Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լոյս Տեսաւ. Վրէժ-Արմէնի «Ոստայն 16 – Ճարտարապետի Մը Ծոցատետրէն» Հատորը

Օգոստոս 12, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լոյս տեսաւ Վրէժ-Արմէնի այս նոր առցանց հատորը, որ կը բովանդակէ գրողին ճարտարապետական յուշերը` աւելի քան 60 տարուան ասպարէզի մը ճամբով: Հատորը կը բաղկանայ 115 էջերէ, ունի ներածական մը, 32 գլուխներ եւ յաւելուած մը` երկու յօդուածներով: Բազմաթիւ լուսանկարներ կ՛ընկերանան գրութիւններուն:

«Ներածական»-ին մէջ հեղինակը կը գրէ. «Պէտք է խոստովանիլ, որ եթէ ունեցած գրական սէրերս ու հակումներս անպայման իրենց դերը ունեցած են նաե՛ւ ճարտարապետի կենսագործունէութեանս մէջ, միւս կողմէ` մասնագիտական ուսումս անկասկած իր դերը ունեցած է իմ մտքի կազմաւորման, հարցերու մօտենալու եղանակներուս եւ ընդհանրապէս մտածելակերպիս վրայ, ինչպէս նաեւ` դիտելու ունակութիւններուս վրայ: Ըսեմ, որ պիտի ջանամ նուազագոյնը մտնել շատ մասնագիտական, գիտարուեստական բացատրութիւններու մէջ` պահելով որքան կարելի է պարզ, բոլորին հասկնալի լեզու մը»:

Յուշերը կը վերաբերին աւելի շատ մարդկային յարաբերութիւններուն, քան թէ` զանազան ճարտարապետական ծրագրերու գործադրութեան մանրամասնութիւններուն, որոնք միայն ուրիշ ճարտարապետներ կրնային հետաքրքրել: Մարդկային յարաբերութիւնները առաւել կամ նուազ չափով նոյնն են բոլոր ասպարէզներուն մէջ, մանաւանդ անոնց, ուր կան մասնագէտ-հանրութիւն կապ մը, ուր որոշիչ դեր կը խաղան ոչ միայն գիտական տուեալներ, այլեւ` ընկերային, մշակութային, տնտեսական ու այլ բազում ազդակներ: Բայց առաջին հերթին գործի մը մէջ կայ ի հարկէ ներքին յարաբերութիւններու ամբողջ ցանց մը: «Զանգուածային շինութիւնները եւ մարդկային սերտ կապերը» գլուխին մէջ հեղինակը կը նշէ. «Եկէք` ընդունինք, թէ որքան ալ մեծ ծրագիրներու վրայ աշխատիս, որքան ալ աւելի ու աւելի ծանր պատասխանատուութիւններ վերցնես, այնքան կը բազմազանուին ու կը բարդանան մարդկային յարաբերութիւնները, եւ յաջողութիւնդ կախում կ՛ունենայ ոչ միայն մասնագիտական հմտութենէդ ու փորձառութենէդ, այլեւ ու մանաւանդ` գործակիցներուդ, գերադասներուդ թէ ստորադասներուդ հետ այդ մարդկային յարաբերութիւններու հեզասահութենէն, պատշաճութենէն, ջերմութենէն»: Այս առնչութեամբ բազմաթիւ դրուագներու պիտի հանդիպինք այս գիրքին մէջ:

Հետաքրքրական է այս ճարտարապետին մօտեցումը, երբ իրմէ կ՛ակնկալուի հայկական եկեղեցիի մը յօրինումը: «Հայկական ոճի հարցը զինք հետաքրքրած ու մտահոգած է կանուխէն: «Ոգին նախքան ձեւը» վերնագրուած գլուխին մէջ ան դիտել կու տայ. «Այն ատեն յստակ կեցուածք որդեգրած էի, որ յատուկ, ինքնուրոյն կեցուածք մը չէր, այլ` ոեւէ պատասխանատու ճարտարապետի մօտեցում: Այսինքն համոզուած էի, որ կարելի չէ արտաքին ձեւերու որդեգրումով ազգային ոճ վերարտադրել: Շէնքի մը ոճը կը բխի տարբեր ազդակներէ, առնչուած է` ժամանակին, վայրին, գործածութեան, առկայ շինանիւթերուն ու կառուցային միջոցներուն եւ այլն»: Ան կը մէջբերէ Արծուին Գրիգորեանի տեսակէտը այս մասին, տեսակէտ, որ իր ազդեցութիւնը ունեցած է իր ալ վրայ, ապա կը յիշէ դանիացի ճարտարապետ Պեոռն Եորկընսընի ըսածը այս մասին. «Հայկական եկեղեցական ճարտարապետութեան զարգացումը հայերուն համար շարունակական որոնում մըն է եղած` ծիսակատարութիւնը ձեւաւորելու ճարտարապետական վիճակով մը: Այսինքն անոնք լոյսին մուտքը տարածութեան մէջ սահմանած են սղագրական եւ շատ ճշգրիտ ձեւով` քարի ճարտար գործածումին մէջ խտացած: Հիմնականին մէջ միայն քարն է եւ լոյսը: Երկիր ու երկինք…»: Վրէժ-Արմէն կ՛աւելցնէ, որ այս բոլորը ինք պարտաւոր էր հասկցնել իր յաճախորդներուն` շինութեան յանձնախումբի անդամներուն, երբ կը ստանձնէր հայ կաթողիկէ Նարեկայ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ ծրագիրը:

«Յաւելուած»-ով հեղինակը գլխաւորաբար կը պատմէ իր ասպարէզին հայկական առնչութիւնը, յատկապէս` անուանի ու նուազ անուանի բազմաթիւ հայ ճարտարապետներու հետ հանդիպումներն ու ծանօթացումները:

Այս հատորը Վրէժ-Արմէն ձօնած է իր հօր` Երուանդ Արթինեանի յիշատակին, ինչպէս նաեւ իր ուսուցչին` Շահան Բագրատունիին, որոնց յորդորով էր, որ ինք այս ասպարէզը որդեգրած է: «Ճարտարապետ ըլլալու իրենց բաղձանքը ի՛մ ճամբով իրականացաւ…», կ՛ըսէ ան:

Դարձեալ, հեղինակին այս ու անոր նախորդած 12 առցանց հատորները մատչելի են ընթերցողին այստեղ` https://hayerenblog.wordpress.com/ Գիրքեր: Հոն կարելի է կարդալ նաեւ հեղինակի նամականիէն մաս մը Անտիպ բաժինին մէջ:

Նախորդը

Հայ Եկեղեցին Եւ Տիեզերական Գ. Ժողովը (Եփեսոս)

Յաջորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Ձեւական Ժողովրդավարութիւնը Որո՞ւ Կը Ծառայէ

RelatedPosts

Դպրեվանեան Ոգին.  Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ
Անդրադարձ

Դպրեվանեան Ոգին. Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Փաշինեանը Փոխելու Շարժումը Չի Մարիր,  Այլ Նոր Թափ Կը Ստանայ
Անդրադարձ

Արդեօք Հայաստանի Ժողովուրդը Վերջապէս Պիտի Արթննա՞յ, Երբ Փաշինեանը Հրամայէ Ձերբակալել Կաթողիկոսը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Մամուլը Ե՞րբ Իր Կոչումը Կը Վսեմացնէ Եւ Ե՞րբ Զայն Կը Նսեմացնէ (Հայ Մշակոյթի Ամսուան Առթիւ)

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?