Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բժիշկ Ու Քաղաքական Գործիչ Ալեքսանդր Խատիսեան

Օգոստոս 14, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆՈՒՊԱՐ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ

Ալեքսանդր Խատիսեան միայն ռուսական յեղափոխութենէն ետք, 1917-ին, կը մտնէ Դաշնակցութեան շարքերը, բայց ատկէ առաջ ալ գաղափարներով ու համակրանքով ալ Դաշնակցութեան հետ էր:

Դեռ 1905-ին ան կ՛ուզէր անդամագրուիլ Դաշնակցութեան, բայց Ռոստոմի, Համօ Օհանջանեանի եւ ուրիշ ընկերներու խորհուրդով կը մնայ դուրսը: Որպէս անկուսակցական համազգային դէմք` ան կրնար աւելի ծառայութիւն մատուցել հայ ժողովուրդին եւ Դաշնակցութեան: Եւ իր կեանքով ու գործով ան արդարացուց այդ կարծիքը:

Ալեքսանդրը եղած է Թիֆլիսի Խատիսեան համբաւաւոր ընտանիքի զաւակ : Անոր հայրը եղած է պետական բարձր պաշտօնեայ` յարգուած հեղինակաւոր հայ եւ օտար շրջանակներու կողմէ: Մայրը կրթուած, հասարակական ջիղի տէր հայուհի էր: Ան կը սիրէր հայ մշակոյթը եւ Մարիսեան ծածկանունով վէպեր ունի հրատարակած: Մեծ եղբայրը` Կոստադինը եղած է Դաշնակցութեան հիմնադիրներէն:

Այդպիսի ընտանիքի մէջ ծնած է Ալեքսանտրը 1874 թուականին, փետրուար 7-ին: Իր մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը կ՛անցնի կիրթ, հայրենասիրական միջավայրի մէջ:

Աւարտելով Թիֆլիսի պետական գիմնազեան` ան բժշկական կրթութիւն կը ստանայ Մոսկուայի (3 տարի) եւ Խարկովի (2 տարի) համալսարաններուն մէջ, ապա մասնագիտութիւնը կը զարգացնէ Գերմանիոյ մէջ ու կը վերադառնայ Թիֆլիս` նուիրուելով բժշկութեան:

Բժշկական ասպարէզը, սակայն, նեղ է Խատիսեանի կարողութեան ու խառնուածքի տէր անհատի մը համար: Ան բնածին հասարակական գործիչ էր` բարձր թռիչքներով եւ բազմութիւնները վարելու ձգտումներով: Պերճախօս, հռետոր, բազմազան հետաքրքրութիւններ եւ ծրագիրներ հետապնդող, արտասովոր կերպով աշխատունակ, ցոյց ու ժողովրդականութիւն սիրող, ազատախոհ եւ լաւ իմաստով պատեհապաշտ, կենդանի գործը վերացական  տեսութիւններէն գերադասող, հասարակական բոլոր խաւերու լեզուն հասկցող, հանրութեան ծառայելու պատրաստակամ, դիւրահաղորդ եւ բոլորին մատչելի ազնիւ նկարագրի տէր` Խատիսեան ստեղծուած էր հասարակական-քաղաքական գործունէութեան համար: Եւ զարմանալի չէ, որ ան շուտով լքեց այնպէս փայլուն կերպով սկսած բժշկական ասպարէզը եւ ամբողջապէս նուիրուեցաւ հասարակական գործունէութեան:

1902-ին Խատիսեանը կ՛ընտրուի Թիֆլիսի քաղաքական խորհուրդի անդամ: 1906-ին ան արդէն Թիֆլիսի քաղաքապետի օգնական էր: 1909-էն մինչեւ 1917-ը եղած է Թիֆլիսի քաղաքապետ: 1914-1917 կովկասեան 44 քաղաքներու միութեան նախագահ: Ազդեցիկ եւ յարգուած դէմք` նաեւ պետական շրջանակներու մէջ, մանաւանդ` փոխարքայ Վորոնցով-Դաշկովի օրով: Քաղաքային գործերու զուգընթաց, ան գործնական կերպով կը մասնակցէր համակովկասեան կեանքին զանազան ասպարէզներու մէջ: Սիրուած ժողովրդական դասախօս էր, յօդուածներ կը գրէր թերթերու մէջ: Ան հրատարակեց զանազան գրքոյկներ` հանրային առողջապահութեան, տեղական ինքնավարութեան, տնտեսական ու մշակութային հարցերու մասին, նաեւ թարգմանութիւններ կ՛ընէր հայ գրականութենէն:

Որքան համակովկասեան ու համառուսական, նոյնքան եւ հայ կեանքի մէջ Խատիսեանը լայն ու գործօն դեր կը կատարէր: Հայ-թաթարական կռիւներու շրջանին, օրինակ, ամէն միջոցով օգնեց Դաշնակցութեան` ինքնապաշտպանութիւնը յաջողութեամբ տանելու եւ վճռական դեր կատարեց կռիւներուն վերջ տալու համար:

Երբ ցարական կառավարութիւնը հալածանք սկսաւ Դաշնակցութեան դէմ, Խատիսեանը ոգի ի բռին աշխատեցաւ` թեթեւցնելու ձերբակալուածներու վիճակը: Առհասարակ անիրաւուածներու պաշտպան էր ան կառավարութեան մօտ: Իր խորհուրդներով եւ միջամտութիւններով կ՛օգնէր Էջմիածնին` կառավարութեան հետ ունեցած դժուարութիւններու ժամանակ: Անդամ էր ու փոխնախագահ` Ազգային Բիւրոյի եւ կամաւորական գունդերու կազմութեան նախաձեռնողներէն մէկը: Իբրեւ քաղաքներու միութեան նախագահ` անգնահատելի եղաւ անոր դերը պատերազմէն աղէտահար հայ գաղթականներու խնամատարութեան գործին մէջ:

Ցարական վարչաձեւի խորտակումէն ետք Խատիսեանի հասարակական կեանքը տարբեր ընթացք ստացաւ: Թիֆլիսը անցաւ վրացիներուն ձեռքը: Անդրկովկասը փաստօրէն անջատուեցաւ Ռուսաստանէն, եւ Խատիսեան ամբողջ էութեամբ նետուեցաւ հայ ազգային գործունէութեան մէջ: Այլեւս իրագործելի էր անոր վաղեմի փափաքը` մտնել Դաշնակցութեան շարքերը:

1917-1918 ան Ալեքսանդրապոլի քաղաքապետն էր: 1917-ի աշնան կը մասնակցի Ազգային համագումարին: Անդրկովկասի անջատումէն ետք Սէյմի անդամ է եւ ելեւմտական նախարար` Դաշնակցութեան կազմէն: 1918-ի փետրուարին Տրապիզոնի եւ մայիսին` Պաթումի հաշտարար պատուիրակութիւններու անդամ: Հայաստանի անկախութենէն ետք Քաջազնունիի հետ ստորագրեց հաշտութեան դաշնագիրը թուրքերու հետ: Ապա Ահարոնեանի հետ Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէն կը մեկնի Պոլիս` նոր դաշինք կնքելու համար:

Ընդհանուր զինադադարէն ետք Խատիսեան կը վերադառնայ Հայաստան եւ կը ստանձնէ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնը: 1919 փետրուարէն մինչեւ 1920 մայիս կը վարէ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետութիւնը: 1920-ի ամրան  կառավարութեան կողմէ կ՛ուղարկուի արտասահման` փոխառութեան ու ոսկիի ֆոնտի կազմակերպման համար: Կ՛այցելէ` Պոլիս, Եգիպտոս , Ֆրանսա, Անգլիա , Պելճիքա, Յունաստան, Ռումանիա, Պուլկարիա եւ Եուկոսլավիա` ամէն տեղ հայութեան մէջ աննման խանդավառութիւն առաջ բերելով: Վերադառնալով Երեւան` պատերազմի օրերուն անոր վիճակուեցաւ Ալեքսանդրապոլի դաշնագրի ստորագրութիւնը, 1920 դեկտեմբեր 2-ին:

Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք Խատիսեանը կ՛երթայ Փարիզ ու կը շարունակէ քաղաքական գործունէութիւնը` որպէս Հայաստանի Հանրապետութեան անդամ, ապա փոխնախագահ եւ վերջը նախագահ` ներկայացնելով ու պաշտպանելով հայկական շահերը յաչս պետութիւններու ու ազգերու` Դաշնակցութեան կողմէ:

Տարագրութեան տարիներուն ան աշխատակցեցաւ հայ մամուլին եւ լոյս ընծայեց «Հայաստանի Հանրապետութեան ծագումն ու զարգացումը» արժէքաւոր հատորը:

Անհնար է յօդուածի մը մէջ ամփոփել Խատիսեանի բազմաճիւղ եւ բեղուն գործունէութիւնը: Ան մինչեւ մահ մնաց իր կոչման բարձրութեան վրայ ու անշահախնդիր նուիրումով ծառայեց հայ ազգին: Ծանր ու տառապալի ապրումներ ունեցաւ վերջին պատերազմի տարիներուն, երբ ստիպուած էր պաշտպանել վտանգի ենթարկուած եւրոպահայութիւնը: Եւ հատուցումը եղաւ դաժան: Այն մարդիկ, որոնց կեանքը փրկած էր բռնութեան ճիրաններէն, անմարդօրէն բանտարկութեան եւ չարչարանքի մատնեցին զինք: Արդարութիւնը շուտով յաղթանակեց, բայց բանտային տառապանքները վերջնականապէս խորտակեցին անոր արդէն իսկ տկարացած առողջութիւնը:

Խատիսեան կը մահանայ մարտ 10-ին, Փարիզի մէջ անջնջելի յիշատակ ձգելով Հայաստան Հանրապետութեան պատմութեան մէջ:

 

 

 

Նախորդը

Ծանօթ Էք «Անոնիմաուս» Արուեստագէտներու Խմբակին

Յաջորդը

Յիշելով Կարապենցը

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Յանձնառու ՀՕՄ-ականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Յանձնառու ՀՕՄ-ականը

Հոկտեմբեր 27, 2025
Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում
Անդրադարձ

Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին
Անդրադարձ

Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?