Պէյրութի նաւահանգիստի աղէտալի պայթումին իբրեւ հետեւանք` հսկայական քանդումներու ենթարկուեցան յատկապէս Պէյրութի շրջանի հայ ընտանիքներու բնակարանները, վաճառատուները, հաստատութիւնները, ինչպէս նաեւ` ազգային, կուսակցական, համայնքային բազմաթիւ կեդրոններ եւ կրթական կառոյցներ: Ծանր վնասներ կրեցին նաեւ Պուրճ Համուտի եւ շրջակայքի հայութեան կալուածները: Արձանագրուեցան նաեւ 14 զոհեր եւ աւելի քան 250 վիրաւորներ:
Պայթումէն կէս ժամ ետք Արամ Ա. վեհափառ այցելեց հայկական թաղամասեր եւ տեղւոյն վրայ իրազեկ դարձաւ արձանագրուած վնասներուն ու մարդկային կորուստներուն: Վեհափառ հայրապետին հովանաւորութեամբ եւ նախաձեռնութեամբ անմիջապէս կեանքի կոչուեցաւ Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինը` նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի: Այս մարմինին մաս կազմեցին լիբանանահայ երեք համայնքներու, երեք քաղաքական կուսակցութիւններու եւ երեք բարեսիրական միութիւններու ներկայացուցիչները: Մարմինի կազմութեան զուգահեռ, վեհափառ հայրապետը կոչ ուղղեց ամբողջ հայաշխարհին` անմիջապէս նախաձեռնելու հանգանակութեան ի նպաստ լիբանանահայութեան վերականգնումի աշխատանքին: Մարմինը իբրեւ առաջնահերթ նպատակ ունեցաւ ամբողջութեամբ փուլ եկած կամ վնասուած բնակարաններու նորոգութեան աշխատանքներու օժանդակութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ անօթեւան դարձած ընտանիքները անմիջապէս պատսպարելու հնարաւորութիւն ստեղծել: Առողջապահական գետնի վրայ նաեւ մարմինը նախաձեռնեց պայթումի պատճառով հոգեկան ծանր ցնցումներու ենթարկուած հայորդիներու բժշկական խորհրդատուական աշխատանքին:
Մարմինին աշխատելաոճին, վնասներու գնահատումին եւ նիւթական օժանդակութեան չափի արժեւորումին մասին «Ազդակ»-ի հարցումներուն պատասխանելով` Լիբանահայութեան վերականգնումի մարմինի անդամ Յակոբ Հաւաթեան ըսաւ. «Ձեռնարկուեցաւ դիմումնագիրներու ամբողջացման աշխատանքին եւ ճարտարապետներէ կազմուած յանձնախումբ մը արժեւորեց վնասներն ու կատարեց հարկ եղած գնահատումները: Առաջին հերթին երկու փուլով առիթ տրուեցաւ հայորդիներու ներկայացնելու իրենց դիմումները, եւ այդ փուլի ամբողջացումէն ետք, նկատի ունենալով, որ տակաւին հայորդիներ անտեղեակութեան եւ կամ այլ պատճառներով չէին ներկայացուցած դիմում, մարմինը որոշեց նաեւ երրորդ առիթ մը տալ: Դիմումները ներկայացուեցան մեր եկեղեցիներուն մէջ, եւ մեծ թիւով երիտասարդներ մասնակից դարձան դիմումներու ստանձնման աշխատանքին: Յայտնենք, որ ճարտարապետներու խումբը վնասներու գնահատումը կատարեց եւ հատուցումներու համար նկատի ունեցաւ հինգ խմբաւորումներ` հիմնուելով բնակարաններու կրած վնասներու տարողութեան վրայ: Պէտք է ըսել, որ Պէյրութի շրջանի բնակարաններու ջախջախիչ մեծամասնութիւնը կրած էին ծանր վնասներ»:
Նորաստեղծ մարմինը բնականաբար կարիք ունէր նիւթականի, որ գոյացաւ հիմնականին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոսին նախաձեռնութեամբ Զուիցերիոյ մէջ բացուած դրամատնային հաշիւի մը ճամբով, ուր մէկտեղուեցան արտերկրի տարբեր շրջաններու մէջ կատարուած հանգանակութեանց գումարները:
«Այստեղ պէտք է հաստատել, որ բոլոր գաղութները ընդառաջեցին հանգանակութեան կոչին եւ կազմակերպեցին նաեւ իրենց շրջաններուն մէջ տարբեր բոնյթի հանգանակային աշխատանքներ: Ասոր կողքին, նաեւ օժանդակութիւններ տրամադրուեցան «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին եւ Արցախի պետութեան կողմէ, որոնք յատկացուեցան կրթական եւ դպրոցական ցանցի կարիքներուն: Առաւել, մարմինի խողովակով նաեւ յատուկ բարերարութեամբ մը նիւթական օժանդակութիւն տրամադրուեցաւ պայթումին զոհ գացած 14 հայորդիներու ընտանիքներուն: Վերականգնումի մարմինը վերանորոգեց նաեւ եկեղեցիները, որոնք յատկապէս Պէյրութի շրջանին մէջ կրած էին մեծ վնասներ», տեղեկացուց Յակոբ Հաւաթեան:
Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինին կողմէ օժանդակութիւններու տրամադրումը կատարուեցաւ երեք փուլով, որոնց ընթացքին 1953 ընտանիքներ ստացան նիւթական յատկացում: Արժէ այստեղ ներկայացնել վնասուած բնակարաններու աշխարհագրական պատկերը.
– Էշրեֆիէ, Մտաուար, Ժեհթաուի եւ Ժըմէյզի` 444
– Հազմիէ, Սոտեքօ, Հայաշէն եւ Սեսին` 77
– Զոքաք Պլաթ, Համրա, Մինեթ էլ Հոսն` 36
– Խալիլ Պատաուի` 163
– Հաճըն` 148
– Սեն Ժաք, Փոլիկարպոս եւ Միմոզա` 123
– Արագած, Քեմփ Սիս` 169
– Մարաշ, Արաքս, Կիլիկիա, Արմենիա փողոց, Ռաուտա, Մար Ռուքոզ եւ Տըքուէնի` 496
– Կիլիկիա, Թրատ, Ժտէյտի, Պաուշրիէ, Մար Եուսեֆ, Ֆանար, Ամանոս եւ Տորա` 245
– Նահր Մոթ, Ամարեթ Շալհուպ, Զալքա, Պիաքութ, Պսալիմ, Պրումանա, Ժալ էլ Տիպ, Անթիլիաս, Տըպպայէ, Պիքֆայա, Ճիւնի եւ Ամշիթ` 52
Այս բոլորին հանրագումարը կը կազմէ 1953 բնակարան:
Յայտնենք, որ Վերականգնումի մարմինը այս աշխատանքներու իրականացման համար յատկացուց շուրջ 1,5 միլիոն տոլար:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ իր առաքելութիւնը ամբողջացնելէ ետք ի՞նչ արժեւորում կու տայ մարմինը տարուած աշխատանքին, արդեօք բոլորին հասա՞ւ եւ անհրաժեշտ օգնութիւնը ցուցաբերուեցա՞ւ, Յակոբ Հաւաթեան ըսաւ. «Մարմինը այս հանգրուանին ամբողջացուցած կը նկատէ իր բնակարանային վերաշինութեան եւ այլ բնագաւառներու աշխատանքը, անշուշտ բնականաբար նոր մարտահրաւէրներու պարագային պատրաստ պիտի ըլլայ դարձեալ իր աշխատանքը ծաւալելու: Այսօրուան ընկերատնտեսական եւ առողջապահական ճգնաժամին մէջ լիբանանահայ համայնքի բոլոր կառոյցները` համայնքային, կուսակցական, Հայկական երեսփոխանական գրասենեակ, բարեսիրական միութիւններ եւ հաստատութիւններ կը շարունակեն մնալ զօրաշարժի մէջ եւ ամէնօրեայ դրութեամբ կը ձեռնարկեն օժանդակութեանց աշխատանքին: Արտասահմանի զօրակցութիւնը համայնքներու եւ անհատ բարերարներու ճամբով կը շարունակէ նեցուկ հանդիսանալ միութիւններուն եւ կրթական կառոյցներու ձեռնարկած աշխատանքներուն»:
Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինը այս դժուար փուլին բաւական կարեւոր աշխատանք կատարեց, յատկապէս այլ կառոյցներէ շատ աւելի արագ հասաւ հայորդիներուն օգնութեան: Այս առումով, Յ. Հաւաթեան նշեց. «Անգամ մը եւս հարկ է հաստատել, որ լիբանանահայութիւնը իր այս նախաձեռնութեամբ, ինչպէս անցեալին, այսօր եւս փաստեց, որ տագնապներու եւ դժուարութիւններու դիմաց ընկրկող եւ յուսալքուող համայնք չէ, ունի հարուստ կենսափորձ եւ միշտ ալ ունեցած է գիտակցութիւն ու դրսեւորած կամք` հաւաքական ու միասնակամ ճիգով դիմակալելու բոլոր դժուարութիւնները եւ վերականգնելու լիբանանահայութեան դերն ու նշանակութիւնը: Աշխատանքի այս միասնական ոգին եւ ցուցաբերուած խանդավառութիւնը միշտ ալ դարձած են ուղենշային պատգամ, եւ այս շունչով ու կենսափորձով իրերայաջորդ սերունդներ պատրաստակամ ու համոզուած ձեւով եկած են տէր կանգնելու այս համայնքի ճակատագրին ու երաշխաւորած, անոր գոյերթն ու յառաջընթացը:
«Լիբանանահայութեան վերականգնումին համար ստեղծուած այս համահայկական զօրաշարժը փաստօրէն օժանդակութեան եւ գաղութին կարիքներուն հասնելու համար կատարուած սոսկ նախաձեռնութիւն մը չէր, այլ` լիբանանահայութեան դերն ու առաքելութեան ամբողջական ըմբռնումը ընկալած գիտակցական մօտեցում: Այս հանգամանքը իր կարգին պարտաւորեցնող է մեզի` լիբանանահայութեան համար եւ կը դնէ բոլորս հաւաքաբար ու հաստատակամ տէրը կանգնելու այդ պատմադրոշմ առաքելութեան», եզրափակեց Յակոբ Հաւաթեան: