ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ
Լիբանանի ապրած ընկերատնտեսական, առողջապահական ծանր ճգնաժամը եւ 4 օգոստոս 2020-ին տեղի ունեցած Պէյրութի նաւահանգիստի աղէտալի պայթումը ծանր կացութեան մատնեցին լիբանանցի քաղաքացին: Այս կացութիւնը բնականաբար իր ժխտական եւ ծանր հետեւանքները պիտի տարածէր լիբանանահայ համայնքին վրայ, եւ մեր հայորդիները պիտի դիմագրաւէին աննախընթաց դժուարութիւններ:
Տագնապի առաջին օրերէն արդէն լիբանանահայ յարանուանութիւնները, համայնքային կառոյցները, կուսակցութիւնները, Հայկական երեսփոխանական գրասենեակը, բարեսիրական միութիւնները եւ հաստատութիւնները ձեռնարկեցին համակարգեալ ու կազմակերպ աշխատանքի` անսալու համար մեր ժողովուրդի անմիջական կենցաղային ու առողջապահական կարիքներուն: Նաւահանգիստի պայթումէն անմիջապէս ետք Արամ Ա. վեհափառի հովանաւորութեամբ եւ տնօրինումով կեանքի կոչուեցաւ նաեւ Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինը, որ նախաձեռնեց հիմնականին մէջ քանդուած ու վնասուած բնակարաններու վերաշինութեան աշխատանքներու օժանդակութեան: Քորոնա ճգնաժամային շտապը եւ արտակարգ իրավիճակներու մարմին-Կամք-ը իրենց կարգին ներկայ ճգնաժամի պայմաններու ծնունդ էին եւ գտնուեցան առողջապահական մարտահրաւէրներու դիմագրաւման եւ աղէտահար ժողովուրդի կարիքները հոգալու պատնէշի դիրքերուն վրայ:
Այս նախաձեռնութիւններուն եւ գործունէութեան ոլորտներուն օրը օրին իրազեկ դարձաւ մեր հանրութիւնը եւ ընդհանրապէս հայաշխարհը. արդ, այսօր արժէ այս առիթով քանի մը շեշտադրումներ կատարել ոչ անպայման աշխատանքներու արժեւորումը կատարելու, այլ ունենալու տեսլապաշտ ու նաեւ գործնապաշտ մօտեցում` տագնապի յառաջիկայ փուլերը նոյն հաւաքական ճիգով շրջանցելու համար:
Ա.- Նման ճգնաժամային փուլերու, երբ աղէտալի վիճակներ կը պարզուին, բնականաբար ամբողջ ժողովուրդը կը գտնուի տագնապի դիմաց: Այլ խօսքով, բարեկեցիկ եւ գործատէր խաւը, երբ չի յաջողիր բնականոն պայմաններու մէջ շարունակել իր աշխատանքը, երբ առհասարակ պաշտօնէութիւնը դրամական արժեզրկումի պատճառով կը գտնուի եկամուտի աննախընթաց սահմանափակումի դիմաց, երբ փոքր տնտեսութեամբ զբաղող մեր հայորդիները ի վիճակի չեն դառնար իրենց անձնական հաստատութեան ճամբով ապահովելու տարրական օրապահիկ, երբ կրթական ու համալսարանական մարզը կը կանգնի արգելքներու դիմաց, երբ երկրին մէջ առողջապահական ծառայութիւններ ապահովելը կը դառնայ աննախընթաց մղձաւանջ, բնականաբար տագնապը աւելիով կը սրի ու իր ազդեցութեան տակ կ՛առնէ բոլորը անխտի՛ր:
Հակառակ այս իրողութեան, սակայն, լիբանանահայութիւնը մինչեւ այսօր օրինակելի կեցուածքով ու մօտեցումով կը շարունակէ օժանդակութեան գործին բերելու իր անսակարկ մասնակցութիւնը: Մեր հայորդիները իրենց ծանր կացութեան մէջ նաեւ կը գիտակցին, որ պէտք է նաեւ օգնեն կարիքաւորին, հիւանդին ու անկարին: Եթէ նկատի պիտի ունենանք անցնող երկու տարուան տագնապի փուլերուն նուիրահաւաքները, օժանդակութիւնները, առողջապահական, սննդամթերքի եւ դեղորայքի համար յատկացուած գումարները, որոնք գոյացան մեր հայորդիներու ներդրումով, իսկապէս որ ներկայ պայմաններուն մէջ յարգանքի արժանի երեւոյթ է: Այս իրերօգնութեան գօտեպնդող երեւոյթը եւ նուիրաբերումի բարձր գիտակցութիւնը անշուշտ ունի պատմական կենսափորձ եւ լիբանանահայութեան մի՛շտ ալ շնորհած է ապրելու, գոյատեւելու եւ արգելքներն ու դժուարութիւնները շրջանցելու վճռակամութիւն, ինչպէս նաեւ` զարգացում ու յառաջընթաց ապահովելու հնարաւորութիւն:
Բ.- Անցնող երկու տարիներու ընթացքին համայնքի բոլոր կառոյցները մնացին զօրաշարժի մէջ եւ ժողովուրդին ծառայելու առաքելութիւնը դարձուցին առաջնահերթ օրակարգ: Եթէ հպանցիկ ակնարկով մը նաեւ համախմբելու ըլլանք մեր միութիւններու, կազմակերպութիւններու եւ կառոյցներու կատարած նպաստներն ու օժանդակութիւնները, անվարան պիտի հաստատենք, որ պետական կառոյցներու համազօր աշխատանք է, որ տեղի ունեցաւ եւ կը շարունակէ ունենալ: Օտարներու կողմէ նաեւ մեծապէս գնահատուեցաւ մեր համայնքին ցուցաբերած աշխուժութիւնը եւ պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութիւնը: Հետեւաբար այսօր անգամ մը եւս ի յայտ կու գայ, թէ համայնքի գործունէութիւնը եւ գոյերթը հաստատ հիմերու վրայ պահելու համար որքա՛ն կարեւոր են տարիներու կենսափորձ նուաճած ու անշրջանցելի վաստակ ունեցող միութիւններու աշխատանքն ու ներդրումը հայ կեանքին բոլոր բնագաւառներուն մէջ:
Գ.- Տագնապի այսպիսի փուլերուն բնականաբար ժողովուրդին ակնկալութիւնները կ՛ըլլան բաւականին մեծ ու նաեւ անյետաձգելի: Անակնկալներու դիմաց երբեմն դժուար կ՛ըլլայ աշխատանքի ծրագրաւորման տալու անհրաժեշտ ժամանակ, որովհետեւ կացութիւնը կը պարտաւորեցնէ շարժելու արագ եւ անմիջականօրէն ու առանց տատանումի անսալու բոլոր հրամայականներուն, հետեւաբար երբեմն այս կացութեան պատճառով արձանագրուած բացթողումները պէտք չէ դառնան չափորոշիչ որեւէ աշխատանքի արդիւնքին, ծաւալին ու էութեան, երբ մանաւանդ նախաձեռնող միութիւնը կամ հաստատութիւնը միշտ ալ կը ցուցաբերէ պատրաստակամութիւն` այդ բացթողումները արագօրէն դարմանելու: Ասոր կողքին, նաեւ պէտք է տեսնել այն իրողութիւնը, որ երբ տագնապը կը շարունակուի, եւ դժուարութիւնները կը բազմանան, դժբախտաբար դիւրին չ՛ըլլար բաւարարել նպաստընկալ եւ կարիքաւոր ընտանիքին կամ անհատին ամէն օր ընդարձակուող բոլոր ակնկալութիւնները: Նաե՛ւ արդար չէ, որ այս երեւոյթը տանի ընդհանրացումներու, եւ մակերեսային մօտեցումով տեղի անտեղի, գիտակցաբար թէ անգիտակցաբար կատարուին պարզաբանումներ եւ ընդհանրացումներ, որոնք վիրաւորական ու վարկաբեկիչ են տուեալ միութիւններու եւ կառոյցներու հաշուոյն, տրուած ըլլալով, որ հոն աշխատողներու կամաւոր բանակը սիրայօժար ու անձնուիրաբար կը կատարէ իր աշխատանքը, ու նաեւ նոյն այդ հաւաքականութեան ծոցէն ծնած եւ այդ հաւաքականութեան տագնապներով ապրող ու անոնց ծանրութիւնը եւ հետեւանքները իրենց վրայ կրող անհատներ են նաեւ անոնք` կամաւորները:
Դ.- Բնականաբար այսպիսի աննախընթաց ու անկանխատեսելի իրադրութիւններու ընթացքին մարդիկ կը փորձեն բոլոր միջոցներով ապահովել իրենց կարիքները եւ օգտուիլ նաեւ այն բոլոր հնարաւորութիւններէն, որոնք կը տրամադրուին պետական եւ ոչ կառավարական (NGO) հաստատութիւններու կողմէ: Այս բոլորին մէջ, սակայն, պէտք է միշտ ի մտի ունենալ, որ նման նախաձեռնութիւններ պարագայական են, եւ մնայունը համայնքի դրսեւորած օժանդակութեան եւ օգնութեան բարձր գիտակցութիւնն է ու ունեցած հետեւողականութիւնը: Այստեղ անհասկնալի կը դառնայ, երբ շատ մը պարագաներու մարդիկ նման պարագայական նախաձեռնութիւններուն կը փորձեն տալ հարկ եղած արժէքէն աւելի ու թաքուն եւ անհասկնալի պատճառներով կը նսեմացնեն իրենց իսկ ժողովուրդին ջանքերով մէջտեղ եկած օժանդակութեան ծրագիրներն ու նախաձեռնութիւնները:
Ե.- Այսպիսի ճգնաժամային կացութիւններու մէջ բնականաբար միշտ ալ գտնուած են մարդիկ, որոնք տրամադիր ու պատրաստակամ եղած են անհատական նախաձեռնութիւններով նաեւ իրենց օժանդակութեան ձեռքը երկարելու եւ իրենց հայրենակիցներուն ցաւը դարմանելու ու մեղմացնելու համար ներդրում կատարելու: Այսպիսիներուն թիւը մեծ է մեր հաւաքականութեան մէջ` Լիբանանի մէջ թէ արտերկրի, եւ յատկապէս անոնք, որոնք իրենց կեանքի կարեւոր մէկ փուլը անցուցած են Լիբանանի մէջ, վայելած են այս երկրի բարիքները, հպարտացած են այս համայնքին կատարած իրագործումներով եւ այսօր բնականաբար տագնապէ մը մղուած` կ՛ուզեն իրենց մասնակցութիւնը բերել օժանդակութեան գործին, ինչ փոյթ, որ իրենց հայեցողութեամբ եւ իրենց կողմէ ճշդուած առաջնահերթութիւններով: Այս անհատներուն հանդէպ միշտ ալ համայնքը եղած է շնորհակալ եւ ըստ արժանւոյն գնահատած է անոնց մօտեցումը: Կարիքը չկայ մանրամասնութիւններու մէջ մտնելու, որպէսզի վիրաւորած չըլլանք անոնց արժանապատուութիւնը, որովհետեւ այդ անհատներէն, բարերարներէն ու բարեգործներէն մեծ թիւ մը իր ծառայութիւնները կը մատուցէ անձայն, անաղմուկ եւ նոյնիսկ ոչ մէկ ձեւով կը փափաքի, որ տեղ մը իր անունը յայտնուի: Աւելի՛ն. այս ճգնաժամային կացութեան մէջ գտնուեցան նաեւ ազգային բարերարներ, որոնք մինչեւ օրս մեծագումար նուիրատուութիւններով նախաձեռնեցին նպաստաբաշխումի աշխատանքներ, սատարեցին մեր կրթական համակարգին, ընկերային գրասենեակներուն, ինչպէս նաեւ` առողջապահական ծանր կացութեան մէջ գտնուող հայորդիներու հիւանդանոցային կարիքներուն:
Զ.- Անըմբռնելին այսօրուան մեր ապրած իրավիճակին մէջ այն է, որ շատ յաճախ կը հանդիպինք հայկական իրականութեան հետ աղերս չունեցող անհատներու, որոնք ճգնաժամը շահագործելով եւ մեր ժողովուրդի ապրած ծանր իրավիճակը շահարկելով` կը փորձեն օժանդակութեան աշխատանք ծաւալել, եւ մենք կը տեսնենք, որ այդ աշխատանքին մէջ ներդրուած քարոզչական ծախսերը կը գերազանցեն իրենց կատարած ծառայութեան գումարները: Այլ խօսքով, այդ բոլորը կը կատարուին քաղաքական եւ ընտրական այլ նպատակներ հետապնդելու համար: Պահ մը թերեւս պէտք է բնական համարել պարզուած եղելութիւնը, սակայն անբնականը տուեալ քարոզչական մթնոլորտին մէջ կարգ մը հայորդիներու միամիտ կամ չարամիտ կերպով ներքաշուած ըլլալն է, որոնք նաեւ իրենց անպատասխանատու արտայայտութիւններով կու գան սատարելու այդ անհատներու քարոզարշաւին եւ կը նսեմացնեն համայնքային, հաւաքական ճիգերն ու նախաձեռնութիւնները: Այս երեւոյթին դիմաց մեր համայնքը պէտք է ցուցաբերէ համապատասխան զգաստութիւն, որովհետեւ նոյն այդ միտումնաւոր եւ իրենց էութեամբ քողարկուած նախաձեռնութիւնները կը փորձեն թիրախաւորել լիբանանահայութիւնը եւ հարուածել անոր քաղաքական ու համայնքային ուժականութիւնը:
Է.- Տագնապի այս փուլին ակներեւ է հայաշխարհի ցուցաբերած զօրաշարժը, երբ Արամ Ա. վեհափառի կոչին ընդառաջելով` արտերկրի բոլոր գաղութները ծաւալեցին հանգանակութեան մեծ աշխատանքներ, եւ այդ աշխատանքներուն մէջ տուեալ համայնքներու բոլոր կառոյցները ունեցան որոշադրիչ դերակատարութիւն: Ասոր կողքին, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի, Արցախի պետութեան կողմէ կատարուած ներդրումները, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի «Օգնի՛ր լիբանանահայ եղբօրդ» նախաձեռնութիւնը, օժանդակութեան առաքելութենէն անդին, կը ներկայանան նաեւ այս համայնքի ու անոր համահայկական դերակատարութեան կարեւորութեան նկատմամբ ցուցաբերուած գնահատում եւ հարուստ ըմբռնողութիւն:
Շեշտադրումներու ցանկը կարելի է ընդարձակել, սակայն բաւարարուինք այսքանով եւ միշտ ի մտի ունենանք, որ մեր բոլորին կատարածը սովորական օժանդակութեան աշխատանք չէ, այլ` լիբանանահայ գաղութի կենսունակութիւնը, աշխուժութիւնը եւ դերակատարութիւնը անխախտ պահելու հաստատ համոզում, ինչպէս նաեւ` լիբանանահայ անհատի արժանապատուութիւնը, անոր ազգային ու ընդհանրական ապրումները անմար պահելու եւ արժանապատիւ կերպով իր կեանքը շարունակելու վսեմ առաքելութիւն:
Այս բոլորին մէջ, սակայն, ամենակարեւորը պէտք է դարձնել մի՛շտ երախտապարտութեան ու շնորհակալութեան բարձր գիտակցութիւնն ու համոզումը, որովհետեւ այդ ճամբով միայն կարելի է տեսնել կատարուածը, արժեւորել կարիքները, ինչպէս նաեւ` ընդարձակել գործը: Գօտեպնդումի ու մնայուն լիցքաւորման անհրաժեշտ նախադրեալ է մեր բոլորին ցուցաբերած այս գիտակցութիւնը եւ ամուր հաւատք` այս համայնքի ապագայ երթի հունաւորման: