Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Ձեւական Ժողովրդավարութիւնը Որո՞ւ Կը Ծառայէ

August 12, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Ազգային ժողովի 8-րդ գումարման առաջին նիստն իսկ ցոյց տուաւ, որ մեր երկրին մէջ ժողովրդավարութիւնը հականէ անուանէ տապալած է:

Պատերազմէ դուրս եկած եւ յեղափոխութեամբ իշխանափոխութեան հասած երկրի մը իշխանութենէն կ՛ակնկալուէր համախմբել իշխանական եւ ընդդիմադիր ուժերը, գէթ` երկրի ապահովութեան սպառնացող հարցերուն շուրջ:

Իրականութիւնները, սակայն, այլ բան ցոյց կու տան մինչեւ այսօր:

Մարզերու մէջ իշխանութեան համախոհներ չհամարուող համայնքապետեր կը ձերբակալուին, ձերբակալուած խորհրդարանի  պատգամաւորներ կը զրկուին նիստին մասնակցելու եւ ընտրուելու իրաւունքէ: Այլ առումով, երկրի ապահովութեան եւ յետպատերազմեան հարցերու լուծման շուրջ համախոհութեան մթնոլորտ չի տիրեր: Աւելի՛ն. լրագրողներ կը հետապնդուին իրենց ազատ կարծիքին ու քննադատական ոճին համար: Դէպի ո՞ւր կ՛ուղղուին Հայաստանի իշխանութիւնները: Ինչպէ՞ս կարելի է լուծել երկրին սպառնացող բազմամակարդակ դժուարութիւնները` առանց իրար լսելու, քննարկումներու ազատ հարթակը պահպանելու եւ զարգացնելու:

Իշխանութիւնները կը փորձեն ամէն գնով մեկուսացնել խորհրդարանական ընդդիմութիւնը` փոխարէնը գործակցելու եզրեր որոնելով ոչխորհրդարանական խմբաւորումներու հետ, պարզապէս իրենց տեսակէտներուն համախոհներ որոնելով եւ իշխանութեան լծակները բազմապատկելով:

Մեր երկիրը ճգնաժամային պայմաններու մէջ կ՛ապրի: Սփիւռքի, հայրենիքի մեր ժողովուրդն ու մտաւորականութիւնը լրջութեամբ կը հետեւին Հայաստանի քաղաքական ներքին եւ արտաքին զարգացումներուն, առանց շօշափելու, սակայն, երկիրը քանդումէ փրկելու եւ թշնամիին սպառնալիքներուն դէմ դնելու միասնական լուրջ գործընթաց մը:

Այս պայմաններուն մէջ Հայաստան կարիք ունի երկրի ուժերը համախմբող, տարբեր կարծիքներու ականջ տուող, քաղաքական դաշտին մէջ ժողովրդավարական հաւասարակշռութիւնը պահպանող իշխանութիւններու, որոնք առաջնորդուելու են երկրի ու ազգի շահերէն եւ պատմական այս վտանգալից օրերուն յանդգնութիւնն ու իմաստութիւնը ունենալու են ի մի բերելու բոլոր կարծիքները եւ միասնական աշխատանքով փրկելու երկիրը կորուստէ:

Պատմութեան բոլոր փուլերուն մեր երկիրը տարածքներ կորսնցուցած է, երբ հասարակութիւնը պառակտուած է, եւ իշխանատենչ խաւը բաւարարուած է իր դիրքերը պաշտպանելով` փոխանակ քաղաքական տարբեր ուժերուն լրջագոյն առաջարկներուն ու քննադատութիւններուն իմաստութեամբ  մօտենալու:

Յաղթողի եւ պարտուողի յետամնաց տրամաբանութիւնը կը նպաստէ մեր երկրի քայքայման` վտանգալի այս օրերուն:

Թշնամին մեր դրան սեմին կանգնած է, հա՞րթ պիտի դարձնենք անոր մուտքի ճամբան իշխանատենչութեան ներքին անհեթեթ պայքարով եւ ժողովրդավարութեան բարձրացող տաճարը վար առնելով:

Նախորդը

Լոյս Տեսաւ. Վրէժ-Արմէնի «Ոստայն 16 – Ճարտարապետի Մը Ծոցատետրէն» Հատորը

Յաջորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Ազգային Ժողովի Պատերէն Անդին…

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ

February 3, 2026
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը

February 3, 2026
Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը
Անդրադարձ

Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.