պայթումով ականատեսը դարձաւ հիւլէական ռումբի պայթումի մը ուժգնութիւնը ունեցող աղէտի, ինկան մօտ 200 զոհեր, վիրաւորուեցան հազարաւորներ, հազարաւոր տուներ մեծ, միջին կամ փոքր ծաւալի վնասներ կրեցին, աշխատանքներ ամբողջապէս կեցան, եւ դեռ աւելի՛ն, տակաւին մինչեւ այսօր ժողովրդական, քաղաքական թէ տեղեկատուական մակարդակներու վրայ զանազան, երբեմն իրերամերժ վարկածներ կը շրջին պատահած դէպքին բուն բնոյթին մասին:

Հիմա կայ դատական հոլովոյթ մը, որուն նպատակն է ճշմարտութիւնը բացայայտել: Իրերայաջորդ երկու հետաքննիչ դատախազներ բաւական առջեւ գացին իրենց հետաքննութիւններուն մէջ: Առաջին դատախազը ուղղակի լուրջ պատնէշի հանդիպեցաւ, երբ փորձեց հասնիլ «մեծ գլուխ»-ներու: Մէկ կողմ քաշուեցաւ, կամ աւելի ճիշդը` մէկ կողմ դրին զինք: Երկրորդ հետաքննիչ դատախազը` Թարեք Պիթար, ըստ երեւոյթին աւելի յանդուգն է առաջին դատախազէն, ուղղակի սեղանի վրայ կը դնէ երեսփոխաններ, բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, քաղաքական գործիչ-փաստաբաններ, նախկին նախարարներ անձեռնմխելիութենէ զրկելու հարցը, որպէսզի կարենայ հարցաքննել զանոնք: Բնականաբար «մեծ գլուխ»-ներուն դպչիլը դիւրին պիտի չըլլայ, անոր համար ալ երկրին մէջ հիմա լուրջ բանավէճ կայ եւ պարանաձգութիւն` անձեռնմխելիութենէ զրկելու հարցին թեր կամ դէմ:

Այս իմաստով պատուաբեր կեցուածք որդեգրեց Հայկական երեսփոխանական պլոքը` յանձին իր ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի: Բագրատունիի կեցուածքը զուտ լիբանանեան առումով նաեւ ազգային կեցուածք է: Երեսփոխան Բագրատունին դեռ վերջերս «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին տրուած հարցազրոյցի մը մէջ յայտարարեց, որ Հայկական երեսփոխանական պլոքը կո՛ղմ պիտի քուէարկէ անձեռնմխելիութենէ զրկելու առաջարկին: Քանի մը օր վերջ` 30 յուլիսին Հայկական երեսփոխանական պլոքը «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեց «Մուսթաքպալ» երեսփոխանական պլոքին մէկ պատուիրակութիւնը, որ Հայկական երեսփոխանական պլոքին ներկայացուց իր կողմէ մշակուած երկու օրինագիծ` անձեռնմխելիութիւններու վերացման հարցին շուրջ: Այդ հանդիպումէն ետք ալ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի վերահաստատեց իր կեցուածքը անձեռնմխելիութենէ զրկելու հարցին շուրջ, աւելի՛ն, ան շեշտեց, որ` «ՀՅ Դաշնակցութեան համար բացարձակին մէջ անձեռնմխելիութեան կարիք չկայ: Միակ նպատակը Պէյրութի աղէտը պատճառող պատասխանատուները դատավարութեան ենթարկելն ու պատժելն է»: Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչին այս իրերայաջորդ նոյնաբովանդակ յայտարարութիւնները ցոյց կու տան, որ անոնք համահունչ են վերը նշուած հասարակական հնչեղութիւն ստացած համալիբանանեան խնդիրին, ինչպէս նաեւ` 4 օգոստոս 2020-ի պայթումէն տուժած ժողովրդային խաւերուն ձեւաւորած պահանջին:

Որովհետեւ արդարութիւնը եւ ճշմարտութիւնը ամէն բանէ վեր են:

 

Նախորդը

Օգոստոսեան Օրագրութիւն (Օրը Օրին Գրառումներ` Լիբանանն Ու Լիբանանահայութիւնը Ցնցած 14 Դժոխային Օրերու Մասին. 4-18 Օգոստոս 2020)

Յաջորդը

Մնա՛նք Երախտապարտ Եւ Շնորհակալ

RelatedPosts

Մկրտիչ Եւ Լիանա Միքայէլեաններու Համերգը
Անդրադարձ

Մկրտիչ Եւ Լիանա Միքայէլեաններու Համերգը

Հոկտեմբեր 30, 2025
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրական Հայաստան Եւ Իրական Ամբարիշտներ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?