Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աֆղանիստանի Զարգացումներուն Ազդեցութիւնը

Օգոստոս 13, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն 14 ապրիլին յայտարարեց Աֆղանիստանէն ամերիկեան ուժերու հեռացումը` այդպիսով վերջ տալով ամերիկեան պատմութեան մէջ ամէնէն երկարատեւ պատերազմին: Սպիտակ տունը յոյս ունի մայիսին սկսած այդ հոլովոյթը իր աւարտին հասցնելու օգոստոսի վերջաւորութեան: Մինչ այդ Թալեպան շարժումը վերաշխուժացաւ, եւ ըստ կարգ մը տուեալներու, արդէն իսկ գրաւած է երկրին 65 առ հարիւրը: «Ուաշինկթըն Փոսթ» հաղորդեց, որ ըստ Փենթակոնի գնահատման,  թալեպանները 30-90 օրուան ընթացքին պիտի գրաւեն երկրի մայրաքաղաք Քապուլը:

Աֆղանիստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու ձախողութիւնը կու գայ աւելնալու Վիեթնամէն մինչեւ Իրաք երկարող անոնց ձախողութիւններու շարքին վրայ: Ի տարբերութիւն Իրաքի` Աֆղանիստանի մէջ կացութիւնը արագօրէն կը վերադառնայ զերօ կէտին` հոկտեմբեր 2001 թուականին շղթայազերծուած ամերիկեան յարձակումը կանխող իրավիճակին, երբ արմատական շարժումը կը տիրէր ամբողջ երկրին` այդտեղ կիրարկելով իսլամական օրէնքի իր խստաբարոյ տարբերակը:

Աֆղանիստանի մէջ ամերիկեան գլխացաւի աւարտով, սակայն, կը սկսի Ռուսիոյ, Չինաստանի, Իրանի եւ ընդհանրապէս Կեդրոնական Ասիոյ երկիրներու գլխացաւը: Թալեպանները արդէն իրենց վերահսկողութեան տակ առած են Տաճիկստանի եւ Ուզպեքստանի հետ սահմանները, ինչ որ Մոսկուան մղեց սպառնալու, որ Տաճիկստան եւ Ուզպեքստան գտնուող իր ռազմակայանները պիտի օգտագործէ պաշտպանելու համար ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրները:

Նկատի ունենալով, որ ամերիկեան ներկայ վարչակազմը բազմաթիւ անգամ յայտարարած է, որ իրենց երկրին գլխաւոր մարտահրաւէրը Ռուսիան ու Չինաստանն են, ուստի եւ իր արտաքին քաղաքականութիւնը պիտի կեդրոնացնէ այդ երկիրներու ներկայացուցած մարտահրաւէրի դիմակայման վրայ, լուրջի պէտք չէ առնել ամերիկեան բարձրաստիճան պաշտօնատարներու այն յայտարարութիւնները, թէ Աֆղանիստանի մէջ անվտանգութեան ոլորտի կացութիւնը անցանկալի կերպով կը զարգանայ, ուստի եւ մտահոգիչ է: Այդ զարգացումը յստակ է, որ Ռուսիոյ եւ Չինաստանի համար անցանկալի եւ մտահոգիչ կերպով, ուստի եւ ամերիկեան վարչակազմի նպատակին եւ արտաքին քաղաքականութեան ուղղուածութեան համահունչ կերպով կը զարգանայ:

Յուլիսի 6-ին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին ԱՖղանիստանի հետ սահմանին վրայ կացութեան սրման պատճառով Տաճիկստանին օգնութիւն խոստացաւ թէ՛ երկկողմանի, թէ՛ ալ ՀԱՊԿ-ի ծիրին մէջ: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով մէկ օր ետք յայտարարեց.«Մոսկուան ամէն ինչ պիտի ընէ ՀԱՊԿ-ի դաշնակիցներու դէմ յարձակողական գործողութիւն չարտօնելու համար»: Ահա այս ծիրին մէջ պէտք է դիտել ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Սթանիսլաւ Զասի Երեւանի մէջ 10 օգոստոսին կատարած «Հայ-ազրպէյճանական սահմանային բախումները սպառնալիք են ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ ամբողջ ՀԱՊԿ-ի համար» յայտարարութիւնը: Մինչեւ օրս ան այդ իրադարձութիւններուն վերաբերեալ կա՛մ լուռ կը մնար, կա՛մ ալ շատ թոյլ ու չափազանց չէզոք կեցուածք կ՛արտայայտէր:

Ուշագրաւ էր այս առթիւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Արշակ Կարապետեանի  Զասին ուղղուած յստակ քննադատութիւնը, որ` «Մենք ձեր այցելութեան կը սպասէինք մայիս ամսուն: Հայաստանի համար այդ պահուն բաւական լարուած ժամանակահատուած էր, սակայն, ցաւոք սրտի, ձեր այցելութիւնը տեղի չունեցաւ», ինչպէս նաեւ այն կոշտ յայտարարութիւնը, որ` «Մենք պատրաստ չենք համակերպելու գործողութիւններու, որոնք կրնան յանգեցնել Հայաստանի պետական սահմանի խախտման: Մենք վճռականօրէն պիտի պաշտպանենք մեր տարածքները»: Ուշագրաւ է նաեւ այն իրողութիւնը, որ 27 յուլիսին Մոսկուա այցելած նախարար Կարապետեանը Զասի հետ հանդիպումէն ետք դարձեալ Մոսկուա մեկնեցաւ:

Տաճիկստանի եւ Ուզպեքստանի սահմաններուն վրայ տիրող կացութեան նկատմամբ ՀԱՊԿ-ի կարծր կեցուածքի արտայայտումով բնականաբար կարծրացաւ նաեւ կազմակերպութեան` Հայաստանի սահմանին վրայ տիրող կացութեան նկատմամբ կեցուածքը: ՀԱՊԿ-ի կեցուածքին սրբագրումը, սակայն, չի կրնար ծածկել կազմակերպութեան մէջ երկու չափ երկու կշիռի գոյութիւնը եւ մտածել կու տայ, որ կազմակերպութեան անդամ Տաճիկստանի եւ Ուզպեքստանի նկատմամբ կեցուածքը անկեղծ է, իսկ Հայաստանի նկատմամբ կեցուածքը`  պարզապէս անոնց նկատմամբ կեցուածքին լրջութիւնը ընդգծելու համար:

Հայաստանի սահմաններու պաշտպանութեան նկատմամբ թոյլ կեցուածքը Ռուսիոյ հակառակորդներն ու ՀԱՊԿ-ի անդամները կը մղէ իրաւացիօրէն մտածելու, որ Հայաստանի սահմանը չպաշտպանողը նաեւ Տաճիկստանի եւ Ուզպեքստանի սահմանները պիտի չպաշտպանէ: Հայաստանի դիմագրաւած խնդրին նկատմամբ լրջութեան պակասը ժխտականօրէն կ՛անդրադառնայ Կեդրոնական Ասիոյ թատերաբեմին վրայ Մոսկուայի եւ անոր ղեկավարած ՀԱՊԿ-ի հաւաստիութեան եւ յուսալիութեան վրայ: Ուստի հարկ էր սխալը սրբագրել:

 

 

Նախորդը

Ինչո՞ւ Որոշ Մարդիկ Դաժան Կը Վերաբերին Ուրիշներուն Հանդէպ

Յաջորդը

Ակնարկ. Նոր Ազգային Ժողովին Դիմաստուերը Եւ… Շան Մը Պատմութիւնը

RelatedPosts

Վերագտնում Եւ Վերամիաւորումներ. Մոռցուած Հայկական Համայնք Մը
Անդրադարձ

Վերագտնում Եւ Վերամիաւորումներ. Մոռցուած Հայկական Համայնք Մը

Նոյեմբեր 1, 2025
Ռուբէն Ֆիլեանի «Քո Երկրի Դեսպանը»
Անդրադարձ

Ռուբէն Ֆիլեանի «Քո Երկրի Դեսպանը»

Նոյեմբեր 1, 2025
Խմբագրական ՀՄԸՄ-ի «Մարզիկ» Պաշտօնաթերթի.  Արցախո՛վ
Անդրադարձ

Խմբագրական ՀՄԸՄ-ի «Մարզիկ» Պաշտօնաթերթի. Արցախո՛վ

Նոյեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?