Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Ազգային Ժողովի Պատերէն Անդին…

Օգոստոս 12, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Բոլոր բանավէճերուն թող ճշմարտութիւնը քու նպատակդ ըլլայ,
ոչ թէ` յաղթանակը կամ անարդար շահը»

ՈՒԼԻԸՄ ՓԵՆ
(բրիտանացի գրագէտ եւ հանճար, 1644 – 1718)

Աւելի քան երեք դար առաջ Ուիլիըմ Փեն անունով հանճարը հալածանքի ենթարկուեցաւ Բրիտանիոյ մէջ եւ խոյս տալով` հասաւ Ամերիկա, ուր 1682-ին հիմը դրաւ Փենսիլվանիա նահանգին` կրօնի ազատութիւն կիրարկելու դուռը լայն բանալով ժողովուրդին առջեւ:

Փենի մտայղացած ժողովրդավարական սկզբունքներուն վրայ պատրաստուած է Միացեալ Նահանգներու սահմանադրութիւնը:

Առերեւոյթ այս տեղեկութիւնները ոչ մէկ կապ ունին Նոր Աշխարհէն հազարաւոր մղոններ հեռու գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան հետ, ուր օգոստոս 2-ին սկսաւ պաշտօնավարութիւնը յունիս 20-ին ընտրուած Ազգային ժողովին, սակայն անպայման պէտք է հետաքրքրեն Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան նորանշանակ դեսպանը, որ այս մտածումները պէտք է ի մտի ունենայ իր յառաջիկայ յարաբերական եւ դիւանագիտական` փրոթոգոլային հաստափոր թղթածրարին մէջ, գոնէ` առ ի գիտութիւն… Թղթածրար, որ անշուշտ կը կարօտի երկա՜ր, շա՛տ երկար ժամանակի, փորձառութեան եւ մասնագիտութեան, որովհետեւ ան կը մտնէ ասպարէզ մը, ուր «Անքըլ Սեմ»-ի լեզուին տիրապետելը ամէնէն տարրական նախապայմանն է, սակայն առաքելութիւնը հոն չի վերջանար: Այդ պատճառով ալ Միացեալ Նահանգներու հայկական շրջանակներէն շատերը մտահոգ են…

Եթէ նորանշանակ դեսպանի դիտանկիւնէն Փենն ու իր Փենսիլվանիան եւ Միացեալ Նահանգներու սահմանադրութիւնը Հայաստանի Ազգային ժողովէն հեռու ինկած պտուղներ թուին, վերոյիշեալ առաջնորդող խօսքը շատ աւելի հարազատօրէն կը  պատշաճի Բաղրամեան 19-ի ժողովատեղիին:

Ծանօթ «հնարքներով» 71 աթոռ ապահոված եւ մեծամասնութիւն կազմող  «Քաղաքացիական պայմանագիր»-ական ներկայացուցիչներուն անկիւնէն, բանավէճերը կ՛ընթանան անբովանդակ, առանց էական եւ տագնապալի հարցերու շուրջ խորաթափանց վերլուծման եւ թափանցիկ ախտաճանաչման: Քննարկումներուն հետեւողը հաւանաբար կ՛ունենայ այն տպաւորութիւնը, որ ժամանակի կորուստ էին ընդդիմադիր ներկայացուցիչներու ներկայացուցած հարցերը, աղաղակող թերութիւններու եւ բացթողումներու մասին հաշիւ պահանջելն ու ահազանգ հնչեցնելը (պիտի ըսէինք` կրկնելը): Իրականութիւնը այն է, որ Փենի նշած ճշմարտութենէն խուսափելով` արդէն հնամաշ դարձած «մութ հաշիւներն» ու մասնակի շահեր կը հետապնդեն ամբոխավար վարչապետին հլու կամակատարները:

Նորելուկ «մեծամասնականներուն» դիմաց տեղին նշումներ եւ ախտաճանաչումներ կատարող ընդդիմադիր ներկայացուցիչներուն խօսքերը յայտնապէս կը ստանան «ձայն բարբառոյ յանապատի»-ի համ: Նոյնքան բացորոշ է այն, որ Ազգային ժողովի պատերէն դուրս գտնուող ժողովուրդը ուղղակի սփռուող քննարկումներուն ականջալուր եւ ականատես կ՛ըլլայ, լուրջ կերպով կը հետեւի բեմահարթակ բարձրացողներու խօսքերուն եւ կը սկսի իրազեկ դառնալ շատ բանի, որ իրմէ ծածկած էին իշխանութեան մօտիկ քարոզչական մեքենաները, նոյնինքն` իշխանաւորները:

… Որքա՞ն արդար էր եւ ի՞նչ բովանդակութեամբ` հիմնականին մէջ ընդդիմադիր պատգամաւորներուն ուղղուած` խորհրդարանի երիցագոյն անդամ Կնեազ Հասանովի այն մտահոգութիւնը, թէ` «Դուրսի աշխարհը կը հետեւի ժողովէն ներս պատահածներուն»: Այլապէս յարգանքի արժանի Հասանով եւ իրեն թելադրանքներ ուղղողները շա՛տ աւելի մտահոգ պէտք էր ըլլային, պէ՛տք է ըլլան Ազգային ժողովի պատերէն բաւական հեռու, սահմաններուն վրայ պարզուած իրական սպառնալիքներով ու օր աւուր բազմացող վտանգներով…

Այս մտահոգութիւններէն մեկնելով է, որ կը շեշտուի խորքը «Հայաստան» դաշինքի ներկայացուցիչներէն` Արմէն Ռուստամեանի խօսքերուն. «Մենք ասում ենք, որ իրավիճակը գնալով լրջանում է, խորանում են մեր խնդիրները, մարտահրաւէրները գնալով աւելանալու են… Քանի դեռ չենք բացայայտել այս (44-օրեայ պատերազմին, խմբ.) պարտութեան  իրական պատճառները, չենք կանխարգելել պարտութիւնից բխող վտանգները, մենք ո՞նց ենք խօսում ճգնաժամի յաղթահարման մասին»:

Ընդդիմադիր ճակատի ներկայացուցիչները առաջին իսկ վայրկեանէն յիշեցուցին, որ եթէ Հայաստանի ու Արցախի ծանր տագնապին լուծում մը պիտի գտնուի, ապա անիկա կը սկսի ինքզինք «վերարտադրած» իշխանական խմբակին քաղաքական հրապարակէն դուրս մղումով, որպէսզի «Հայաստանի մէջ ապագայ կայ» նշմանախօսքը չմնայ սնանկ, այլ երկիրը մտնէ արժանապատիւ խաղաղութեան հետապնդման եւ կորուստներուն վերատիրացման ուղին:

Այսպէս, Ազգային ժողովի մեկնարկը ազդանշան էր, որ պայքարի ճամբան երկար է, փշոտ ու կնճռոտ:

 

Նախորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Ձեւական Ժողովրդավարութիւնը Որո՞ւ Կը Ծառայէ

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Պուրճ Համուտ. «Լիբանանի Հայութեան Վերականգնումի Աշխատանքներուն Շարունակութիւնը Մենք Կը Նկատենք Հրամայական»

RelatedPosts

Դպրեվանեան Ոգին.  Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ
Անդրադարձ

Դպրեվանեան Ոգին. Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Փաշինեանը Փոխելու Շարժումը Չի Մարիր,  Այլ Նոր Թափ Կը Ստանայ
Անդրադարձ

Արդեօք Հայաստանի Ժողովուրդը Վերջապէս Պիտի Արթննա՞յ, Երբ Փաշինեանը Հրամայէ Ձերբակալել Կաթողիկոսը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Մամուլը Ե՞րբ Իր Կոչումը Կը Վսեմացնէ Եւ Ե՞րբ Զայն Կը Նսեմացնէ (Հայ Մշակոյթի Ամսուան Առթիւ)

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?