Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Նոյնիսկ Նպաստը Տոլարով Կ՛ուզուի (Խաժակին)
ՍԻՄՈՆ ԿՈՍՏԱՆԴԻՆԵԱՆ Տոլա՛ր, ա՜խ տոլար, օրուան նիւթն ես մեր, Շուկան գնումի ծախսերու ատեն: Գրպաններու մէջ կամ բարձերու տակ, Ապահով տեղեր քեզ կը պահեն գաղտ: Դրամատուներու մէջէն փախցուցին, Քեզ տարին երկիրներ անմերձենալի: Բոլորին համար դուն եղար հերոս, Միջնորդ, դաւաճան, յոյսերու փարոս: Վաճառականը, աշխուժ պաշտօնեան, Սրիլանքացի հնազանդ ծառան Միայն քեզ կ՛ուզեն գանձել, շօշափել, Բիւր շոյանքներով սիրել, ճանչնալ քեզ, Բայց չէի գիտեր նոյնիսկ...


















