Կեդրոնականցին` Ծիրանի Միջուկի Եւ Ճենթըլմեններու Մասին
ՄԱԿԱՐ ի Գաղիա Օգոստոսի կէսն ենք, եւ կարծէք աշուն է. ամպ, անձրեւ: Տիւ ու գիշեր հոլովուող լուրերը թագաժահրի հիւանդներու, մեռեալներու, պատուաստուողներու եւ պատուաստը մերժողներու մասին են: Այլ բաներ չենք լսեր: Երկիրը դարձած է տարբեր մոլորակ, եւ յայտնի չէ, թէ արեւը ո՛ր կողմէն կը ծագի: Բարեբախտաբար կայ Կեդրոնականցի Արմենակը` յիշեցնելու, որ այսօր ալ կան երէկուան մարդիկը եւ անոնց հարցերը, կայ նաեւ...



















