Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սլաք. Նոր Բառարան Պիտի Կազմեն…

Օգոստոս 9, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Հայաստանի նորընտիր Ազգային ժողովի քուլիսներուն մէջ շշուկներ շրջան կ՛ընեն (եղեր), որ պաշտօնաւարտ խորհրդարանը կարեւոր կտակ մը թողած է նորին` աշխատանքի հրաւիրել լեզուագէտներէ բաղկացած յանձնախումբ մը, որուն պարտականութիւնը ըլլայ կազմել նոր բառարան մը:

Շշուկները մասնաւորապէս կը պտտին իշխանական պլոքի գրասենեակներուն շուրջ-բոլորը (յանձնախումբի անդամներուն պարգեւավճարը` ապահովուած):

Չէ՛, չկարծէք, որ բառարան կազմողներուն գործը պիտի ըլլայ մայրենին հեղձամահ ընող օտարաբանութիւններուն ցուցակի պատրաստութիւնն ու տուեալ բառերուն հայերէնի թարգմանութիւնը: Հարցը շատ աւելի լուրջ է: Յանձնախումբին պարտականութիւնը պիտի ըլլայ (եղեր) կազմել ցանկը այն բառերուն, որոնք անվիճելիօրէն… հայհոյանք կը համարուին: Նախորդ խորհրդարանը, ինչպէս ծանօթ է` իր «Կարապի երգ(եր)ը» հնչեցնելու պահուն, որդեգրեց օրէնք մը, որ պատիժի արժանի կը նկատէ հայհոյանքը, յանցաւորը կրնայ բանտ նետուիլ կամ տուգանքի ենթարկուիլ:

Հարցը հոն չէ, թէ հայհոյանքն ու զազրախօսութիւնը ի՛նչ սահմաններու հասած պէտք է ըլլան վերջին տարիներուն (եւ ասոր մէջ «թաւշեայ յեղափոխութեան» վզին յանցանք չնետէ՜ք), որ մարդիկ հասած են նման օրէնք մը քուէարկելու ստիպողութեան: Հարցը հոն է, թէ ո՞ր բառերը եւ արտայայտութիւնները պիտի նկատուին հայհոյանք:

Յանձնախումբին կազմութենէն առաջ իսկ վախ կայ, որ անդամներուն միջեւ ծագին բիւզանդական վէճեր: Հարց պիտի ծագի (եղեր), թէ արդեօք իշխանաւորներուն հասցէին նետուած` «սրիկայ», «ազգադաւ», «հողատու», «դաւաճան», «ստրկամիտ», «թրքահաճոյ» (քաղաքականութիւն, վարքագիծ), «ստախօս», «շահարկող», «ապիկար», «տխմար», «համբակ» եւ նման շարք մը որակումներ պէ՞տք է արձանագրել ցանկին մէջ: (Կ՛ենթադրենք, որ վէճ չի կրնար ծագիլ ծանօթ հայհոյանքներուն մասին, որոնք առատօրէն կը պտտին համացանցի վրայ, յաճախ կը սպրդին նաեւ բանաւոր արտայայտութիւններու մէջ եւ անոնցմէ որեւէ մէկը հոս արձանագրելը ամօթ կը սեպենք):

Ըստ նոյն շշուկներուն, յանձնախումբին պիտի թելադրուի (եղեր), որ բանան Օսմանեան կայսրութեան վերջին տասնամեակներու էջերը, տեսնեն, թէ Սուլթան Համիտի գրաքննիչները ինչպիսի՛ բառեր արգիլեալ հռչակած էին. օրինակ, այդ դարաշրջանին, թերթերու մէջ «բզէզ» գրելն իսկ արգիլուած էր, որովհետեւ գրողը կրնար քողարկեալ կերպով ակնարկած ըլլալ սուլթանին:

…Չկարծէք, որ դէմ ենք զազրախօսութեանց դադրեցման, սակայն կ՛ափսոսանք, որ Հայաստանի քաղաքական կեանքը մանկապարտէզէն մանկամսուր «կը բարձրանայ»:

3 Օգոստոս 2021

Նախորդը

Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» Քոլեճի Երկրորդականի Ամավերջի Հանդէս 2020-2021

Յաջորդը

Երգի Մը Պատմութիւնը. «Կելիեկիւզան Տուման Է» Սրտառուչ Երգին Անժամանցելի Պատգամը

RelatedPosts

Դպրեվանեան Ոգին.  Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ
Անդրադարձ

Դպրեվանեան Ոգին. Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Փաշինեանը Փոխելու Շարժումը Չի Մարիր,  Այլ Նոր Թափ Կը Ստանայ
Անդրադարձ

Արդեօք Հայաստանի Ժողովուրդը Վերջապէս Պիտի Արթննա՞յ, Երբ Փաշինեանը Հրամայէ Ձերբակալել Կաթողիկոսը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Մամուլը Ե՞րբ Իր Կոչումը Կը Վսեմացնէ Եւ Ե՞րբ Զայն Կը Նսեմացնէ (Հայ Մշակոյթի Ամսուան Առթիւ)

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?