Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խլուած Երազներ…

August 4, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Լիբանանի տնտեսական եւ քաղաքական հետզհետէ ծանրացող ճգնաժամին եւ «Քորոնա» ժահրի պարտադրած ընկերային ու առողջապահական տագնապին վրայ աւելցաւ 4 օգոստոս 2020-ի նաւահանգիստի ահաւոր պայթումը:

Այսօր մէկ տարի անցած է այն օրէն, երբ լիբանանահայութիւնը իր էութեամբ ցնցուեցաւ: Ֆիզիքական, նիւթական, մարդկային, հոգեկան եւ գոյութեան պայքար մղող լիբանանահայութիւնը ոտքի մնալու, տոկալու, յարատեւելու ուժ կը հաւաքէ տակաւին:

Մասնաւորաբար պէյրութահայութիւնը մեծ ցնցում ապրեցաւ:

Ամէն տեղ աւեր, ամէն տեղ յուսահատութիւն, տարիներու վրայ քար առ քար, տուն առ տուն, թաղ առ թաղ շինուածը մէկ վայրկեանի մէջ փոշիի վերածուեցաւ: Երիտասարդ կեանքեր խլուեցան մեզմէ, ընտանիքի հայրեր, մայրեր, զաւակներ եւ երէցներ…

Ցաւը մեծ էր եւ է՛ տակաւին:

Վիրաւորներ աննկարագրելի պայմաններու մէջ յայտնուեցան…

Ո՛վ որո՞ւ պիտի հասնէր այդ օրը:

Ո՛վ որո՞ւ յոյս պիտի տար, որ յաջորդ օրը, երբ արեւը ծագէր, ամէն մարդ իր աւերակներուն մէջէն յիշատակ մը պահէր:

Մինչեւ օրս, հաւատացէք, ամէն օր կը յիշենք այդ դժբախտ օրուան այդ ահարկու վայրկեանը: Աստուծոյ բարեխնամութեամբ ահագին կեանքեր փրկուեցան: Տան մէջ ապահով անկիւն մը, խանութի ապահով տեղ մը, ճամբու մը ծայրը…

12 ամիսներ անցան, սակայն երէկուան նման կը յիշենք բոլորս:

Ճիշդ է, բազմատեսակ եւ բազմաբնոյթ օժանդակութիւններով մասամբ նորոգուեցան շէնքերը, եկեղեցիները, ակումբները: Լիբանանահայութեան օժանդակութեան փութաց այդ նպատակով յառաջացած Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինը, որուն տրամադրած օժանդակութիւններու գումարը անցաւ մէկ միլիոն տոլարը:

Սակայն ցաւը կը մնայ մեծ: Վիշտը` անդարմանելի: Կորուստները` անփոխարինելի: Երազները` խլուած: Այդ թաղերուն, տուներուն, ակումբներուն, եկեղեցիներուն յիշատակները կը մնան հո՛ս եւ աշխարհով սփռած իւրաքանչիւր հայու հոգիներուն մէջ:

Սպասելով լոյսի եւ յոյսի նշոյլի մը, որպէսզի ողջ մնացողներուն երազներն ալ չխլուին պայթումին աւերին պէս:

Սպասելով պայծառ օրերու, որպէսզի ֆիզիքական կորուստին կողքին, արձանագրուած հոգեկան ու հոգեբանական տագնապներէն կարենանք դուրս գալ եւ սփոփուինք գալիքի յոյսերով:

Օգոստոս 4-ի պայթումը լիբանանահայութեան պատմութեան մէջ իր յատուկ տեղը պիտի ունենայ, մանաւանդ Պէյրութը` իբրեւ մայրաքաղաք, իր երեք հարիւր հազար բնակարաններու եւ հաստատութիւններու աւերով:

Վերջապէս, ո՛ւր ալ ըլլանք, ինչպիսի՛ պայմաններու մէջ ալ գտնուինք, մենք մեր յուշերու եւ ապրումներու պատանդն ենք անկասկած:

Օգոստոս 4-ը կը մնայ մեր կեանքի շղթային այն օղակը, որ իր ուժգնութեամբ միայն կամքի ու հաւատքի ուժը կը զօրացնէ եւ միասնական ոգիի գործնական կիրարկումը կը դրսեւորէ:

Յիշատակը անթառամ մնայ բոլոր նահատակներուն եւ ապրող նահատակներուն:

 

 

Նախորդը

Փտած Երկրի Մը Սրտաճմլիկ «Գեղեցկութիւն»-ը (4 Օգոստոս 2020)

Յաջորդը

Օգոստոսեան Օրագրութիւն (Օրը Օրին Գրառումներ` Լիբանանն Ու Լիբանանահայութիւնը Ցնցած 14 Դժոխային Օրերու Մասին. 4-18 Օգոստոս 2020)

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.