Անդրադարձ

Յիշելով Կարապենցը

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Յակոբ Կարապենց (Կարապետեան, 1925-1994)` ամերիկահայ գրականութեան մէջ սիրելի ներկայութիւն մը: Նրբաճաշակ, վաւերական արձակագիր, հրապարագիր, մտաւորական եւ սիրելի վիպագիրը, որուն լեզուն իր կեանքի արտացոլումն է, հարազատ եւ արդար: Ինքն էր, որ իր նորաշունչ գրիչովը հայ գրականութեան մոլորակը հարստացուց իր հարուստ եւ ինքնատիպ արձակով. Այսպէս` «Անծանօթ հոգիներ», «Կարթագենի դուստրը» (վէպ), «Նոր աշխարհի հին սերմացաններ», «Միջնարար», «Ադամի գիրքը»(վէպ), «Ամերիկեան շուրջպար», «Երկու...

Հարցազրոյց Սան Ֆրանսիսքոյի Հոգեւոր Հովիւ Սմբատ Վրդ. Սապունճեանի Հետ

Բժիշկ Ու Քաղաքական Գործիչ Ալեքսանդր Խատիսեան

ՆՈՒՊԱՐ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ Ալեքսանդր Խատիսեան միայն ռուսական յեղափոխութենէն ետք, 1917-ին, կը մտնէ Դաշնակցութեան շարքերը, բայց ատկէ առաջ ալ գաղափարներով ու համակրանքով ալ Դաշնակցութեան հետ էր: Դեռ 1905-ին ան կ՛ուզէր անդամագրուիլ Դաշնակցութեան, բայց Ռոստոմի, Համօ Օհանջանեանի եւ ուրիշ ընկերներու խորհուրդով կը մնայ դուրսը: Որպէս անկուսակցական համազգային դէմք` ան կրնար աւելի ծառայութիւն մատուցել հայ ժողովուրդին եւ Դաշնակցութեան: Եւ իր կեանքով ու գործով ան...

Բանաստեղծին, Որ Փառաւորեց Հայ Գրականութիւնը Եւ Աստուած Փառաւորուեցաւ Իրմով

Ո՞ւր կ՚ երթանք

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ Բանաստեղծ Յարութիւն Պէրպէրեան, մոնրէալաբնակ, Դիմատետրի իր էջին վրայ 11 օգոստոսին կը գրէ. «Տասը օրէ աւելի է` Երեւան եմ: Պատկերը ցնցիչ է: Ճիշդ է, որ կեանքը պիտի շարունակուի, սակայն քաղաքամէջի եւ շրջակայքի փողոցներէն անցնելով եւ եզերող սրճարաններու զուարթ ու շաղակրատող ամբոխը դիտելով` կը կարծես, որ քաղաքի բնակչութիւնը իր յիշողութիւնը կորսնցուցած է (նման պատում մը կարդացած էի Մարքեզի «Հարիւր տարուան...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Ակնարկ. Նոր Ազգային Ժողովին Դիմաստուերը Եւ… Շան Մը Պատմութիւնը

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ 20 յունիսին ընտրուած` Հայաստանի Ազգային ժողովը բոլորեց աշխատանքային առաջին շաբաթը, եւ անոր դիմաստուերին բազմաթիւ գիծերը յստակացան: Նպատակ չունինք մանրամասնօրէն արձանագրելու առաջին օրերու անցուդարձերը, այլ փորձ պիտի կատարենք վեր առնելու քանի մը հիմնական գիծ` տեսնելու, թէ արդէն հիներու կարգին դասուող իշխանութիւնը, ի՛նչ անունով ալ ներկայանայ (իմքայլակա՞ն, թէ՞ Քաղաքացիական պայմանագիրն), հաստատօրէն պիտի շարունակէ միանձնեայ կառավարման եւ երկրին դիմագրաւած ճակատագրական հարցերէն...

Աֆղանիստանի Զարգացումներուն Ազդեցութիւնը

Աֆղանիստանի Զարգացումներուն Ազդեցութիւնը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն 14 ապրիլին յայտարարեց Աֆղանիստանէն ամերիկեան ուժերու հեռացումը` այդպիսով վերջ տալով ամերիկեան պատմութեան մէջ ամէնէն երկարատեւ պատերազմին: Սպիտակ տունը յոյս ունի մայիսին սկսած այդ հոլովոյթը իր աւարտին հասցնելու օգոստոսի վերջաւորութեան: Մինչ այդ Թալեպան շարժումը վերաշխուժացաւ, եւ ըստ կարգ մը տուեալներու, արդէն իսկ գրաւած է երկրին 65 առ հարիւրը: «Ուաշինկթըն Փոսթ» հաղորդեց, որ ըստ Փենթակոնի...

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Ազգային Ժողովի Պատերէն Անդին…

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Ազգային Ժողովի Պատերէն Անդին…

«Բոլոր բանավէճերուն թող ճշմարտութիւնը քու նպատակդ ըլլայ, ոչ թէ` յաղթանակը կամ անարդար շահը» ՈՒԼԻԸՄ ՓԵՆ (բրիտանացի գրագէտ եւ հանճար, 1644 - 1718) Աւելի քան երեք դար առաջ Ուիլիըմ Փեն անունով հանճարը հալածանքի ենթարկուեցաւ Բրիտանիոյ մէջ եւ խոյս տալով` հասաւ Ամերիկա, ուր 1682-ին հիմը դրաւ Փենսիլվանիա նահանգին` կրօնի ազատութիւն կիրարկելու դուռը լայն բանալով ժողովուրդին առջեւ: Փենի մտայղացած ժողովրդավարական սկզբունքներուն վրայ պատրաստուած...

Հայաստանի Ազգային Ժողովը Ընդունեց  «Զինուորական Ծառայութեան Եւ Զինուորի  Կարգավիճակի Մասին» Օրէնքի Նախագիծը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Ձեւական Ժողովրդավարութիւնը Որո՞ւ Կը Ծառայէ

Հայաստանի Ազգային ժողովի 8-րդ գումարման առաջին նիստն իսկ ցոյց տուաւ, որ մեր երկրին մէջ ժողովրդավարութիւնը հականէ անուանէ տապալած է: Պատերազմէ դուրս եկած եւ յեղափոխութեամբ իշխանափոխութեան հասած երկրի մը իշխանութենէն կ՛ակնկալուէր համախմբել իշխանական եւ ընդդիմադիր ուժերը, գէթ` երկրի ապահովութեան սպառնացող հարցերուն շուրջ: Իրականութիւնները, սակայն, այլ բան ցոյց կու տան մինչեւ այսօր: Մարզերու մէջ իշխանութեան համախոհներ չհամարուող համայնքապետեր կը ձերբակալուին, ձերբակալուած խորհրդարանի ...

Լոյս Տեսաւ.  Վրէժ-Արմէնի «Ոստայն 16 – Ճարտարապետի Մը Ծոցատետրէն» Հատորը

Լոյս Տեսաւ. Վրէժ-Արմէնի «Ոստայն 16 – Ճարտարապետի Մը Ծոցատետրէն» Հատորը

Լոյս տեսաւ Վրէժ-Արմէնի այս նոր առցանց հատորը, որ կը բովանդակէ գրողին ճարտարապետական յուշերը` աւելի քան 60 տարուան ասպարէզի մը ճամբով: Հատորը կը բաղկանայ 115 էջերէ, ունի ներածական մը, 32 գլուխներ եւ յաւելուած մը` երկու յօդուածներով: Բազմաթիւ լուսանկարներ կ՛ընկերանան գրութիւններուն: «Ներածական»-ին մէջ հեղինակը կը գրէ. «Պէտք է խոստովանիլ, որ եթէ ունեցած գրական սէրերս ու հակումներս անպայման իրենց դերը ունեցած են նաե՛ւ...

Հայ Եկեղեցին Եւ Տիեզերական Գ. Ժողովը (Եփեսոս)

Հայ Եկեղեցին Եւ Տիեզերական Գ. Ժողովը (Եփեսոս)

ԳԷՈՐԳ ԱԲՂ. ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ «Տիեզերական ժողով» կը կոչուին այն ժողովները, որոնք կը գումարուին քրիստոնէական եկեղեցիներու բարձրաստիճան հոգեւորականներու գլխաւորութեամբ, քննելու եւ յստակ որոշումներ կայացնելու եկեղեցական կեանքի կարեւոր բնագաւառներուն առնչուող տարբեր հարցերու շուրջ` հաստատելով ուղղափառ վարդապետութիւնը: Ընդհանրական եկեղեցւոյ, յատկապէս Արեւելեան ուղղափառ եւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ համար «տիեզերական» բնոյթ եւ ճանաչողութիւն ունին երեք ժողովներ, որոնք իրենց գումարման վայրին անունով կը կոչուին Նիկիոյ, Կոստանդնուպոլսոյ եւ...

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)

Մտորումներ. Երնէ՜կ «Սեւր»-ին Ափսո՛ս «Արցախ»-ին (101-Ամեակ)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Ո՛չ, վերի չակերտները պէտք չէ մտահոգեն մեզ, որովհետեւ Սեւրի դաշնագիրը իր պատմաքաղաքական արժեհամակարգով եւ Արցախը իր պատկանելիութեամբ կը մնան, պէ՛տք է մնան ազգային կեանքը հունաւորող անփոխարինելի ուղիներ: Մէկը` իր միջազգային տարողութեամբ ըմբռնելի, իսկ միւսը` համահայկական իր կարեւորութեամբ անշրջանցելի: Սակայն երկուքին պարագային, միանշանակ, պահուածքով եւ հրամայականով դէմ յանդիման գտնուած են ապաշնորհ կացութիւններու թէ աշխարհաքաղաքական նկրտումներու, որոնց իբրեւ հետեւանք ազգ...

Արժանապատուութեան Հարց Է

Արժանապատուութեան Հարց Է

ԶԱՒԷՆ ԽԱՆՃԵԱՆ Գործադիր տնօրէն Ամերիկայի հայ աւետարանչական ընկերակցութեան Ամէն Օր Օգոստոս 4 է Լիբանանի մէջ Պարտադիր չէ օգոստոս 4 մը, որ Լիբանան տառապի: Մէկուկէս տարի է, որ Լիբանան կը շարունակէ կանգնիլ տխուր իրավիճակի մը ու տնտեսական, ֆինանսական եւ քաղաքական խորացող ճգնաժամի մը առջեւ: Համաշխարհային դրամատան տուեալներով, այս իրավիճակը սարսափելի է եւ կրնայ դասուիլ 1800 թուականներու կէսերէն ի վեր աշխարհի երեք...

«Ես Քու Դիմացդ Եմ, Միա՛յն Գլուխդ Վեր Ըրէ՛ Եւ Զիս Գրկաբաց Քու Առջեւդ Պիտի Տեսնես»

«Ես Քու Դիմացդ Եմ, Միա՛յն Գլուխդ Վեր Ըրէ՛ Եւ Զիս Գրկաբաց Քու Առջեւդ Պիտի Տեսնես»

ՇԱՆԹ ՍՐԿ. ԳԱՏԵՀՃԵԱՆ Դպրեվանք Կաթողիկոսութեան Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Այս գօտեպնդիչ եւ հոգեշէն խօսքը նորկտակարանեան դրուագ մըն է, որ այսօր Աստուածաշունչի անդաստանէն քաղուելով, կը հրամցուի ընթերցողին` այս գրութեան ճամբով: Դրուագը մեր ժողովուրդի զաւակներուն շատ հարազատ ու սրտին խօսող պատմութիւններէն է, որ ծանօթ է «Պետրոս ջուրին վրայէն կը քալէ» խորագրով: Նոր ուխտէն առնուած այս դրուագը վստահաբար շատ մը առիթներով քարոզուած ու...

Հայրենիք, Հայրենիքներ, Մարդիկ Եւ Հայը

Քոնրատ Լորենցի Հետ Անմիջականէն Անդին` Մտածել Քաղաքակրթութեան Մեղանչումի Մասին

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Մեր կեանքը եւ մեր կարծիքները դասաւորելու համար պէտք է հետեւինք մեծ գիտնականներու միտքերուն, անոնք մեր ալ ժառանգութիւնն են: Ճիշդ է, որ հաւասար ենք, սկզբունք է, բայց անոնք քիչ մը աւելի հաւասար են: Քոնրատ Լորենց` Ի. դարու աւստրիացի մեծ գիտնականը, նոպէլեան դափնեկիր, ուսումնասիրած է անասուններու եւ մարդու վերաբերումը իրենց բնական միջավայրին մէջ, բնութեան հետ համահունչ կեանքի: Գիտութիւնն է` ÉTHOLOGIE:...

Սթափելու Ժամանակը

Սթափելու Ժամանակը

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Պէտք եղաւ հինգ օրերու երկարատեւ նիստերու, որպէսզի Հայաստանի նորընտիր Ազգային ժողովը ընտրէ իր նախագահը եւ երեք փոխնախագահները: Խորհրդարանի վարման կարգի գործադրութեամբ, պաշտօններու համար թեկնածուները պէտք է առաջադրուին խմբաւորումներուն կողմէ, պէտք է ներկայացուին ժողովին, հարց ու պատասխան պէտք է ըլլայ, թեկնածուն պէտք է ելոյթ ունենայ, հարցերուն պէտք է պատասխանէ, ապա ընդհանուր  քննարկում պէտք է տեղի ունենայ, վերջապէս թեկնածուն եզրափակիչ...

Պատառիկներ «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» Կուսակցութեան Ծածկանուններու բառարան»-ից

Երգի Մը Պատմութիւնը. «Կելիեկիւզան Տուման Է» Սրտառուչ Երգին Անժամանցելի Պատգամը

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ Հայ ժողովուրդը Օսմանեան կայսրութեան տիրապետութեան ընթացքին դարեր շարունակ ենթարկուած է ճնշումի, կոտորածի, ջարդի ու բռնագաղթի քաղաքականութեան: Թրքական լուծին տակ ճնշուած հայը, երբ ուզեց ազատագրուիլ անգութ թշնամիին գերութենէն, բահը մէկ կողմ դրած` զէնքը գրկեց ինքնապաշտպանութեան համար: Ազգային ազատագրական պայքարի իրերայաջորդ իրադարձութիւնները իրենց բոլոր մանրամասնութիւններով բնականաբար արձանագրուեցան հայոց նորագոյն պատմութեան էջերուն: Այս պատմութիւնները, դէպքերը, դրուագներն ու թուականները մեզի փոխանցուած են...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Սլաք. Նոր Բառարան Պիտի Կազմեն…

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Հայաստանի նորընտիր Ազգային ժողովի քուլիսներուն մէջ շշուկներ շրջան կ՛ընեն (եղեր), որ պաշտօնաւարտ խորհրդարանը կարեւոր կտակ մը թողած է նորին` աշխատանքի հրաւիրել լեզուագէտներէ բաղկացած յանձնախումբ մը, որուն պարտականութիւնը ըլլայ կազմել նոր բառարան մը: Շշուկները մասնաւորապէս կը պտտին իշխանական պլոքի գրասենեակներուն շուրջ-բոլորը (յանձնախումբի անդամներուն պարգեւավճարը` ապահովուած): Չէ՛, չկարծէք, որ բառարան կազմողներուն գործը պիտի ըլլայ մայրենին հեղձամահ ընող օտարաբանութիւններուն ցուցակի պատրաստութիւնն...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Հին Ցաւեր, Նոր Խորհրդարան – Բ. – Շրջանային Եւ Միջազգային Փոթորիկներ, «Փոխանցման» Խորհրդարան

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Նորընտիր Ազգային ժողովի առաջին նստաշրջանը կը բացուի այնպիսի պահու մը, երբ Հայաստանն ու աշխարհը փոթորկող հովերը մեղմացումի նշաններ չեն ցուցաբերեր (ինչպէս եղաւ շուրջ 30 տարի առաջ, քիչ մը ձեւականօրէն, Խորհրդային Միութեան փլուզման օրերուն), սակայն նաեւ ի յայտ կու գան նոր ուղղութիւններ: Մեր անմիջական շրջապատին մէջ Թուրքիա կը մնայ Ազրպէյճանի զօրավիգը, ապաւէնն ու համաթուրանական ծրագիրը անոր գործակցութեամբ հետապնդողը: Աւելի՛ն....

Մօրաքիս Պայծառ Կեանքին Քնարերգութիւնը

Մօրաքիս Պայծառ Կեանքին Քնարերգութիւնը

ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Լիբանանի նաւահանգիստին ահաւոր պայթումին օրը` 4 օգոստոս 2020-ը, իւրաքանչիւր լիբանանաբնակի սրտին ու մտքին մէջ ամենացնցիչ ու չամոքող սպիներ կը քրքրէ: Այդ օրը մայրս ու ես հրաշքով փրկուեցանք: Լիբանանի նաւահանգիստի պայթումէն հազիւ քանի մը վայրկեան անց սկսան մեր հեռաձայնները հնչել աշխարհի չորս ծագերէն` ազգականներէ, հարազատներէ, բարեկամներէ, ընկերներէ, որոնք մտահոգ էին մեր վիճակով: Այդ գուրգուրոտ հեռաձայններու փաղանգին մաս կը կազմէր...

Զինուորը Տանջւում Էր Ընկերոջ Մահը Տեսնելով Եւ Պայքարում Իր Կեանքի Համար

Զինուորը Տանջւում Էր Ընկերոջ Մահը Տեսնելով Եւ Պայքարում Իր Կեանքի Համար

Զրուցեց ՏԱԹԵՒԻԿ ԱՂԱՋԱՆԵԱՆԸ 44-օրեայ պատերազմը բուժաշխատողների եւ ոլորտին առնչուող մարդկանց համար իւրօրինակ մարտադաշտ էր: Բժիշկները, բուժքոյրերը ամէն վայրկեան կռիւ էին տալիս իւրաքանչիւր վիրաւոր զինծառայողի կեանքի, առողջութեան համար: Այդ չերեւացող, հիւանդանոցի պատերից ներս ընթացող ճակատամարտին մասնակցում էին նաեւ բժշկական համալսարանների ուսանողները: Նրանցից Մարիամ Օհանեանը, որ Հայկական բժշկական հիմնարկի 4-րդ տարուայ ուսանող է, իր համադասարանայինների հետ խումբ հաւաքեց եւ միասին սկսեցին խնամել...

Թուրք Գործիչը Կը Խոստովանի, Որ Իրենց Համար Ծանր Հարուած Էր Թեքսաս Նահանգի Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը

Էրտողանի Հսկայական Մզկիթը Ուաշինկթընի Մօտակայքը` Տրովադայի Ձի Է Թուրքիոյ Շահերուն Համար

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան 2016-ի ապրիլին Միացեալ Նահանգներու մէջ բացաւ ամէնէն մեծ մզկիթներէն մէկը: Անիկա պաշտօնապէս կը կոչուի Ամերիկայի «Տիյանեթ» կեդրոն, հսկայական համալիր մը, որ մօտաւորապէս եօթը հեկտար տարածութիւն կը զբաղեցնէ Մերիլենտի Լենհեմ շրջանին մէջ, մայրաքաղաք Ուաշինկթընէն 24 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ: Թուրքիոյ կրօնական հարցերով վարչութիւնը («Տիյանեթ») 110 միլիոն տոլար վճարեց Ամերիկայի...

Page 311 of 807 1 … 310 311 312 … 807

Արխիւներ