Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սթափելու Ժամանակը

Օգոստոս 9, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Պէտք եղաւ հինգ օրերու երկարատեւ նիստերու, որպէսզի Հայաստանի նորընտիր Ազգային ժողովը ընտրէ իր նախագահը եւ երեք փոխնախագահները: Խորհրդարանի վարման կարգի գործադրութեամբ, պաշտօններու համար թեկնածուները պէտք է առաջադրուին խմբաւորումներուն կողմէ, պէտք է ներկայացուին ժողովին, հարց ու պատասխան պէտք է ըլլայ, թեկնածուն պէտք է ելոյթ ունենայ, հարցերուն պէտք է պատասխանէ, ապա ընդհանուր  քննարկում պէտք է տեղի ունենայ, վերջապէս թեկնածուն եզրափակիչ խօսք պէտք է արտասանէ, որմէ ետք տեղի կ՛ունենայ փակ գաղտնի քուէարկութիւն, ի վերջոյ` արդիւնքի յայտարարութիւն:

Նախագահի ընտրութեան համար «Հայաստան» եւ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութիւնները առաջադրեցին կալանքի տակ գտնուող, ուրեմն բացակայ «Հայաստան» խմբակցութեան երկու անդամները: Ենթակաները` ելոյթ ունենալու հնարաւորութիւն չունենալով, գործընթացը շեղեցաւ եւ վերածուեցաւ կալանքի օրինաւորութեան մասին քաղաքական սուր բանավէճի: Տպաւորութիւն ստեղծուեցաւ, որ Ազգային ժողովի պատգամաւորները մոռցած են թէ ինչո՛ւ հաւաքուած են այս առաջին նստաշրջանին ու կը քննարկեն մօտաւոր անցեալէն սկսած մինչեւ հարիւրամեակ մը առաջ կատարուած դէպքերը եւ դիրքորոշումները: Նոյն երեւոյթը կրկնուեցաւ երկու փոխնախագահներու ընտրութեան առիթով, մինչեւ հասանք երրորդ փոխնախագահի ընտրութեան` բարձրակէտին:

Սահմանադրութիւնը կը պահանջէ, որ Ազգային ժողովի փոխնախագահներէն մէկը պէտք է ընդդիմութենէն ըլլայ: Այսինքն` փոքրամասնութենէն: Իր ընտրութիւնը կարելի չ՛ըլլար, եթէ մեծամասնութիւնը չքուարկէ ի նպաստ իրեն: Փոքրամասնական երկու խմբաւորումները խորհրդարանին մէջ ունին 36 ձայն: Երկու արգելափակումներով եւ մէկ ճամբորդութեան պատճառով բացակայող թիւը նուազած է 33¬ի: Մեծամասնութիւն ունենալու համար անհրաժեշտ է 54 ձայն, ուրեմն պակասորդը 21 ձայն է: Մեծամասնութիւնը կը յայտարարէ, որ պատրաստակամութիւն ունի այդ նուազագոյն 21 ձայները հայթայթելու: Առաջին քուէարկութեան քուէներէն մէկը անվաւեր ճանչցուեցաւ: Յաջորդեց տգեղ մեկնաբանութիւններու շարան մը, որուն աւարտին տեղի ունեցաւ երկրորդ քուէարկութիւնը. այս անգամ անվաւեր քուէներուն թիւը բարձրացաւ հինգի: Բացայայտ էր, որ «Հայաստան» խմբակցութեան անդամ, ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի նախագահ Իշխան Սաղաթէլեանի փոխնախագահ ընտրութիւնը խոչընդոտելով, մեծամասնութիւնը կը փորձէր պատգամ մը փոխանցել, առնուազն ըսել, որ ի՛նքն է տնօրինողը, ի՛նքն է որոշողը: Առաջարկ եղաւ նոյնիսկ, որ Իշխան Սաղաթէլեանի թեկնածութիւնը առաջադրած երկու խմբակցութիւնները չմասնակցին քուէարկութեան ու թոյլ տան, որ մեծամասնութիւնը ինք ընտրէ փոքրամասնական փոխնախագահը: Փոքրամասնութեան միասնականութեան մասին կասկած յարուցելով (իբր թէ խարդախողները առաջադրողներն են)` զայն վարկաբեկել յաչս հանրային կարծիքին: Իշխան Սաղաթէլեանի ընտրութիւնը ի վերջոյ կայացաւ երրորդ քուէարկութեամբ:

Հերթը հասաւ խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբերուն: Պէտք է ճշդուի անոնց թիւը, իւրաքանչիւրին պաշտօնը եւ ընտրուին նախագահները: Նախագահներէն գէթ երեք պէտք է ընտրուին փոքրամասնութեան կազմէն: Պիտի շարունակուի՞ արդեօք նոյն երեւոյթը, պիտի կրկնուի՞ն նոյն անբովանդակ փոխասացութիւնները: Նոյն ամբաստանութիւններն ու նոյն արդարացումները:

Իշխան Սաղաթէլեան իր ընտրութենէն ետք յայտարարեց. «Ազգային ժողովի պատգամաւորներն առաջադրւում է խղճով ու համոզմունքներով: Իմ խիղճն ինձ թելադրում է, որ մտահոգ լինեմ երկրում ստեղծուած իրավիճակով, չհամակերպուեմ այն իրավիճակին հետ, որ գոյութիւն ունի, եւ իմ համոզմունքն է, որ երկիրն ունի բազմաթիւ խնդիրներ ու մարտահրաւէրներ, որոնք պէտք է յաղթահարուեն: Ես պատրաստ եմ լուրջ աշխատանքի եւ ներկայացնելու եմ ժողովրդի ձայնը խորհրդարանում»:

Ճիշդ է ըսուած: Ազգային ժողովը պէտք է անյապաղ լծուի երկրին առջեւ ծառացած բազմաթիւ խնդիրներու եւ մարտահրաւէրներու յաղթահարման անյետաձելի գործին: Սին վէճերն ու ժամանակաշրջաններու ու կացութիւններու շփոթումով անլուրջ բաղդատութիւնները միայն պառակտումի կ՛առաջնորդեն: Վերջ պէտք է տալ պառակտումին, սթափիլ ու լծուիլ ազգային միասնականութեան ստեղծման արդէն ուշացած գործընթացին:

 

 

Նախորդը

Երգի Մը Պատմութիւնը. «Կելիեկիւզան Տուման Է» Սրտառուչ Երգին Անժամանցելի Պատգամը

Յաջորդը

Քոնրատ Լորենցի Հետ Անմիջականէն Անդին` Մտածել Քաղաքակրթութեան Մեղանչումի Մասին

RelatedPosts

Դպրեվանեան Ոգին.  Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ
Անդրադարձ

Դպրեվանեան Ոգին. Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Փաշինեանը Փոխելու Շարժումը Չի Մարիր,  Այլ Նոր Թափ Կը Ստանայ
Անդրադարձ

Արդեօք Հայաստանի Ժողովուրդը Վերջապէս Պիտի Արթննա՞յ, Երբ Փաշինեանը Հրամայէ Ձերբակալել Կաթողիկոսը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Մամուլը Ե՞րբ Իր Կոչումը Կը Վսեմացնէ Եւ Ե՞րբ Զայն Կը Նսեմացնէ (Հայ Մշակոյթի Ամսուան Առթիւ)

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?