ՀՐԱԿ Թ. ԱՒԵՏԱՆԵԱՆ
Առաջին պայթիւնը կը լսուի: Մինչ տակաւին շուարած ենք պատահածէն, մեր ոտքերուն տակ կը շարժի գետինը: Երկրորդ պայթիւն® Այնքան ուժեղ ու ահաւոր, որ կարելի չէ բաղդատել ուրիշ բանի: Դուրս կու գանք, եւ կարծեք պատերազմի դաշտ ըլլար մեր դիմաց:
Կը փորձեմ հեռաձայնել ընտանիքիս: Կ՛ուզեմ լսել մօրս ձայնը: Բայց կարելի չէր: Հեռախօսի գիծերը ընդհատուած են: Անհասանելի ենք իրարու: Նման աղէտներու ամէն բան կարելի է: Երեւակայութիւնս կը խեղդէ զիս:
Կը փորձեմ ամուր մնալ: Կը սկսիմ քալել: Բոլոր ճամբաները արգելափակուած են: Տուն հասնելու համար կ՛առնեմ իմ ամէնօրեայ ճամբաս` Տաունթաուն, Կուրօ եւ Արմենիա փողոցներով: Այդ կրակոտ փողոցները, որոնք յայտնի էին իրենց պատմական շէնքերով, ցուցասրահներով, սրճարաններով եւ խմիչքի վայրերով… այլեւս չկան:
Բացարձակ քանդում: Փլատակ վիճակ: Գետինը` արեամբ թաթխուած ապակի: Բոլորը վիրաւոր: Օգնութեան կանչեր: Շտապ օգնութեան մեքենաներ: Իրարանցում: Խուճապ: Բանակը կը հասնի:
Կը տեսնեմ ծանօթ մը: Մտերիմ չենք: Առանց մտածելու` երկուքս կը փաթթուինք իրարու: Ապահով եւ տաքուկ զգալու կարիքը ունինք: Երկուքս: Բոլորս: Կը բաժնուինք: Կը շարունակեմ քալել:
Տակաւին մութ է: Կիսաքանդ շէնքերուն վրայ կ՛արտացոլան շտապ օժանդակութեան կապոյտ ու կարմիր լոյսերը: Ազդանշաններուն սուլիչը կը լսուի ամէնուրեք: Լաց: Ճչոց: Աղմուկ: Հեռախօսի լոյսին տակ կը փորձենք զգուշաւոր քայլեր առնել բեկորներուն վրայ:
Կը հասնիմ Պուրճ Համուտ` քիչ մը աւելի ապահով զգալու յոյսով: Վիճակը շատ ալ տարբեր չէ հոս: Կը շարունակեմ ուղիս: Կը հասնիմ Ամանոս: Կը վերամիանամ ընտանիքիս, որ պատահածէն ցնցուած, բայց ապահով է: Կը հանգչիմ: Կը հանգչի նաեւ միտքս ու երեւակայութիւնս: Ընտանիքի բնական մոգութիւնը աւելիով կը զգամ հոն, այդ կախարդական պահուն:
Թէեւ ես տակաւին տուն մը ունէի հոն վերադառնալու եւ ընտանիք մը` զիս սպասող, բայց շատերուն համար այդ գիշեր պարագան նոյնը չէր: Շատերու վրայ այլեւս չկար ապահով երդիք: Ոմանք փնտռտուքի բուռն աշխատանքի լծուած էին` իրենց կորսուած զաւակները գտնելու: Ուրիշներ հիւանդանոցներու մուտքին կը փորձէին գտնել իրենց հարազատներու մարմինները` տրոփող սրտի մը հանդիպելու յոյսով:
Չեմ կարծեր, որ Պէյրութը քնացաւ այդ գիշեր: Ինչպէ՞ս քնանայինք:
Շուտով առաւօտը կը բացուի: Այն, ինչ որ կը յուսայինք, որ գէշ երազ մը ըլլար, իրականութիւն էր: Մայրաքաղաքը փլատակ վիճակի մէջ է: Հարիւրէ աւելի մեռեալ: Հազարաւոր վիրաւոր: Անյայտներու եւ կորսուածներու թիւը բարձր է:
Խումբ մը ընկերներով կ՛որոշենք երթալ «Արմենիա» փողոց` օգնելու այնքան, որքան կրնանք: Այդ փողոցը, ուր մեր լաւագոյն յիշատակները ունինք: Հոն, ուր դպրոցի աւարտական տարին, դասապահեր փախցնելու գնով, կը փորձէինք երթալ: Հոն, ուր ծանօթացած էինք գարեջուրի տեսականիներուն ու նորագոյն երաժշտութեան: Հոն, ուր ապաստան կը գտնէինք երկար աշխատանքի օրէ մը ետք: Հոն, ուր կը ցրուէինք մեր ցոյցերը կասեցնել ուզող զինուորներէն ու անոնց արցունքաբեր ռումբերէն: Այդ բոլորը` «Արմենիա» փողոցին վրայ:
Կը հասնինք «Արմենիա»: Փողոցը հոն էր, բայց այլեւս` անճանաչելի: Փողոցը ա՛լ չի խնդար: Երաժշտութիւն չի լսուիր: Պար ու հաւաք չկայ: «Վալէ»-ի պաշտօնեաները հետդ չեն վիճաբանիր շարելու տեղի համար: Ծառերը մերկացած են: Տուները` առանց դուռ ու պատուհանի: Կայ տխրութիւն: Կայ յուսահատութիւն: Կայ սուգ:
Մեզի նման հազարաւոր երիտասարդներ հոն են` Լիբանանի տարբեր շրջաններէն եկած: Բոլորը եկած են օգնելու: Բոլորը լաւ գիտեն տասնամեակներէ ի վեր մեր վրայ իշխող պետական համակարգին անզօրութիւնը: Բոլորը լաւ գիտեն, որ այս քաոսէն դուրս գալու միակ միջոցը ժողովուրդին իսկ վրայ է, որ` այս աղէտէն դուրս գալը հաւաքական աշխատանքի կը կարօտի:
Կազմակերպուեցանք: Բոլորս` իրարու անծանօթ, բայց կարծէք արդէն զիրար լաւ կը ճանչնայինք: Նոյն պետութեան զոհերն ենք: Օտարներ դարձան բարեկամներ: Կամաւորներու ընկերութիւն մը ծնաւ: Մէկը ճաշ կը պատրաստէ, միւսը կը ցրուէ: Փլատակներուն մէջէն մտանք մարդոց տուները: Վստահեցուցինք, որ առանձին չեն: Բոլորս կը բաժնենք այդ ցաւը:
Ուրիշ օր մըն է: Անծանօթի մը տունն ենք, Մար Մըխայէլ: Սպիտակահեր հայ ծերունի մը մեզ կը դիմաւորէ: Առանձինը կ՛ապրի: Զաւակները արդէն շատոնց լքած են այս երկիրը: Երազներու գերեզման երկիրը: Համեստ տան պատէն կախուած ժամացոյցը գետինն է: Սլաքը սառած է 6:08-ին… այդ անիծեալ ժամուն: Գետինն է նաեւ շրջանակուած նկար մը: Թոռնուհին է` դպրոցի աւարտական վկայականով նկարուած, վարակիչ ժպիտով մը: Կը ժպտիմ: Փոշին կ՛առնեմ ու սեղանին վրայ կը դնեմ: Կը ժպտի նաեւ ծերունին: Ներս կը մտնէ` մեզի հիւրասիրութիւն բերելու նպատակով: Կը մերժենք: «Մենք եկած ենք օգնելու, ոչ թէ յոգնեցնելու»: Տան մէջ տիրական է գիրքերու քանակը: Բոլորը շպրտուած` աջ ու ձախ: Գանձ` իւրաքանչիւրը: Հայերէն գիրքեր` տասնամեակներ առաջ հրատարակուած: Գիրքեր, որոնք բազմաթիւ անգամներ կարդացուած ու խնամքով պահուած են: Բայց` ոչ եւս: Կը վերադասաւորենք գրադարանը գիրք առ գիրք: Վերադարձի խոստումով կը բաժնուինք:
Պայթումին յաջորդող առաջին կիրակին է: Կը հասնիմ Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ եկեղեցի: Հեռուէն արդէն կը լսուէր խեղդող «Տէ՛ր ողորմեա՛»-ն, անդուռ, անպատուհան եւ կիսաքանդ նստարաններով այդ կառոյցէն:
Արդեօք կա՞յ ողորմութիւն այս դժբախտ ժողովուրդին: Մէկ տարի անց տակաւին կը խօսինք արդարութեան մասին: Տակաւին արդարութիւն կը պահանջենք, երբ մայր մը ա՛լ չի կրնար գրկել իր զոհուած զաւակը: Ի՞նչ ըսել է արդարութիւն, երբ ընտանիք մը կորսնցուց իր հայրը, իր մայրը, հարազատը: Ամբողջ կեանք մը:
Կը վերաշինուին Պէյրութի շէնքերը, բայց կիսաքանդ վիճակի մէջ կը մնան լիբանանցիներու սրտերը: Մեր ընկերները, մեր սիրելիները մեզմէ անվերադարձ կը բաժնուին ամէն օր` նոր վայրերու մէջ ամենապարզ մարդկային իրաւունքները գտնելու նպատակով: Ինչպէ՞ս այպանենք մեզ լքողները:
Կարծեք լիբանանցի ըլլալ` կը նշանակէ մնայուն յուսախաբութիւն ապրիլ: Խայտառակուիլ դրամատան մէջ, հիւանդանոցի մուտքին եւ կամ պենզինի կայարաններու շարքերուն մէջ…
Այն, ինչ որ պատահեցաւ եւ կը պատահի Պէյրութի մէջ, մարդու ընկալելու եւ բացատրելու կարողութենէ վեր է: Մեզմէ իւրաքանչիւրս կորսնցուց իր սրտէն կտոր մը: Իւրաքանչիւրը ամէն օր քիչ մը կը մեռնի: Օգոստոս 4-ի պատկերները մեզմէ չեն հեռանար: Քանդակուած են մեր յիշողութեան մէջ: Ամէն օր մեր մէջ կը մարի արժանավայել ապրելու յոյսը: Մենք աւելի լաւին արժանի ենք:
Հաւաքաբար պէտք է ձգտինք արդարութեան: Հաւաքաբար պէտք է ձգտինք փոփոխութեան` քաղաքական համակարգի արմատական փոփոխութեան: Բոլոր ժողովուրդներուն նման, մենք ալ իրաւունք ունինք երազելու, ապրելու, ապահով զգալու եւ առողջապահական պայմաններ ունենալու: Մեր իրաւունքն է ունենալ ինքզինք եւ իր քաղաքացիները յարգող պետութիւն ու պետականութիւն: Մեր իրաւունքն է Լիբանանի մէջ ապագայ ունենալ:
Մինչ այդ երազէն արթննանք… Բարե՛ւ Պէյրութէն: