Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ես Քու Դիմացդ Եմ, Միա՛յն Գլուխդ Վեր Ըրէ՛ Եւ Զիս Գրկաբաց Քու Առջեւդ Պիտի Տեսնես»

Օգոստոս 11, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԱՆԹ ՍՐԿ. ԳԱՏԵՀՃԵԱՆ
Դպրեվանք Կաթողիկոսութեան Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ

Այս գօտեպնդիչ եւ հոգեշէն խօսքը նորկտակարանեան դրուագ մըն է, որ այսօր Աստուածաշունչի անդաստանէն քաղուելով, կը հրամցուի ընթերցողին` այս գրութեան ճամբով: Դրուագը մեր ժողովուրդի զաւակներուն շատ հարազատ ու սրտին խօսող պատմութիւններէն է, որ ծանօթ է «Պետրոս ջուրին վրայէն կը քալէ» խորագրով: Նոր ուխտէն առնուած այս դրուագը վստահաբար շատ մը առիթներով քարոզուած ու պատգամուած է մեր ժողովուրդին, բայց եւ այնպէս, դեռ քանի մը մտքեր կան, որոնք մութ կը մնան շատերուն մտքին մէջ:

Վերյիշեցման կարգով, հակիրճ կերպով կը ներկայացնեմ դրուագը: Հինգ հազարին կերակրումը կատարելէ ետք մարմնացեալ Բանը` Յիսուս Քրիստոս իր աշակերտներուն կը պատուիրէ, որ նաւարկելով` լիճին միւս կողմը անցնին: Իսկ Ի՛նք իր շուրջ խմբուած ժողովուրդը արձակելէ ետք, լեռ կը բարձրանայ աղօթելու համար: Երեկոյեան ծովը կը սկսի ալեկոծիլ, եւ աշակերտները սարսափի կը մատնուին: Յիսուս տեսնելով աշակերտներուն վախը, լեռնէն կ՛իջնէ եւ ջուրերուն վրայէն քալելով` կը սկսի աշակերտներուն մերձենալ: Սկիզբը, աշակերտները զԻնք ուրուական մը կը կարծեն, որուն պատճառով Քրիստոս կ՛ըսէ. «Քա՛ջ եղէք, ես եմ, մի՛ վախնաք» (Մտ. 14. 27): Պետրոս ճանչնալով Տիրոջ ձայնը` կ՛ըսէ. «Տէ՛ր, եթէ դուն ես` հրամայէ, որ ջուրերուն վրայէն քալելով քովդ գամ» (Մտ. 14. 28): Տէրը կ՛արտօնէ Պետրոսին, եւ ան իր աչքը Քրիստոսին յառած` կը սկսի ջուրերուն վրայէն քալել: Երբ ան իր աչքը Քրիստոսին վրայէն կը հանէ, ան կը կ՛ընկղմի լիճին ջուրին մէջ: Եւ երբ Քրիստոս իր աշակերտին սուզուիլը կը տեսնէ, կը փութայ անոր փրկելու եւ իր աստուածային ձեռքը երկարելով` զայն ջուրէն դուրս կը բերէ (Մտ. 14. 22-31):

Այս աշխարհին մէջ ալեկոծութիւնները, նեղութիւնները, դժուարութիւնները անթիւ ու անհամար են: Եւ այդպէս ալ պէտք է ըլլայ, որովհետեւ այս աշխարհը ալեկոծ ծով մըն է, որ մարդս կը տարուբերէ: Բայց պէտք է մէկ բան յստակ ըլլայ մեր մտքերուն մէջ, որ մենք ո՛ւր ալ ըլլանք, նոյնիսկ` ալեկոծ ծովուն կեդրոնը, Քրիստոս մեր դիմացն է, մեր առջեւն է եւ մեզի հետ է:

Այն պահուն, երբ մենք պատրաստ ենք Աստուծոյ խօսքը լսելու, մենք Պետրոս առաքեալի նման կարողութիւնը կ՛ունենանք ջուրերուն վրայէն քալելու, այսինքն` դժուարութիւնները դիմագրաւելու: Այդ պահուն մենք նոյնիսկ կարողութիւնը կ՛ունենանք հրաշքներ գործելու: Սակայն, երբ մեր մարդկային տկարութեան պատճառով երկմիտ, երկբայ եւ թերահաւատ դառնանք, կը սկսինք Քրիստոսէն զատ ամէն ինչ տեսնելու, կը սկսինք աջ ու ձախ նայելու եւ այսպիսով կ՛ընկղմինք դժուարութեանց ծովուն մէջ: Այս վիճակին մատնուելէ ետք չենք կրնար հաւասարակշռել մեր դատողութիւնը, մեր խօսքն ու գործը: Կը սկսինք յուսահատելու եւ ընկճուելու: Եթէ սկիզբը յաջողինք ականջ տալ մարդացեալ Աստուծոյն` Քրիստոսի յարութիւն տուող խօսքերուն, կը սկսինք ծփալ ջուրին վրայ, իսկ եթէ ոչ, ապա«ջուրին» մէջ իյնալով` ամբողջութեամբ կը զրկուինք ձայն լսելէ, որովհետեւ բնականաբար արդէն ջուրին մէջ ենք: Եւ երբ Փրկիչը` Յիսուս կը տեսնէ, որ այլեւս իր խօսքերը չեն հասնիր մեզի, որովհետեւ ընկղմած ենք, Ան անպայմանօրէն ձեռքը կ՛երկարէ ու կը խրէ ջուրին խորերը, որպէսզի մեզ փրկէ ու նաւահանգիստ հասցնէ:

Սուրբ գրային այս դրուագը քայլ առ քայլ մեր կեանքը կը նկարագրէ, որովհետեւ երբ ցամաքին վրայ ենք բոլորս պահ մը զօրաւոր կը զգանք, այնքան, որքան «ջուրերու» վրայէն քալելու ինքնավստահութիւնը կը զգանք: Սակայն, երբ կեանքի ալիքները մեզ իրենց յուսահատութեան խորը կը քաշեն, նոյնիսկ քարոզ կամ պատգամ մը լսելու տրամադիր չենք ըլլար:

Լիբանանի ժողովուրդը եւ ի մասնաւորի լիբանանահայութիւնը այսօր կ՛ապրին իրենց  պատմութեան ամէնէն տառապալի, նեղութեամբ լի սեւ օրերը: Այսօր նեղութիւնը մեր վիզերուն կը պլլուի ա՛յնպիսի կերպով մը, որ գրեթէ անկարելի է զայն թօթափել: Նեղութիւնները մեր ուսերուն վրայ կը ծանրանան, անյոյս օրերը կը բազմանան, դժուարութիւնները անբաժանելի կը դառնան, եւ զեփիւռի փոխարէն` տաք, անապատային հով կը փչէ մեր շրջաններէն ներս:

Մենք ամէն բանէ աւելի եւ առաջ` Քրիստոսի պէտք ունինք: Նորկտակարանեան այս դրուագը մեզ կը հրաւիրէ, Պետրոս առաքեալին օրինակով, որքան ալ ալիքները խելագարեն, Քրիստոսի նայելէ զատ ուրիշ բանի չնայինք: Մեր Փրկիչը մեզի կը յիշեցնէ, որ փոթորիկներուն, դժուարութեանց ու նեղութեանց պահուն ինք մի՛շտ ու մի՛շտ մեր դիմաց կանգնած է: Ան նաեւ մեզի կը յիշեցնէ կորսուած ոչխարին (հմմտ. Մտ. 18. 12-14 եւ Ղկ. 15. 1-7) ու անառակ որդիին (հմմտ. 15. 11-32) առակները, որոնք ցոյց կու տան, որ նոյնիսկ եթէ մեղքերու ծովուն մէջ իյնանք, Քրիստոս պատրաստ է մեզ անկէ դուրս հանելու եւ նաւահանգիստ հասցնելու: Հետեւաբար հաւատքով եւ միայն  Քրիստոսի նայելով քալենք, որովհետեւ եթէ պատահի, որ մեր աչքը Անոր վրայէն հանենք, մեզ ներքաշող յուսահատութիւններու ալիքները շատ են:

Դժուար եւ երբեմն ալ մեր անձնական ուժերէն վեր ծանրութիւններ կ՛ըլլան մեր վրան, բարի Նաւապետը մեզի հետ է, որ նոյնիսկ նաւի կարիքը չունի մեզ ազատելու համար: Բնականաբար բոլորս ալ սկսած ենք յուսահատութեան ալիքներուն մէջ խրուիլ, սակայն սուրբ գրային այս դրուագով Բարձրեալին օծեալ Որդին մեզի կ՛ըսէ. «Ես քու դիմացդ եմ, միա՛յն գլուխդ վեր ըրէ՛ եւ զիս գրկաբաց քու առջեւդ պիտի տեսնես»: Ուստի վեր հանենք դժուարութեանց պատճառով մեր կախ ու կքած գլուխները եւ զՔրիստոս մեր առջեւը տեսնելէ ետք, թողունք այս յոգնեցուցիչ ու մաշեցնող յուսահատութիւնները եւ մեր ամբողջ ֆիզիքական ու հոգեւոր ուժը օգտագործելով` վազենք դէպի Քրիստոս եւ նետուինք Անոր հայրական գոգին մէջ` վստահ ըլլալով, որ խաղաղութիւնը անմիջապէս պիտի պատէ մեր ո՛ղջ էութիւնը:

Պիքֆայա, Լիբանան

 

 

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Լուրեր Կաթողիկոսարանէն

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?