ԶԱՒԷՆ ԽԱՆՃԵԱՆ
Գործադիր տնօրէն Ամերիկայի հայ աւետարանչական ընկերակցութեան
Ամէն Օր Օգոստոս 4 է Լիբանանի մէջ
Պարտադիր չէ օգոստոս 4 մը, որ Լիբանան տառապի:
Մէկուկէս տարի է, որ Լիբանան կը շարունակէ կանգնիլ տխուր իրավիճակի մը ու տնտեսական, ֆինանսական եւ քաղաքական խորացող ճգնաժամի մը առջեւ: Համաշխարհային դրամատան տուեալներով, այս իրավիճակը սարսափելի է եւ կրնայ դասուիլ 1800 թուականներու կէսերէն ի վեր աշխարհի երեք ամենավատ ճգնաժամերէն մէկը:
Ի՞նչ պիտի նշանակէ, փլուզում եւ ի՞նչ ձեւ պիտի ունենայ այդ, հարցեր են, որոնք կը սաստկացնեն մեր ամենասարսափելի երեւակայութիւնը:
Երկարատեւ տառապանքի եւ հորիզոնի վրայ առանց տեսանելի աւարտի, անհատներ, ընտանիքներ, կրթական հաստատութիւններ եւ առեւտրական կեդրոններ կը պայքարին գոյատեւելու համար: Օրերը կը սպառին դեղորայքի, վառելանիւթի, առանց չափազանցութեան նոյնիսկ աղբամաններու մէջ պեղուած սնունդի եւ այլ տարրական կարիքներու որոնումով, որոնք սակաւ են եւ օրէ օր աւելի անհնար` գտնելը: Առաւե՛լ` ելեկտրական հոսանքի ամէնօրեայ անջատումներ` որոնք կը տեւեն ժամեր:
2020-ի Աւետարանչականի շտապ օգնութիւնը կը շարունակէ օրհնութիւն դառնալ մեր ժողովուրդի զանազան խաւերուն մէջ մինչեւ այսօր` Մերձաւոր Արեւելքի հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան, Պէյրութի եւ Հալէպի կրթական խորհուրդներու եւ ընկերային ծառայութեան Յանձնախումբերուն համագործակցութեամբ:
Կարիքը սակայն անսպառ է:
Մեծագոյն զոհը կը շարունակէ մնալ յոյսը:
Արժանապատուութեան հարց է:
Սփիւռքահայու արժանապատուութեան կենդանութեան:
Կարե՞լի է զոհաբերել լիբանանահայու արժանապատուութիւնը:
Սփիւռքն ու հայրենիքը հարկ է, որ անյապաղ ստեղծեն արտակարգ վիճակի մէջ գտնուող սփիւռքահայ գաղութներու անվտանգութեան, ապահովութեան եւ տունդարձը սերտող ու մշակող ռազմավարութիւն մը: Բաւ է արտակարգ վիճակի մէջ գտնուող սփիւռքեան գաղութներու խաչելութիւնն ու մարտիրոսացումը:
Մինչ այդ ամէն միջոց եւ ծրագիր հարկ է որդեգրել այս ամենասարսափելի իրավիճակէն փրկուելու համար:
Գործենք ա՛յսօր: Ձեր նուիրատուութիւնները անյապաղ պիտի վերածուին Աստուածատուր օգնութեան եւ բաց պահեն գոյատեւման ուղին:
Կացութիւնը թաւալգլոր կը շարունակէ վատթարանալ:
Յոյս ներշնչէ լիբանանահայ եղբօրդ:
Արժանապատուութեան հարց է: